Ծովակալ Ֆուռնէի Յուշերը Մուսալեռցիներու Փրկութեան Գործողութեան Մասին
- (0)

Ֆրանսական ծովուժի փոխ ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ 1920-ին լոյս տեսած իր «Ծովակալի մը պատերազմական յուշերը» խորագիրով յուշերուն մէջ երեք էջերէ բաղկացած գլուխ մը յատկացուցած է Մուսա Տաղի հայերու փրկութեան։
«Մուսա Լերան հայերու փրկութիւնը՝ Սեպտեմբեր 1915» խորագիրը կրող գլուխին մէջ ֆրանսացի ծովակալը կը գրէ, որ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն «Կիշէն» մարտանաւը, որուն հրամանատարը «Պրիսոն» պահակային մարտանաւի հրանատարն էր, կը շրջէր Անտիոքի հիւսիսային ծովափին մօտ, երբ ցամաքէն նշաններ կը նշմարէ։ Փոքր նաւ մը ծովափ կ՚ուղարկուի եւ տեղեակ կը դառնայ, որ Մուսա լերան բարձր վայրերուն մէջ պաշարուած հայերը թուրքերու կողմէ ջարդուելու վտանգ կը դիմագրաւեն։ Ֆուռնէ 6 Սեպտեմբերին տեղեակ պահուելով «Ժան Տ՛Արք» մարտանաւին վրայ, անմիջապէս դէպքի վայր կը մեկնի։ Հայերու ղեկավարներէն Փիեռ Տիմլաքեան կը բարձրանայ նաւ եւ կը խնդրէ, որ կիներն ու մանուկները հեռացուին՝ վստահեցնելով, որ կռուողները տակաւին վեց ամիս եւս կրնան թրքական ուժերուն դիմադրել, եթէ ֆրանսացիները իրենց աղ, վառօդ եւ փամբուշտ տրամադրեն։ Պաշի-պուզոքներու աւազակախումբեր պաշարած են լեռը եւ քիչ քիչ կը յառաջանան, կ՚առեւանգեն մանուկները, կիները եւ զանոնք երկրին խորերը կը տանին։ Այս ողբերգական տեղահանութեանց ահաւոր վայրագութիւններ կ՚ընկերակցին։
Ֆուռնէ Շուտով կը համոզուի, որ «այս խեղճերը պէտք է հեռացնել»։
«Ժամանակը կը սպառի, եւ իրենք՝ հայերը ինչ ալ ըսեն պէտք է բոլորնին հեռացնել», կը գրէ ան։ Կը մեկնի Ֆամակուսթա, Կիպրոս եւ այդտեղէն Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի բարձր յանձնակատարներէն կը խնդրէ Մուսա լերան ամբողջական բնաջնջումի վտանգը դիմագրաւող հայերուն ապաստան տալ։ Առաջին ֆրանսացի յանձնակատարը կը պատասխանէ, որ չի գիտէր զանոնք ուր տեղաւորել, իսկ երկրորդն կը պատասխանէ, թէ հարցը Լոնտոն պիտի փոխանցէ։ Կը հեռագրէ ծովուժի նախարարութեան զայն տեղեակ պահելու համար։ Նախքան այդտեղէն պատասխան առնելը կը ստանայ հրամանը երթալու Տարտանէլ՝ փոխարինելու համար փոխծովակալ Նիքոլը, որ առողջական պատճառներով Ֆրանսա վերադարձած է։ Ան կ՚ընդունի, սակայն կը նշէ, որ Մուտրոս պիտի մեկնի անմիջապէս, որ ֆրանսական ծովուժի երրորդ նաւախումբի հրամանատարութիւնը յանձնէ ծովակալ Տարիուսի։
10 Սեպտեմբերին կը հասնի Փոր Սայիտ եւ 12-ին ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Տարտանէլ, սակայն ծովակալ Տարիուսէն բաժնուելէ առաջ՝ վերջինիս հետ կ՚որոշէ Մուսա լերան հայերը տեղափոխել։ Իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր մարտանաւերը կ՚ուղարկուին Մուսա լեռ եւ 13 Սեպտեմբերին բոլոր հայերը բարձրացած կ՚ըլլան նաւերուն վրայ։ Գործողութիւնը կ՚անցնի առանց միջադէպի եւ դժուարութեան։ Ֆրանսացիք այն մտավախութիւնը ունեցած են, որ հակառակորդ կողմի սուզանաւ մը միջամտէ, այն սուզանաւը, որ 8 Սեպտեմբերին Ռոտոսի նաւահանգիստին մուտքին ընկղմած էր պահակային փոքր մարտանաւ «Էնտիէն»-ը։ Սուզանաւը չէ յայտնուած եւ 4080 հայերը հիւրընկալուած են նաւերուն վրայ։ Անոնց շարքին էին խանձարուրի մէջ եղող նորածիններ, որոնք ֆրանսացի նաւաստիներուն ձեռքէ ձեռք անցնելով նաւուն վրայ տեղաւորած են։ Նկատի ունենալով, որ մինչ այդ ո՛չ Լոնտոնէն, ո՛չ ալ այլ տեղէ որեւէ պատասխան եկած է՝ մարտանաւերը հրաման կը ստանան հայերը Փոր Սայիտ, Եգիպտոս փոխադրել՝ վստահ ըլլալով, որ հայերը այդտեղէն ետ պիտի չդարձնեն։՚
«Այս հարցը, որ ծովակալ Տարիուս եւ իր սպաները շատ լաւ գլուխ հանեցին, մեզ մղեց որոշ մտածումներու։ Երկար տարիներէ ի վեր վարժուած էինք հայերու գանգատը լսել, դատապարտել այս տարաբաղդ ցեղին պարբերական ջարդերը, քննադատել ջարդարարները։ Եւ ահաւասիկ 4000 հայեր, որոնք շատ հետաքրքրական են, որովհետեւ իրենց հայրենիքը պաշտպանեցին՝ փոխան իրենց բոլոր մնացեալ ազգակիցներուն նման ծանր վտանգի առջեւ գտնուելով կրաւորական կեցուածք որդեգրելու։ Անհրաժեշտ էր զանոնք ապահով վայր դնել եւ ժամանակ չկար կորսնցնելիք։ Կը հաւատայինք, որ ամէն ոք պիտի պահանջէր զանոնք հիւրըկնալելու պատիւը ունենալ, մարդասիրութիւն գործելու լաւ բաղդը ունենալ, գիրքերուն, թերթերուն կամ խորհրդաժողովերու մէջ եղողէն այլ ձեւով գթառատութիւն ցոյց տալու առիթը խլել։ Գործնականին մէջ եղածը կը տեսնենք՝ հարկ եղաւ անոնց ապաստանարանը բռնի կերպով գտնել, եւ չեմ յիշեր, որ որեւէ մէկէն այս հարցով շնորհակալութեան արտայայտութիւն ստացայ», կը գրէ ծովակալը։