Թուրք գրագէտ Օսման Քոքէր կը վերահրատարակէ Մուսա Լերան մասին գիրքը

\n

\n

Յայտնի թուրք լրագրող ու հրատարակիչ Օսման Քօքերը հրատարակած է “Անթաքիա, Իսքենտէրուն, Մուսա-Տաղ” գիրքը նոր խմբագրութեամբ: Անիկա կը պատմէ լերան հերոսական պաշտպանութեան մասին, ներկայացուած են մինչեւ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին վերաբերող լուսանկարներ բացիկներու եւ փաստաթղթերու հաւաքածուներ Օռլանտօ Գառլօ Գոլումելոյի հաւաքածուէն: Այս մասին կը  գրէ Պոլսոյ “Ակօս” թերթը:

\n

Գիրքին մէջ ներկայացուած են եզակի լուսանկարներ Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի եւ Մուսա Լեռան ստորոտի գիւղերու հայերու կեանքին մասին:

\n

Օսման Քօքեր կը բերէ Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները, մասնաւորապէս` Մարաշի բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ Տիգրան Անդրէասեանի վկայութիւնը, որ մանրամասն կը նկարագրէ լերան պաշտպանութիւնը:

\n

1915-ի Սեպտեմբեր 14-ին 4058 հայ երկօրեայ նաւարկութենէ յետոյ հասաւ Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ: Անոնց ժամանակաւորապէս թոյլ տուին մնալ ճամբարի մէջ, մինչեւ որ ապաստան գտնեն: 1921-ին ոմանք վերադարձան Ալեքսանտրէթ, որ ֆրանսական իրաւագիրի տակ էր, սակայն ֆրանսացիներու հեռանալուն պէս նոյնպէս հեռացան: 1939-էն ի վեր անոնք կ’ապրին Հաթայ գաւառի Թուրքիոյ միակ Վագըֆ հայկական գիւղին մէջ:

\n

Առաջին անգամ Քօքերը ուշադրութեան արժանացաւ Պոլսոյ մէջ իր աննախադէպ “Սիրելի եղբօրս” ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուեցան հաւաքածուներ Գալումենոյի լուսանկարները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերու կեանքի մասին մինչեւ 1915 թուականը:

\n

Ցուցահանդէսը ցուցադրուած է Փարիզի, Միւնիխի, Քէոլնի, Ֆրանքֆորտի ու Երեւանի մէջ: Քօքեր նաեւ “Հայերը Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ” գիրքին հեղինակն է, որուն հարիւրաւոր լուսանկարները կը պատմեն, թէ ուր եւ ինչպէս ապրած են հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ Ցեղասպանութիւնը:

\n

1996-ին Քօքեր մասնակցած է Agos եւ Araz հայ-թրքական օրաթերթերու հրատարակչութեան ստեղծման, որտեղ նաեւ տպագրուած են հայերէն գիրքեր, թարգմանուած թրքերէնէ հայերէն:

\n

Օսման Քօքերը կայսրութեան սուլթաններու յայտնի ճարտարապետ, ծագումով հայ Սինանի ընտանիքէն է:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.