Մոնթրէալի հայութիւնը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Կիրակի 22 Ապրիլ 2018-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին շուրջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման հանդիսութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին Գանատայի թեմի բարեջան առաջնորդներ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Գերաշնորհ Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Քէպէքի հայ համայնքի կղերական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բոլոր կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի զոյգ օրհներգներով, Գլօէ Պալեանի յաջող կատարողութեամբ, ապա օրուան հանդիսավար Ռաֆֆի Երէցեան ողջունեց ներկաները յիշելով թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս համախմբուած ենք միատեղ ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը, նշելով թէ պատմական անմոռանալի այս անկիւնադարձը նաեւ առիթ մըն է վերանորոգելու մեր ուխտը:

Ռաֆֆի Երէցեան յաջորդաբար փոխանցեց պատգամներ՝ վարչապետ Justin Trudeau-ի եւ Պահպանողական ղեկավար՝ Andrew Sheer-ի, NDP-ի, Emmanuella Lambropoulos-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Լեւոն Մարտիրոսեանի կողմէ ուղարկուած, այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց գաղութիս վաստակաշատ ասմունքող Անահիտ Պալեան, որ Եղիշէ Չարենցին մասին ամփոփ տեղեկութիւն մը փոխանցելէ ետք ֆրանսերէն լեզուով, ասմունքեց անոր «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան անգլերէն տարբերակը: Ասմունքին ընկերակցեցաւ գաղութիս նշանաւոր տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանը մեկնաբանելով՝ Աշոտ Պատրիկի «Զօրս ըստ պատկերի քում» կտորը:

 

Յաջորդաբար խօսք առին Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ՝ Magda Popeanu եւ Արամ Էլակէոզ, ինչպէս նաեւ Քէպէքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Saoul Polo: Քաղաքական ներկայացուցիչները անխտիր իրենց ցաւակցութիւնները եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին, դատապարտելով ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը:

Ապա դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանը որ յաջողութեամբ մեկնաբանեց՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն» կտորը:

Օրուան պատգամաբերն էր Քեպէգի համալսարանի (L’Université du Québec à Montréal) պատմութեան դասախօս Մարի Պլանշ Ֆուրքատ, որ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ միացեալ աղօթքով եւ ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումով:

Անահիտ Պալեան

(Լուսանկարները Արմէն Ալեմեանի)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.