Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրահաւաքին գոյացաւ 150 հազար տոլար

 

Եկեղեցաշինութեան ընդհանուր գումարը հասաւ 500,000 տոլարի

Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ անդրանիկ պաշտօնական կալա-ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր, 2014-ին, Le Crystal ճաշասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի՝Բարեջան Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, նախագահութեամբ՝ ազնուամեծար տիկ. Հերմինէ Վարդանեանի, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Եկեղեցաշինութեան հանգանակիչ մարմնին:

Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց տիար Հրակ Չինչինեան: Պրն. Չինչինեանի մերթ կրօնաշունչ եւ մերթ ազգայնաշունչ սքանչելի մեկնաբանութիւնները, եկեղեցաշինութեան այս անդրանիկ հանգանակային ձեռնարկին տուին յաւելեալփայլք ու պարծանք: Անոր խօսքերը ոգեւորեցին ներկաները ու խանադավառեցին նուիրատու ազգայիներուն մօտ:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան: Տէր Հայրը նախ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառին եւ Գանատայի Ազգային իշխանութեանց, որոնք զինք արժանի նկատեցին իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայելու հայահոծ Լաւալ քաղաքին: Շնորհակալական իր խօսքերէն անմիջապէս վերջ, Տէր Հայրը ներկայացուց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը: Իբրեւ իր գործունէութեան առաջին մարտահրաւէր՝ ան սրտաբաց կոչ ուղղեց ներկաներուն որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտք զգայ Քար մը դնելու ի սպաս այս հայապահպանման ամրոցի շինութեան: Քաղցրօրէն բայց խստապահանջ իր բացման խօսքին մէջ ան յիշեցուց ներկաներուն թէ՝ Հայ եկեղեցին տունն է հայուն աշխարհին բոլոր ափերուն: Վերջապէս, Տէր Հայրը յստակօրէն անդրադարձաւ քարեղէն եւ հոգեղէն եկեղեցիներուն գոյութեան: Ան ըսաւ թէ քարեղէն եկեղեցին աչքի տեսողութեան սահմաններու մէջ կը գոյատեւէ միայն, իսկ հոգեղէն եկեղեցին՝ անխորտակելի էութիւն մըն է հայոց պատմութեան մէջ, որ կը գոյատեւէ հոգեղէն մտքի պայծառ “տեսողութեամբ”:

Տէր Հօր խօսքէն վերջ, բեմ բարձրացաւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետուհի՝ տիկ. Հերմինէ Մանուկեան: Տիկ. Մանուկեան յանուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքերով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ի մասնաւորի՝ Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Սրբազան Եպիսկոպոս Բարիքեանին՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք.Գաթարոյեանին, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբեղ. Թաշճեանին, Արժանապատիւ Հոգեւոր Հայրերուն՝ Տ. Գառնիկ Ա. Քհնյ. Գոյունեանին եւ Տէր Գաբրիէլ Գամայեանին, Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանին՝ ատնեապետ Ազգային Վարչութեան, Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին՝ ներկայացուցիչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի, Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանին՝ ատենապետ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, տիկին Հերմինէ Վարդանեանին՝ նախագահուհի եւ բարերար Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ, Տիկին Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեանին եւ գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմող տաղանդաւոր չորս արուեստագիտուհիներուն, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին՝ ատենապետ Ս. Գէորգ Եկեղեցաշինութեան Հանգանակիչ Մարմնի եւ վերջապէս Լաւալի ու Մոնթրէալի հայ կեդրոններէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու պատասախանտուներուն եւ ներկայ հիւրերուն:

Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան բարի գալուստ խօսքէն վերջ, բեմ բարձրացաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան: Ան անդրադարձաւ եկեղեցաշինութեան խիստ կարեւոր գործին ու հաստատեց, որպէս հայապահպանման եւ մեր հոգեւոր մշակոյթի հզօրացման անհարժեշտ կառոյց: Նկատի ունենալով Լաւալ քաղաքի հայ գաղութի արագ աճը, ան կենսական նկատեց ո´չ միայն եկեղեցաշինութեան քայլը, այլ նաեւ անոր կողքին ժողովուրդին ծառայող միւս կառոյցներու իրագործումի արշաւը, օրինակ՝ սրահներ, մարզադաշտեր, մանկապարտէզ եւ երիտասրդութիւնը ներգրաւող նորանոր միջոցարումներ: Ընկ. Տօնապետեան ընդգծեց թէ ՀՅԴ-ին համար ինքնագոհութիւնը եւ ինքնաբաւութիւնը ընդունելի ընտրանքներ չեն, կան նոր մարտահրաւէրներ, որոնց համար պէտք է պատրաստ ըլլանք իբրեւ կազմակերպութիւն եւ իբրեւ արժանի ժողովուրդ: Ան նշեց թէ Լաւալը պէտք է ունենայ իր երկնասլաց եկեղեցին եւ մանկապարտէզը, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ իր ուժերը համախմբէ եւ աւելի զօրավիգ կանգնի մեծն մոնթրիալահայութեան հայեցի դաստիարակութեան պահապան՝ Ս. Յակոբ վարժարանի վերելքին եւ բարգաւաճման: Իր խօսքի աւարտին ան յիշեցուց թէ կան մարդիկ, որոնք կը քանդեն, կան ինքնաբաւութեամբ յառաջ կ’երթան, իսկ ուրիշներ ստեղծագործ են եւ կը շինեն: Մենք այս երկորդ տեսակին կը պատկանինք շեշտեց ան: ՀՅԴ-ի Գանատայի մեծ ընտանիքի անունով, Ընկ. Տօնապետեան հաստատեց ամբողջական աջակցութիւնը ՀՅԴ-ին այս ծրագրին, որովհետեւ հայուն նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար։

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հանգանակային կալա-ճաշկերոյթի ընթացքին, ժողովուրդին նաեւ հրամցուեցաւ երաժշտական կոկիկ բայց բարձրորակ յայտագիր մը մշակուած տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեանի կողմէ: Տիկ. Պտղունի-Հարպոյեանի համադրութեամբ պատրաստուած այս նրբաճաշակ երաժշտական յայտագիրը գեղեցիկ ու քաղցր երաժշտութեամբ ողողեց սրահը եւ մեծ փայլք մը տուաւեկեղեցաշինութեան անդրանիկ հանգանակային ձեռնարկին: Սոյն յայտագրին ելոյթ ունեցան չորս երիտասարդուհիներ.-ջութակահարուհի՝ օր. Լինէթ Իսրայելեան, դաշնակարուհի՝ օր. Ալինա Իսրայելեան, եւ մեներգողներ՝ օր. Մելիսա Յարութիւնեան եւ օր. Արազ Պոյաճեան: Բոլոր ներկաները բարձր գնահատեցին գեղարուեստական յայտագրի իւրայատուկ որակը որ կամաւոր մասնակցութեամբ իրագործուեցաւ մեր արուեստագետուհիներուն կողմէ:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։

Այս բոլորէն ետք, կալա-ճաշկերոյթի իսկական նպատակին՝ Ս. Գէորգ եկեղեցաշինութեան ցարդ կատարուած գործունէութեան մասին զեկուցեց Ս. Գէորգ եկեղեցաշինութեան Հանգանակիչ Մարմնի ատենապետ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան: Տոքթ. Հարպոյեան ամիջապէս անդրադարձաւ թէ Ս. Գէորգ եկեղեցին նոր կառոյց մը չէ լաւալահայ իրականութեան մէջ. “Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը գործէ Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ քսան տարիներէ ի վեր” նշեց ան: “Սակայն ներկայ Եկեղեցին որպէս կառոյց լաւալահայութեան պէտքերը չի գոհացներ, հետեւաբար լաւալահայութեան փափաքին ընդառաջելով Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Յակոբեանի օրհնութեամբ եւ Ազգային Վարչութեան ու Լաւալի Հայ կեդրոնի ՀՅԴ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէութեան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյս Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ, տարիներէ ի վեր սպասուած որոշումը առնուեցաւ՝ կառուցել Լաւալի Հայ Կեդրոնի հողաշերտին վրայ նոր Ս. Գէորգ եկեղեցին: Արդ, անցեալ տարուան Նոյեմբեր 3–ին արդէն իսկ կատարուեցաւ հողի օրհնութիւնը Լաւալի Հայ կեդրոն-համալիր շրջափակին մէջ: Օրհնութիւնը կատարեց օրուան Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան : Ներկայ էին գաղութիս մարմիները իրեց ներկայցուցիչ անդամներով ինչպէս նաեւ մեծն մոնթրէալահայութիւնը՝ հաւատացեալներու իր մեծ թիւով: Արդ, Ազգային Վարչութիւնը եւ Եկեղեցւոյս հոգաբարձութիւնը առնուած որոշումին իրագործման համար յառաջացուցին Եկեղեցաշինութեան ճարտարապետական յանձնախումբը եւ հանգանակիչ մարմինը: Ճարտարապետական յանձնախումբը գործի լծուեցաւ եւ տարաւ լայնածիր եւ բծախնդիր աշխատանք”, ըսաւ Տոքթ. Հարպոյեան: Այս գծով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ եկեղեցաշինութեան ծրագրի եւ ճարտարապետական աշխատանքներու հոլովոյթի խտասալը:

Տոքթ. Հարպոյեան շարունակեց իր զեկուցումը ըսելով՝ “Ընդհանուր շինարարութիւնը պիտի ընթանայ երկու հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանին պիտի շինուի եկեղեցին, իսկ սրահի ամբողջացումը եւ սարքաւորումը պիտի իրականանայ երկրորդ հանգրուանին: Ճարտարապետական յանձնախումբի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն առաջին հանգրուանի ամբողջացումին համար կը նախատեսուի 2.5 միլիոն տոլարի ծախս: Սկզբնական որոշումով այս գումարը պիտի գոյանայ նուիրատուութիւններէ:”

Նուիրատուութեան գծով ներկաներուն մանրամասն ներկայացուեցաւ Հանգանակիչ մարմինի որդեգրած դրամահաւաքի ծրագրի ուղեցոյցը: “Պատրաստուած են յատուկ խոստումնագրեր, որոնց միջոցաւ նուիրատուն կրնայ կատարել իր նուիրատուութիւնը մէկ վճարումով եւ կամ ամսական-երկշաբաթական դրութեամբ՝ մէկ, երկու կամ երեք տարուան վրայ: Բոլոր նուիրատուութիւններուն փոխան պիտի տրուին ամբողջական տուրքէ զուրկ ստացագիրներ: Բացուած է Եկեղեցաշինութեան դրամատնային առանձին հաշիւ մը «Fondation Sourp Kevork» անուան տակ: Պատրաստուած է նաեւ կառուցուելիք եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն, կազմածներուն եւ սպասներուն մանրամասն ցուցատախտակը, ուր յիշուած է իւրաքանչիւրին մօտաւոր նիւթական արժէքը: Ուստի ոեւէ մէկ անհատ իր նուիրատուութեան տարողութեան համաձայն կրնայ որդեգրել այս ցուցատախտակէն եկեղեցւոյ բաժին մը, կազմած մը կամ սպաս մը” բացատրեց տոքթ. Հարպոյեան:

Այս բոլոր մանրակրկիտ զեկուցումներէն ետք, տոքթ. Հարպոյեան անդրադարձաւ Հանգանակիչ Մարմին ունեցած բոլոր հանդիպումներուն, կազմակերպած հաւաքներուն, իրագործուած եւ ծրագրուած շարք մը ընկերային, մշակութային հասութաբեր ձեռնարկներուն եւ քարոզչական լայնածիր աշխատանքներուն մասին (տես մանրամասնութիւնները Ս. Գէորգ կայքէջի վրայ.-www.sourpkevork.ca ): Տոքթ. Հարպոյեան ջանք չի խնայեց խորաթափանց ծալքեր ունեցող եկեղեցաշինութեան ծանր եւ երկարաշունչ աշխատանքը պարզ ձեւով փոխանցելքւ ներկաներուն: Արդ, ան յստակօրէն ըսաւ թէ “եկեղեցւոյ շինութեան ժամկէտը կախեալ է… նա մանաւանդ մեր ժողովուրդին նիւթական ներդրումէն եւ գործակցութենէն”: “Ճարտարապետական յանձնախումբը եւ Հանգանակիչ մարմինը կը յուսան, որ այդ ժամկէտը ըլլայ յառաջիկայ տարուան մայիս-յունիս ամիսներուն” եզրափակեց ան:

Իր խօսքին աւարտին, խորունկ եւ լայն շունչէ մը ետք, տոքթ. Հարպոյեան փորձեց ներկաներուն տեսանելի դառձնել վաղուց ցանկալի Ս.Գէորգ Եկեղեցին: Ան նաեւ փորձ մը ըրաւ բացակայ մեր ժողովուրդին լսելի դարձնել Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը իբրեւ հրամայական ահազանգ հայապահպանման մեր աշխատանքներուն: Արդ շարունակեց տոքթ. Հարպոյեան.-

“Մօտ ապագային պիտի կառուցուի նիւթեղէն եւ ոգեղէն նոր եկեղեցին, որ պիտի ըլլայ հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Հոնկէ պիտի ղօղանջեն հայկական սրբատառ եւ հայաշունչ մեղեդիները եւ շարականները: Հոնկէ պիտի ցոլայ «Լուսաւորչի կանթեղ»ը հասնելու համար ամէն հայ տուն:”

“Առնուած քայլը յանդուգն է եւ ան պիտի ունենայ պատմական նշանակութիւն: Նորակառոյց Ս. Գէորգ եկեղեցին պիտի դառնայ Համազգային արժէք ունեցող նախաձեռնութիւն-իրագործում մը եւ մեր հաւաքական գոյութեան կռուաններէն մէկը: Իրագործում մը, որ պիտի մարմնաւորէ ընդհանրապէս Գանատայի Հայոց Թեմին եւ մասնաւորպէս լաւալահայութեան ողջմտութիւնը եւ հաւատքը հանդէպ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ դերակայութեան:”

“Յանձնախումբը կը գիտակցի այս վիթխարի աշխատանքին դժուարութեան, սակայն պիտի փորձէ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները,պիտի զարնէ բոլոր դռները, պիտի դիմէ ամէն տեղ իրականացնելու համար եկեղեցաշինութեան սրբազան գործը:

“Կը հաւատանք որ իւրաքանչիւր հայ անհատ պիտի գիտակցի Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կառուցման անհրաժեշտութեան, պիտի անսայ իր արեան կանչին, ու հաւատքի խոր զգացումով եւ հոգեկան մեծ ապրումով պիտի փութայ իր լուման դնելու եկեղեցաշինութեան գանձանակին մէջ եւ հպարտութեամբ պիտի ըսէ՝ «ՔԱՐ ՄԸ ԱԼ ԵՍ ԴՐԻ» եւ շինեցի «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ….»” :

Հանգանակիչ Մարմին զեկուցումէն վերջ, բեմ բարձրացաւ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան փոխանցելու համար իր պատգամը: Սրբազան Հայրը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ որ իրեն արժանի ըրաւ զինուորագրուելու եկեղեցաշինութեան նուիրեալ գործին: Արդ, ան խոստացաւ ո´չ թէ միայն մօտէն հետեւելու հանգանակային աշխատանքներուն, այ՛լ անձամբ ստանձնել դրամահաւաքի արշաւը, որպէսզի Ապրիլեան նահատակաց 100-րդ տարելիցը չբոլորած, նորակառոյց եկեղեցին փառաւորապէս օծուի: Մտածելու ատեն չէ այլեւս. գործի պահը եկած է”, շեշտեց Սրբազան Հայրը: “Անցնող տասնեակ մը տարիներուն բաւարար չափով զբաղեցանք «Ին՞չ պիտի ընենք» ըսելով, հիմա ժամանակն է որ գործի լծուինք եւ »ին՞չ պէտք է ընենք»ը դարձնենք մեր նոր թիրախը որպէսզի իրականութեան վերածենք այդ երազը”, ըսաւ Սրբազան Հայրը: Ան հաստատեց թէ Ազգային Առաջնորդարանը եւ Ազգային Վարչութիւնը արդէն իսկ իրենց ամբողջական եւ անսակարկ պատրասկամութիւնները դրած են ի սպաս Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցաշինութեան գործունէութեան:

“Ժամկէտը հասած է որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տանք իրականացնելու համար այս աոաքելութիւնը, ” ըսաւ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան: “Պէտք է մեր քրիստոնէական տեսողութիւնը սեւեռենք այն խաչին որ Սիոն եւ Ձիթենիաց լեռներուն միջեւ բարձրացաւ, նո՛ր կեանք եւ օրհնութիւն սփռելով համայն մարդկութեան”, եզրաբակեց Սրբ. Հայրը:

“Այսօր, յատկապէս Հայկական ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին, երբ այլ քաղաքներու մէջ կը քանդեն մեր Հաւատքի Տունը, կը փորձեն ոչնչացնել ցեղասպանութենէ վերապրող մեր նահատակներուն հետքը, մենք՛ աւելի քան երբեք, պէտք ունինք Ս. Գէորգի տեսլականին, որպէսզի մեր նահատակներուն աճիւնները ունենան իրեց նո՛ր Յարութեան նո՛ր վայրը”:

Սրբ. Հայրը իր պատգամին աւարտին հպարտօրէն յիշեց օրուան կնքահայրները, որոնք խոնարհ մոգերու նման նշմարեցին իսկական երկնանշան աւետիսին խանդը իրենց սիրտերուն մէջ ու փութացին իրենց մեծղի «խոյը» մատուցանելու այս սրբազան արարողութեան ամբողջական իրագործման, “վասնզի շատեր էին կանչուած, բայց քիչեր՝ ընտրուած ”:

Աւելի քան չորս ժամերու վրայ երկարող Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անդրանիկ պաշտօնական կալա-ճաշկերոյթը կենդանի օրինակ մը հանդիսացաւ, որ ներկաները խօսքէն անցնին գործի եւ հաստատեն թէ «մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր»: Արդարեւ, սոյն ձեռնարկը հանքանակեց $150,000.00, մինչեւ օրս եկեղեցաշինութեան գումարը հասցնելով $500,000.00-ի: Ճաշկերոյթը փակուեցաւ Սրբազան Հօր Պահպանիչ աղօթքով եւ Կիլիկիեան քայլերգով: Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ մտերմիկ խօսակցութիւններ ունեցան իրարու հետ եւ գիտակցեցան որ թէեւ այս փոքր սկիզբ մըն է, բայց ապագան փայլուն է։

Կ.Մ.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.