Միացեալ նահանգներու դեսպանը հանդիպեցաւ Արամ. Ա. վեհափառին
1001
0
Միացեալ նահանգներու դեսպանը հանդիպեցաւ Արամ. Ա. վեհափառին –
Յունուար 8-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը:
Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այդ առիթով տեղի ունենալիք յառաջիկայ ծրագիրները: