Մխիթարեան Չ՛ուզեր Հեռանալ Տորթմունտէն
1204
0
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Եուվենթուսի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:
Սակայն գլխաւոր խոչընդոտը այն է, որ Մխիթարեան չ՛ուզեր լքել իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը:
Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի պատասխանատուները նաեւ աշխատանք կը տանին եւ կը փորձեն համոզել հայ ֆութպոլիստը, ապա կ՛ուզեն բանակցութիւններու սկսիլ գերմանական ակումբին հետ:
Եուվենթուս, որ իր կազմին կ՛ուզէ միացնել Մխիթարեանը, առաջնահերթ նպատակ ունի այդ ձեւով լուծելու իր փլէյմէյքըրի հարցը:
Նշենք, որ ներկայիս Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ Սպանիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ: