ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Որպէսզի ապահովենք գալիք սերունդներու անվտանգութիւնը

Անցնող երկու տասնամեակներուն թրքական դիւանագիտութիւնը որդեգրած էր հայկական հարցն ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը ամէն գնով միջազգային քաղաքական բեմերէն դուրս մղելու մարտավարութիւն մը, որուն զուգահեռ ան լծուած էր Հայաստանի պետութեան միջազգային քաղաքական դերակատարութիւնը չէզոքացնելու ու նսեմացնելու առաքելութեան:

Նոյն ժամանակահատուածին, յատկապէս վերջին տասնամեակին, Արեւմուտքէն եւ Եւրոպայէն վարկանիշներ վաստկելու յստակ մտադրութեամբ, թրքական պետական գանձարկղի պիւտճէով վերանորոգուեցան Արեւմտահայաստանի հայութեան վերջին վկաները հանդիսացող մի քանի եկեղեցիներ ու վանքեր։

Ակնյայտօրէն քարոզչական նպատակներով կատարուող թրքական վերոնշեալ բարեսիրութեան ու ողորմածութեան կեղծիքի շերտերուն տակ թաղուած է ճշմարտութիւնը։ Պոլսոյ պատրիարքարանի վանական խորհիճրդի 1913-1914 տեղեկագրին համաձայն, 1915-ի նախօրեակին, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայ առաքելական եկեղեցիներէն գրանցուած է 2538-ը: Մերօրեայ դրութեամբ, Արեւմտահայաստանի տարածքներուն վրայ կանգուն կը մնայ այդ թիւին նուազ քան մէկ տոկոսը։

ժողովուրդի մը պատմութեան անքակտելիօրէն մաս կը կազմեն իր անմիջական բնօրրանին վրայ դարերով գոյութիւն ունեցող պատմաճարտարապետական կառոյցներն ու հոգեւոր կեդրոնները՝ որպէս ազգային մշակութային արժէքներ։ Թրքական պետութիւնը պէտք է հաշուեկշիռը տայ նաեւ տասնամեակներու ընթացիքն աւերուած, պղծուած, այլափախուած ու ձեւազեղծուած հազարաւոր պատմական կոթողներուն, կրթութեան օճախներուն, վանքերուն ու հոգեւոր մենաստաններուն։ ՚

Ինչո՞ւ վերը շեշտադրեցինք վերջին երկու տասնամեակները. որովհետեւ անցնող աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր պայքարը արդէն իր արդիւնաւէտ աւարտին հասած է, եւ թրքական դիւանագիտութիւնը լաւապէս ըմբռնելով այս կացութիւնը, լռելեայն կ՚որոնէ յաջորդ «առճակատման»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման դէմ քաղաքական եւ քարոզչական հակազդեցութեան միջոցները։

Անգարան հաշուարկները կատարած է հատուցման իրաւական գետնի չափորոշիչներուն, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը հանդիսացող բռնագրաւուած ու յափշտակուած հողային տարածքի հատուցման սահմանումը, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին բռնարարքներու պատճառով մարդկային կեանքի կորուստին դիմաց վնասուց փոխ հատուցումը եւ այլ տնտեսական կամ հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան վերաբերող իրաւական ենթահարցեր։

Այս բոլորը համալրելով կը յստականան հատուցման հիմնախնդրին ընդհանուր պարունակին մէջ մեր պահանջատիրութեան գլխաւոր եզրերը.

Ա.- Ցեղասպանութեան եւ պետականօրէն ծրագրուած ազգաբնաջնջման հետեւանքով հայ ժողովուրդի կրած ֆինանսական գոյքային կորուստները։

Բ.- Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովրդի կրած պատմամշակութային ու քաղաքակրթական կորուստները։

Գ.- Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի կրած մարդկային ու ժողովրդագրական կորուստները։

Իսկ մենք, ազգովին պէտք է համոզուինք ու մեր մէջ ամրագրենք այն համոզումը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանանչումը Հայաստանի համար ազգային անվտանգութեան դիտանկիւնէն ապահովութեան երաշխիք է, նաեւ համոզուինք, որ Հայ Դատի յաղթանակով, ոչ միայն տիրացած կþըլլանք մեր անժամանցելի իրաւունքներուն, այլեւ հաստատ հիմերու վրայ կ՚ամրագրենք մեր պետութիւնը, կ՚երաշխաւորենք գալիք սերունդներու անվտանգութիւնն ու գոյատեւելիութիւնը, վերստին կը կերտենք հայ ժողովուրդի յաղթական պատմական երթը։

 

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.