ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Մանուէլ Գրիգորեանի հարցը կը նկատէ «Խայտառակութիւն եւ ամօթ»
- (0)

«Եթէ այս ամէնը հաստատուեցաւ, խայտառակութիւն է ու ամօթ». ԱԺ ճեպազրոյցներու ժամանակ յայտարարեց ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով ԱԺ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի տան ԱԱԾ խուզարկութեան:
«Այս այն դէպքն է, որ մարդ իր աչքի տեսածին չի կրնար հաւատալ: Եթէ այս ամէնը այնպէս է, ինչպէս տեսանք, ապա մեկնաբանութեան կարիք ալ չունի: Ես աւելի մեծ վտանգներ կը տեսնեմ. ատրպէյճանական համայնքը ինչպիսի՞ հրճուանքի մէջ կը յայտնուի եւ կը փորձէ այս մէկը օգտագործել: Մանուէլ Գրիգորեանը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Արցախեան ազատամարտին, ազատագրած է տարածքներ: Այս հարցը ինչպէ՞ս պէտք է ներկայացնեն անոնք, Արցախի հերոս է, ինչպէ՞ս պէտք է փորձեն վարկաբեկել` այս է իմ ամենամեծ ցաւը: Այս ամէն ինչը ինչպէ՞ս պէտք է կարենանք մարսել», ըսաւ ան:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ առաջին հերթին կատարողները պէտք է պատասխան տան երեխաներուն: «Ինչո՞ւ այդ նամակները կը գտնուին այդտեղ, տրամաբանական բացատրութիւն չի կրնար ըլլալ այս ամէնուն: Ցաւ կ՚ապրիմ: Ապշած, ցնցուած ըսելը շատ քիչ է», աւելցուց ան:
Պատգամաւորին խօսքով՝ զգացմունքային մասը զանց առած, օրինականութիւնը պէտք է պահպանուի: «Մենք հետամուտ ըլլալու ենք, որ ամէն ինչ կատարուի օրէնքի տառին համապատասխան: Նիւթերը աւելի խոր կ’ուսումնասիրենք, այս պահուն անձեռնմխելիութիւն կայ, կայ նաեւ անմեղութեան կանխավարկած: Այս ամէնը նկատի ունենալու ենք: Այս մէկը շատ մեծ հարուած էր մեր ունեցած համատեղ գործունէութեան, յարաբերութիւններուն: Ես կը կարծեմ, որ պէտք է կարենանք այնպէս վարուիլ, որ թշնամիներու կողմէ այս ամէնը չփորձուի ներկայացուիլ իրենց օգտին», յայտարարեց ան:
Ռուստամեան շեշտեց, որ տարիներ շարունակ անձեռնմխելի անձինք անձեռմխելի տարածքներ ստեղծեր են, ուր ոչ ոք յաջողած է մուտք գործել: «Այս փոփոխութիւններուն համար ուրախ եմ, ոեւէ մէկը չի կրնար այլեւս թաքնուիլ ժողովուրդէն», ըսաւ ան:
Բացի այդ` պատգամաւորը ընդգծեց, որ իրենք փակ հանդիպումներու ժամանակ բարձրաձայներ են բանակի սնունդի ու հագուստի հետ կապուած հարցեր: «Գացած ենք առաջնագիծ, տեսած ենք սնունդը. այդ սնունդը կը բանային ու կու տային շուներուն, շուները նոյնիսկ չէին ուտեր զանոնք: մակնիշները բերած էինք ու այստեղ ներկայացուցինք: Յարգելով այդ փակ հանդիպման կոնտեքստը՝ բոլոր մանրամասնութիւնները չեմ ուզեր ըսել, առիթ ունեցեր ենք խօսելու, խօսակցութիւնը հասած է բանակին մէջ հագուստի, սնունդի եւ այլ պայմաններու մասին: Այս ամէնը բարձրաձայնուած է, անկէ ետք փոփոխութիւններ եղան, բայց երբ այս ամէնը կը տեսնես… Ճիշդ կ’ըլլայ, որ այս ամէնը տեղը դնելու գործընթացը իր վերջնական նպատակին հասնի», նշեց ան:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ Մանուէլ Գրիգորեանը պէ՞տք է զրկել Արցախի հերոսի կոչումէն, Ռուստամեան ըսաւ, թէ մարդիկ ինչ որ կատարեր են անցեալին, անոնց գնահատականը պէտք է ստանան անցեալին, ինչ կը կատարեն ներկայիս, գնահատականը պէտք է ստանան ներկայիս: «Պէտք չէ ամէն ինչ խառնել իրար, մենք նոյնպէս ունեցած ենք ազգային հերոսներ, որոնք յայտնուած են ճաղերու ետեւ: Մենք, ի հարկէ, պէտք է իրերը իրենց անուններով կոչենք եւ ամէն ինչ չծայրայեղացնենք», ըսաւ ան: