Եւրոպայի Ախոյեան Գեւորիկ Պօղոսեան 10 Տարիով Որակազրկուեցաւ


010915gevorik_poghosyanՌուսիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը որոշում տուաւ արգիլուած խթանիչներ օգտագործելու համար 10 տարիով որակազրկելու Գեւորիկ Պօղոսեանը, երէկ յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` վկայակոչելով Ռուսիոյ հակախթանիչ գործակալութեան պաշտօնական կայքին հրապարակած լուրը:

Պօղոսեան 2010-ին Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան, ապա սկսած էր հանդէս գալ Ռուսիոյ դրօշին տակ:

Նշենք, որ 30 տարեկան ծանրաբարձը, երկրորդ անգամ ըլլալով կը որակազրկուի:

Անոր այս կախակայումը կը սկսի 8 սեպտեմբեր 2014-էն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.