Տորթմունտ Կը Ծրագրէ Բարձրացնել Մխիթարեանի Աշխատավարձը Եւ Հրաժարագինը


11415_heno-0Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին լուրեր տարածուած են, թէ Եուվենթուս ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ կը փորձէ անկարելին ընել իր կազմին մէջ տեսնելու համար Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:

Գերմանական մամուլին համաձայն, գերմանական ակումբը չ՛ուզեր կրկնել անցեալի իր սխալները, երբ Մարքօ Ռոյսի պայմանագիրին մէջ հրաժարագին սահմանած էր 25 միլիոն եւրօ:

Կը հաղորուի, որ Տորթմունտ, կը ծրագրէ երկարաձգել Մխիթարեանի հետ իր ստորագրած պայմանագիրը` բարձրացնելով անոր համար սահմանուած հրաժարագինը եւ աշխատավարձը:

ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ հայ ֆութպոլիստը ինքզինք լաւ կը զգայ Տորթմունտի հետ եւ ակումբին համակիրներուն կողմէ ամէնէն աւելի սիրուածներէն է:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.