Ովքե՞ր են հայախօս յոյները՝ «հայ-հոռոմները»


Այշէ Հիւր «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ժամանակին Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրէին «հայ-հոռոմներ» անունով համայնք մը։ 1923-ին ստորագրուած Լոզանի դաշնագրի ծիրին մէջ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Փոխանակման պայմանագրի համաձայն, Թուրքիայէն Յունաստան ուղարկուած հայ-հոռոմներու համայնքը հոգեւոր տեսանկիւնէն Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ենթակայ, սակայն հայերէն խօսող խումբ մըն էր։ Այս հարցին վերաբերեալ որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած, սակայն հիմնականին մէջ բանաւոր աղբիւրներէ օգտուելով՝ հայ-հոռոմներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցուած են իզմիրցի յոյն Եորկոս Անասթաիատիսի (1874-1971) կողմէ:

Հայ-հոռոմներու ազգային արմատներու շուրջ կան տարբեր տեսակէտներ։ Ըստ ժամանակակից յոյն պատմաբաններու, հայ-հոռոմները ՆՔ 401 թուականին իր եղբօր՝ Արտաքսերքեսին, գահընկեց ընել փորձած ու պարսից գահը ձեռք ձգելու աշխատած Կիւրոսի համար պատերազմած, սակայն Կիւրոսի սպանութենէն ետք Յունաստան վերադարձած յոյն վարձկան զինուորներու մնացնորդներն են։ Այս առասպելական «վերադարձը» կը պատմուի վերոյիշեալ արշաւանքին մասնակցած յոյն պատմիչ Քսենոփոնի կողմէ գրի առնուած «Նահանջ բիւրոց» վերնագրով աշխատութեան մէջ։

Հայ-հոռոմներու ծագումով յոյն ըլլալու մասին մէկ այլ վարկածի համաձայն, անոնք բիւզանդական ժամանակշրջանին Յունաստանի Աթէնքի մերձակայքը գտնուող կղզիէ մը՝ Էկինայէն եկած գաղութաբնակներն են։ Սեբաստիոյ մօտ գտնուող Էկինի անուանումին ծագումը եւս Էկինայէն է։ Այս խումբերը Բիւզանդական կայսրութեան վերջ տուած Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին չեն ուզած իսլամանալ եւ խառնուած են իրենց բնակած շրջաններու հայ բնակչութեան հետ։

Համեմատաբար նոր հայկական աղբիւրներու համաձայն, հայ-հոռոմները բիւզանդական շրջանին հելլենացած հայերն են։

Ըստ Եորկոս Անասթասիատիսի, անկախ այն իրողութենէն, թէ այս տեսակէտներէն որ մէկն է ճշմարիտը, այսօր հայ-հոռոմները իրենք զիրենք կը համարեն յոյն։ Թէեւ հարիւրամեակներ շարունակ յունարէն մէկ բառ անգամ չեն գիտցած, կը պահպանեն իրենց անսասան հաւատքը իրենց յունականութեան հանդէպ։ Անոնց մայրենի լեզուն նախ հայերէնն է, ապա՝ թրքերէնը։ Հայերէնը կը սորվին դպրոցին մէջ։ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող արարողութիւնները առաւելապէս թրքերէն ու հայերէն եւ քիչ մըն ալ յունարէն տաղերու խառնուրդ են։ Սակայն հակառակ այն իրողութեան, որ համայնքը չի հասկնար յունարէն աղօթքները, բայց եւ այնպէս հայերէն ընթերցուող հոգեւոր երգերը ոչ մէկ առնչութիւն ունին այն շարականներու հետ, որոնք կ՚երգուին հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Անոնք յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ աղօթքներգերու թարգմանութիւնն են եւ կ՚ընթերցուին յունական եկեղեցւոյ երաժշտութեան ձայնաշարքով։ 

Ըստ որոշ աղբիւրներու, առաջին կեդրոնը, ուր ի յայտ եկած են հայ-հոռոմները, Սեբաստիոյ Էղին գիւղն էր։ Եփրատի Էղին շրջանին մէջ բնակող 70 հայ-հոռոմական ընտանիքները 1924-էն մէկ տարի առաջ, Լոզանի դաշնագիրի ենթամաս ստորագրուած Փոխանակման պայմանագիրի համաձայն ուղարկուած են Յունաստան եւ Էղրիպոզի հիւսիսը գտնուող Քասթանիոթիսա ագարակին մէջ տեղաւորուելով՝ հիմնած են Նոր Էղինը։ Երկու տարի չանցած Ռուսիայէն 50 ընտանիք եւս բնակութիւն հաստատեց Սալոնիկի մօտ գտնուող Տիավաթայի մէջ։ Իսկ Էղին անուանումը, հանրապետական Թուրքիոյ շրջանին Մուսթաֆա Քեմալի ի պատիւ անուանափոխուեցաւ Քեմալիյէի, հայ-հոռոմներու վերջին հետքն ալ ամբողջովին ջնջուեցաւ։

Անատոլիոյ միւս մեծ հայ-հոռոմական համայնքը 1608 թուականէն ի վեր կը բնակէր Ատափազարի շրջանին մէջ։ 1923-ին դոկտ. Վենետիքթոս Ատամաթիատիսը «Բոլոր գաղթականներու առաջին խորհրդաժողովին» ներկայացուցած ծանուցման մէջ հետեւեալ կերպ մեկնաբանած է հայ-հոռոմներու ճակատագիրը. «Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան մէջ յառաջացած, հարուստ, 15 հազար ու աւելի բնակիչով Կէյվէի-Օրթաքէոյի յոյները 1920 յունիսի վերջաւորութեան հաւաքուած են Սաքարիա-Քարաչայի մերձակայքը գտնուող իջեւանատուներուն մէջ եւ կոտորուած ծայրայեղ կրօնամոլ խումբերու կողմէ։ Այս կոտորածէն փրկուածներն ալ լեռներու վրայ հետապնդուած են եւ անողոքաբար սպաննուած։ 1920-ի Օգոստոսին, շրջանին մէջ մէկ յոյն անգամ չէ մնացած։ Փրկուիլ կրցած են ողջախոհ գտնուելով՝ իրենց հողերը կոտորածէն առաջ լքած քանի մը հարիւր հոգի միայն»։

Հաւանական է, որ այդ քանի մը հարիւր հոգին ալ հետագային հեռացած են երկրէն։ Եթէ նոյնիսկ կան ալ այստեղ մնացածներ, դժբախտաբար՝ այլեւս անհնար է խօսիլ «հայ-հոռոմներու» մշակոյթի մասին…։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.