Վաւերագրական ժապաւէն իսլամացած հայերու մասին. «Խախտելով Լռութեան Ժառանգութիւնը»
- (0)

Տոկուքան Չոլաք
Արամ Արարարտեան «Մետիամաքս» կայքին վրայ կը գրէ, որ վերջին շրջանին իսլամացած հայերու թեման Թուրքիոյ մէջ աւելի ու աւելի մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Երկրին մէջ կ’ապրին հազարաւոր մարդիկ, որոնք չեն գիտեր կամ նոր տեղակացած են իրենց հայկական ծագումին մասին։
«Թուրքիա.լռութեան ժառանգութիւնը» (Turkey, the Legacy of Silence) վաւերագրական շարժանկարը կը պատմէ ճիշդ այդ մարդոց մասին։ Շարժանկարի հեղինակներն են ֆրանսացի լրագրողներ, փաստավաւերագրողներ Աննա Պենճամինը եւ Կիյոմ Քլերը։
Աննան «Մետիամաքս»-ի պատմած է, որ հայ է. անոր նախահայրերը փրկուած են Ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Ֆրանսայի մէջ, բայց երբեւիցէ իրեն այդ մասին չեն պատմած։ Երկարամեայ լռութենէ ետք, իմանալով ճշմարտութիւնը՝ Աննան իր համախոհերուն հետ որոշած է պատմել աշխարհին այդ պատմութիւններու մասին։
Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու աւանդը վերականգնելու ցանկութեամբ՝ անոնք մշակած են վաւերագրական շարժանկարի նախագիծ մը, զորս կը պատրաստուին ցուցադրելու ֆրանսական պատկերասփիւռէն եւ համացանցի միջոցով։
Շարժանկարը կը պատմէ չորս անձերու մասին, որոնք իրենց հասուն տարիքին նոր կը տեղեկանան, որ հայ են եւ այդ իրողութիւնը հիմնովին կը փոխէ չորսին կեանքը։
Առաջին հերոսը թուրք ռոք երաժիշտ Եաշար Քուրթն է։ 2007-ին՝ 39 տարեկան հասակին, ան հօրմէն կը տեղականայ, որ ոչ թէ թուրք է, այլ՝ հայ։ Եաշար կը սկսի ուսումնասիրել հայոց լեզուն եւ կը խոստովանի, որ այդ ճամբան դիւրին չէ եղած.
«Երբ կապուեցանք անոր հետ՝ հանդիպումը կազմակերպելու համար, ան մեզ հրաւիրեց Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան սարերուն մէջ գտնուող գիւղ մը՝ Պոլիսէն չորս հազար քիլոմեթր հեռու՝ ըսելով, որ ատիկա իր նախահայրերուն գիւղն է։ Մինչ այդ, ան որեւէ տեղեկութիւն չունէր, որ իր նախահայրերէն մէկը Իսմայիլ անունով, վանեցի էր։ Եաշարի հետ մենք ճամբորդեցինք դէպի Վան, որ ներկայացուած է շարժանկարին մէջ», կը պատմէ Կիյոմ։
Շարժանկարի միւս հերոսը՝ Տիարպեքիրի մէջ բնակող 54-ամեայ Արմէն Տեմիրճեանն է։ Ան կ՚աշխատի Տիարպեքիրի հայկական Ս.Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Անոր հօրը՝ Յակոբին, Ցեղասպանութեան ժամանակ չորս տարեկան հասակին, կը փրկէ քիւրտ ընտանիք մը եւ կ’իսլամացնէ։ Արմէնը իր հայ ըլլալու մասին կը տեղականայ միայն 25 տարեկանին, սակայն երկար տարիներ այդ մէկը գաղտնի կը պահէ։ Միայն հօր մահէն ետք ան կը սկսի բացայայտօրէն յայտարարել, որ հայ է, եւ իր ընտանիքի անդամներու մեծ մասը սպաննուած է 1915 թուականին։ Արմէնի համար հայ ըլլալը առաջին հերթին կը նշանակէ սորվիլ լեզուն։ Ան ներգրաւուած է նաեւ «Ակօս» թերթի տարածման գործին մէջ։
Արմէնը իսլամ է, սակայն միաժամանակ կը հսկէ Տիարպեքիրի մէջ քանի մը տարի առաջ վերակառուցուած Ս. Կիրակոս եկեղեցիին։ Այստեղ կու գան հայեր կամ հայկական ծագում ունեցող թուրքեր։ Եկեղեցին այդպիսով կը միաւորէ հայերու մէկ փոքր համայնքը։ Արմէնը կը դիմաւորէ իւրաքանչիւր այցելուի՝ յոյսը չկորսնցնելով, որ կրնայ իր նախահայրերու մասին աւելի շատ տեղեկութիւն ստանալ։ «Այստեղ ես հայ եմ», կ’ըսէ ան։

Նազլի Պալ
Նազլի Պալ 36 տարեկան է։ Ծնած է Տերսիմի մէկ փոքր գիւղին մէջ եւ իր հայ ըլլալու մասին տեղեկացած է 16 տարեկանին։ Երկար ժամանակ ան պայքարած է, որ իր 7-ամեայ որդին կարողանայ հայկական դպրոց յաճախել եւ դատ բացած է իշխանութիւններու արգելքին համար։ Թրքական օրէնքներու համաձայն, հայկական դպրոց կրնան յաճախել միայն հայերը, իսկ Նազլին իր ծագումը հաստատող որեւէ փաստաթուղթ չէ ունեցած։ Հիմա ան հայերէն գրել ու կարդալ կը սորվի՝ որդիին հետ։
«Մեր բոլոր հերոսները կը խոստովանին, որ շատ դժուարութիւններ ունեցած են իրենց իսկական ինքնութեան բացայայտումէն ետք։ Հերսոներէն մէկուն մայրը անընդհատ կ’ըսէր անոր, որ կը վախնայ սպանուելէն, սակայն երբէք չէր նշէր այդ վախի պատճառները։ Մեր հերոսները երբեմն լսած էին որոշ արտայայտութիւններ, խօսակցութիւններու հատուածներ։ Հերոսներէն մէկը՝ Տոկուքանը, անգամ մը պատահաբար լսած է, թէ ինչպէս մեծ մայրը ամանները լուացած ատեն կու լայ՝ անծանօթ լեզուով բառեր արտասանելով։ Անոր հարցուփորձին մեծ մայրը ոչինչ կը պատասխանէ, եւ շատ տարիներ ետք միայն Տոկուքանը հասկցած է, որ մեծ մայրը հայերէն կը խօսէր», կը պատմէ Աննա։
22-ամեայ Տոկուքան Չոլաք խորհրդանշական որոշում առած է եւ քրիստոնէութիւն ընդունած։ Ան մկրտուած է՝ անուանակոչուելով Սեւակ՝ ի պատիւ հայ զինուոր Սեւակ Շահինի, որ 2011 ապրիլ 24-ին սպաննուած էր թրքական բանակին մէջ թուրք զինուորի մը կողմէ։
Շարժանկարի հեղինակները հանդիպած են նաեւ անձերու, որոնք խոստովանած են, որ հայ են, սակայն չեն ուզած խօսիլ այդ մասին, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ որոշակի խնդիրներ յառաջացնել աշխատանքի կամ ընկերներու հետ շփման հարցին մէջ։
«Տիարպեքիրի մէջ մենք հանդիպեցանք հայ փրոֆեսէօրի։ Մեզի հետ խօսակցութեան ժամանակ ան սկսաւ լալ՝ ըսելով, որ ինք կը դասաւանդէ սեփական զաւկին եւ դասերու ժամանակ ստիպուած է ըսելու, որ Ցեղասպանութիւնը կատարուած է հայերու մեղքով։ Սակայն տան մէջ ան որդիին կը պատմէ ճշմարտութիւնը, այն ինչ որ իրականութեան մէջ տեղի ունեցած է», կը նշէ Աննան։
Ամէնէն բարդը ծագումով հայ պետական ծառայողներու, փրոֆեսէօրներու, ոստիկաններու եւ թրքական բանակի զինուորներու եւ սպաներու վիճակն է։ Անոնց համար ամէնէն դժուարը ճանչնալն է իրենց ինքնութիւնը։
Շարժանկարին մէջ իրենց մասնակութիւնը կը բերեն նաեւ հինգ պատմաբաններ եւ մտաւորականներ Թուրքիայէն եւ Ֆրանսայէն։ Անոնց շարքին է թուրք իրաւաբան եւ գրող Ֆեթհիյէ Չեթինը՝ աղմկայարոյց «Իմ մեծ մայրս» գիրքի հեղինակը։
Աննայի եւ Կիլոմի մտայղացմամբ՝ 52 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական շարժանկարը պէտք է ցուցադրուի ֆրանսական ալիքներու մէկէն, իսկ համացանցի վրայ պիտի տեղադրուի 5 առանձին դրուագ։
Ներկայիս անոնք դրամահաւաք կը կատարեն՝ աշխատանքը աւարտին հասցնելու նպատակով։ Ծրագիրը յաջողելու պարագային անոնք մտադիր են հասնիլ անոր, որ շարժանկարը ցուցադրուի Թուրքիոյ, Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ երկիրներու պատկերասրահներուն մէջ։ Համացանցային տարբերակը պիտի հրապարակուի ապրիլին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի նախաշեմին։ Աննա եւ Կիյոմ յոյս կը յայտնեն, որ ատիկա միայն սկիզբը պիտի ըլլայ։