Նոր Կառավարութեան Ծրագիրով 3 Տարուան Ընթացքին Աղքատութիւնը Պիտի Նուազի 10 Տոկոսով
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– 19 Մայիսին Հայաստանի կառավարութիւնը իր արտակարգ նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տուաւ նորակազմ կառավարութեան ներկայացուցած 82 էջնոց ծրագիրին, որ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին՝ առ ի քննարկում։
\n Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացնելով նոր ծրագիրը, ըսած է, որ՝ «դրա իրականացմամբ 2014-2017 թուականների ընթացքում նպատակադրում է զարգացած երկրների համեմատ տնտեսական աճի առաջանցիկ տեմպերի ապահովում Համախառն ներքին արտադրութեան միջնաժամկէտ 5 տոկոս աճի միջոցով, նուազագոյն աշխատավարձի աստիճանական բարձրացում մինչեւ 65 հազար դրամի (շուրջ 157 տոլար) եւ աղքատութեան կրճատման ապահովում 10 տոկոսային կէտով»:
\n Ծրագիրին հիմնական հատուածները կը վերաբերին արդարացի վարձատրութիւն ապահովող աշխատավարձերու ստեղծման, ուր էական եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի գործարար եւ ներդրումային միջավայրը. առանձնակի ուշադրութեան առարկայ պիտի ըլլան գիւղատնտեսութիւնը եւ գիւղը, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման քաղաքականութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին աջակցութեան խորացումը, զբօսաշրջութիւնը եւ կարգ մը այլ ուղղութիւններ:
\n «Տարբեր ծրագրեր են իրականացուելու նաեւ պետական կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, հարկային եւ մաքսային համակարգերի զարգացման, մրցակցութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Կառավարութիւնն իր գործունէութեան մէջ հաշուի է առնելու նաեւ Մաքսային միութեան գործընթացների հանգամանքը», ըսած է փոխվարչապետը:
\n Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ըսած է, որ կառավարութեան նոր ծրագիրը կազմելու ատեն նկատի առնուած են Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու, նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու կարծիքները, որոնք առաւելագոյնս ընդգրկուած են փաստաթուղթի նախագիծին մէջ:
\n Շաբաթ օր Ազգային ժողովի չորս ոչ իշխանական ուժերը գումարած էին փակ հանդիպում մը, որմէ ետք Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան լրագրողներուն հետ զրուցելով ըսած էր, որ չորս ուժերու տեսակէտները բաւականին մօտ են, եւ քուէարկութեան օրը պիտի ունենան միասնական դիրքորոշում: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած։
\n Նախապէս «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանէն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան ունեցած էր հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ըսած էր. «Կայ նոր վարչապետ, նոր կառավարութիւն: Տեսնենք՝ ի՛նչ ծրագրեր են բերում, որքանո՛վ են նրանց քայլերը համապատասխանում իրենց ծրագրերին եւ խոստումներին, տեսնենք՝ ի՛նչ են անում, որ ժողովրդի կենսամակարդակը բարձրանայ: Կան խնդիրներ, որոնք կարելի է մէկ-երկու ամսում լուծել, տեսնենք՝կը գնա՞ն դրան, թէ՞ ոչ: Չի՞ փոխուի իրավիճակը, մարդկանց կեանքի չի՞ լաւանայ, ժողովրդի դժգոհութիւնը մե՞ծ կը լինի՝ ուրեմն երկրում շատ աւելի լուրջ փոփոխութիւններ են պէտք: Նոր կառավարութիւնը ընդունուած է: Չգիտեմ՝ 100 օր տալ, 200 օր տալ, սա փորձաշրջան է, բայց փորձաշրջան է ոչ միայն կառավարութեան, այլեւ շատ-շատերի, եթէ կուզէք բոլորիս համար»։
\n «Կովկաս» հիմնարկի փոխտնօրէն, քաղաքագէտ Սերգէյ Մինասեանը չի կարծեր, թէ մօտիկ ապագային ընդդիմութիւնը որեւէ լուրջ բան կրնայ ընել քաղաքական դաշտին մէջ, քանի որ, ըստ քաղաքագէտին, առկայ կառավարութիւնը մեծ մասամբ ընդդիմութեան թուլութեան պատճառով է:
\n «Այն, որ մենք ունենք այս վարչապետին եւ այս նախարարներին, նշանակում է, որ իշխանութիւնները լուրջ ուշադրութիւն չեն դարձնում եւ չեն դարձնի ընդդիմութեանը, մինչեւ նոր իշխանութիւնը հասարակութեան մէջ լարուածութեան այն աստիճանը կը ստեղծի, ինչպէս դրա նախորդը: Եթէ ներքին կամ արտաքին ֆորսմաժորային իրավիճակ չլինի, ապա մինչեւ աշուն, չեմ կարծում, թէ որեւէ հետաքրքիր զարգացում ունենանք», «Արմինիա Նաու»ին ըսած է Մինասեան:
\n \n