«Ես այնքան ալ լաւատես չեմ տարելիցին ընդառաջ», Հասան ճեմալ
Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճեմալ Փաշայի թոռնիկի` Հասան ճեմալի հետ այսօր «Սիւիլիթաս» հիմնադրամը կազմակերպած է հանդիպում, որուն ընթացքին թուրք գրողը ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր «1915-Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Լրագրող, գրող, հրապարակախօս, տասներկու գիրքի հեղինակ Հասան Ճեմալ նախ ընդգծած է, որ իրեն Հայաստան բերած է իր սիրելի Հրանդ Տինքի ցաւը եւ անոր ցաւերը, որոնցմէ գլխաւորը Ցեղասպանութեան ցաւն է:
«Սիրելի Հրանդ եղբօրս ցաւը պատճառ դարձաւ, որ ես գրեմ այս գիրքը: Սիրելի եղբայրս կեանքով վճարեց, ան մահացու հարուած հասցուց քարացած դապուներուն: Ան կրցաւ Ցեղասպանութեան ցաւը մէկ անգամ եւս զգացնել տալ մեզի: Ան օգնեց հասկնալ այդ ցաւերը եւ կիսել: Ան ազատ արձակեց իմ գերի ինկած միտքը եւ մէկ անգամ եւս օգնեց ըմբռնելու, որ իւրաքանչիւր տեսակի ազգայնամոլութիւն խաղաղութեան խախտում է»,- ըսած է հեղինակը:
Անոր խօսքով` մարդկութեան ամենամեծ սխալներէն է պատմութենէն վախնալը, այդպիսի ծիծաղելի վախը շատ տարածուած է իր երկրին մէջ` Թուրքիոյ:
«Եկէք պատմութեան պատճառով չթշնամանանք իրարու հետ: Պատմութիւնն ալ, կեանքն ալ ժամանակ առ ժամանակ շատ դաժան են: Հրանդ եղբայրս մոմ մը վառեց, հիմա հերթը մերն է, պէտք չէ կառչինք մահերէն այլ կառչինք կեանքէն»,- ըսած է ան,- «Ես եկած եմ այստեղ` կիսելու Ցեղասպանութեան պատճառով ձեր կրած ցաւերը»:
Թուրք գրողի հետ զրոյցը վարած է Ցեղասպանութիւն վերապրած սերունդի ժառանգորդ, Գանատայէն Հայաստան մշտական բնակութեան եկած Մարիա Թիթիզեանը:
«Շատ յօդուածներու մէջ դուք կը խօսիք, որ հնարաւոր չէ փախչիլ պատմութենէն: Մենք այդ յիշողութեան դերը շատ լաւ հասկցած ենք: Ես ծնած եմ Պէյրութ, մեծցած, կրթութիւն ստացած Գանատայի մէջ եւ որքան ես մեծ սէր ունիմ այս փոքր Հանրապետութեան նկատմամբ, բայց եւ այնպէս, ես ինծի կը զգամ անհայրենիք: Որքան կը փափաքիմ պատկանիլ այս հայրենիքին, չեմ կրնար»,- ըսած է ան եւ հարց ուղղած բանախօսին,- «Այս գեղեցիկ գիրքը շատ յանդուգն քայլ էր ձեր կողմէ: Ի՞նչը ձեզի բերաւ ու հասցուց այս գիրքին»:
Ի պատասխան` հեղինակը նշած է, որ առանց այդ ցաւը գիտակցելու, հնարաւոր չէ բնական պատմութիւն կերտել. «Իմ ընտանեկան պատմութիւնը մէկ կողմ ձգենք, Ճեմալ Փաշան ալ մէկ կողմ ձգենք. ես գրեցի այս գիրքը, քանի որ, իբրեւ մտածող մարդ, ես սկսայ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը դնել կասկածանքի տակ: Ես ունէի կասկածներ եւ հասկցայ, որ ատիկա կեղծ պատմութիւն է: Երբ հարց տաք, թէ ինչ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ես պիտի ըսեմ, որ անոր հիմքին մէջ կայ թրքական ազգայնամոլութիւնը: Ես պարտք ունիմ Հրանդին, եւ ասիկա այդ պարտքն է: Իր յիշողութեան տէր կը կանգնիմ, որովհետեւ թուրքերու եւ հայերու միջեւ երկխօսութեան ալիքները պէտք է բացուին: Այնտեղ ես եւս պէտք է ներկայացուած ըլլամ, եւ ատիկա իմ պարտքն է»:
Հասան Ճեմալ նաեւ ըսած է, որ այնքան պատեր կան հայերու եւ թուրքերու միջեւ, եւ այդ բոլոր պատերը պէտք է վերացնել. «Պատճառներ կան, որ ստեղծուած են այս ցաւերը: Մենք այսօր պէտք է փորձենք մեր ուղեղին մէջ այս պատերը ոչնչացնել: Այս տիպի ծրագիրները պիտի շատնան, եւ պետութեան վրայ ալ ազդեցութիւն ունենան»:
Հարց հնչած է նաեւ, թէ ինչ ակնկալիք կարելի է ունենալ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, որուն Հասան Ճեմալ պատասխանած է. «Չորս ու կէս ամիս մնացած է: Չեմ գիտեր, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը ինչ պիտի ընէ: Հիմա ես ալ հեռու քաշուած եմ եւ կ’ուզեմ հեռուէն նայիլ այդ պետական շրջանակներուն: Այն ցաւակցական ուղերձը, որ անցեալ տարի Էրտողանը հնչեցուց, ես ըսի, որ կարեւոր կը համարեմ այդ յայտարարութիւնը, ատիկա առաջինն էր Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Բայց ես դեռ կը զգամ, որ ժառանգական ազգայնականութիւնը դեռ դուրս չէ եկած անոնց միջէն: Ես այնքան ալ լաւատես չեմ տարելիցին ընդառաջ»: