Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 60/17րդ Ժողովը Աւարտեց իր Աշխատանքները

Գանատայի Հայոց Թեմի 60/17րդ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը գումարուեցաւ 4-5 Մայիս 2018-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմի բոլոր եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներն ու Ազգային Երեսփոխանները, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Գէյմպրիճէն, Վանգուվըրէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ տեղւոյն Թորոնթոյէն։ Ազգային Երեսփոխաններու կողքին հիւրաբար ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Պատգամաւորները եւ գործակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, սկսաւ իր օրակարգերու գործադրման Ուրբաթ կէսօրին, ուր դիւանի ատենապետներ ընտրուեցան տեարք Արմէն Կէտիկեան եւ Օհան Կիւրեղեան իսկ քարտուղարներ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան եւ Տիկին Տիրուկ Մանճիկեան։ Ժողովի առաջին օրակարգով ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրական պատգամը՝ ուղղուած Ժողովին։

Ժողովը քննարկեց Առաջնորդին, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան տարեկան միամեայ գործունէութիւնը։ Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ նաեւ Թեմիս ազգային եւ եկեղեցական բազմերես հարցերուն, ու յատկապէս՝ երիտասարդութեան մօտ Քրիստոնէական եւ Հայեցի դաստիարակութեան, Թեմիս յառաջիկայ 10-ամեայ գործունէութեան ծրագրի գործադրման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ վերջին տարիներու հայութեան թուաճին՝ Գանատայի տարածքին։

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ վերահաստատեց իր անվերապահ կապուածութիւնը Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան։ Անդրադարձաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին։

Ժողովը պաշտօնական նամակ յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Գանատայի Վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյին, Օնթարիոյ Նահանգապետ Գաթլին Ուինին եւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորիին։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւն։

2018-2019 տարեշրջանի Կրօնական Ժողովի կազմի անդամներն են.-
Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, ատենապետ (Թորոնթօ)
Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, ատենադպիր (Մոնթրէալ)
Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, խորհրդական (Լաւալ)

2018-2019 տարեշրջանի Ազգային Վարչութեան կազմի անդամներն են.-
Տիկին Ծովիկ Թերզեան, ատենապետ (Լաւալ)
Պրն. Յակոբ Պուլկարեան, ատենադպիր (Մոնթրէալ)
Պրն. Վարդավառ Փանոսեան, գանձապահ (Լաւալ)
Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, փոխ-ատենապետ (Թորոնթօ)
Պրն. Համբիկ Գարայեան, խորհրդական (Լաւալ)
Պրն. Մայք Թիթիզեան, խորհրդական (Գէյմպրիճ)
Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեան, խորհրդական (Թորոնթօ)
Պրն. Լեւոն Պէնկեան, խորհրդական (Մոնթրէալ)
Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան, խորհրդական (Վանգուվըր)

Ի դիմաց ՝
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին
Թորոնթօ, Օնթարիօ
5 Մայիս 2018

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.