- Home
- >
- Top Stories
- >
Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հանդիպում ունեցաւ մոնթրէալահայութեան հետ
March 06, 2018
2205
0
-
Կիրակի, 4 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՄոնթրէալիՀայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումԼիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ:Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Մարալ Նազարեան,որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Նախարար Կիտանեանի Գանատա այցը մէկօղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած իր այցելութեան, որունընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքինհետ, ապա ժամանեց Մոնթրէալ՝ զեկուցելու Լիբանանիխորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին: Ապաներկայացուց նախարար Աւետիս Կիտանեանի հակիրճ կենսագրականը.Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 Նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդականուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյնվարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Լիբանանեան համալսարանիբնագիտութեան բաժանմունքը: Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ:Տիկին Նազարեան բեմ հրաւիրեց նախարար Կիտանեանը, որ նախշնորհակալութիւն յայտնեց գանատահայութեան՝ սոյնընտրութիւններուն առթիւ գաղութին տարած աչալուրջ աշխատանքինհամար: Ան յայտնեց, թէ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրիհամեմատաբար խաղաղ շրջան մը, շնորհիւ երկրի նախագահին եւվարչապետին համախոհութեան: «Եւ մենք՝ լիբանանահայերս,- ըսաւնախարարը,- Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն տոկացինք եւշարունակեցինք ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ,այդ պատճառով ալ բոլոր ուժերուն կողմէ մեծ յարգանք կը վայելենք առայսօր, հետեւաբար ժամանակն է, այս բարօր ժամանակաշրջանին, որԴաշնակցութիւնն ու լիբանանահայութիւնը օգտուին ընձեռուածկարելիութիւններէն, եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները մասնակցելովքուէարկութեանց՝ նպաստեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւմեր ազգային հարցերուն»: Նախարար Կիտանեան այս առումովանդրադարձաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս կատարածՀայաստան այցելութեան, որուն ընկերակցած էր նաեւ ինք, եւ յիշեց, թէնախագահը Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչմանհարցերուն վերաբերեալ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած էր:Նախարար Կիտանեան յայտնեց, թէ 2000 թուականէն ի վերԴաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի
-
Խորհրդարանէն ներս, մինչ քանի պայմանները փոխուած են եւընտրութեանց օրէնքները նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռեն մեզի, պէտք էամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի արդարօրէն ունենաք երեք կամ չորսերեսփոխաններ, եւ այսպիսով դառնանք իրաւակա՛ն ներկայացուցիչըմեր ժողովուրդին՝ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս:Քաջալերելով Գանատա ապրող լիբանանահայերը կատարելուիրենց քաղաքացիական եւ ազգային պարտականութիւնները, ան ըսաւ.«Գրանցուելու ճշդուած ժամանակաշրջանը անբաւարար նկատելով,ներքին համաձայնութիւն կար զայն երկարաձգելու, սակայնքաղաքական կարգ մը անակնկալ իրադարձութիւններ պատճառդարձան երկարաձգումին խափանման: Հետեւաբար սպասուածարդիւնքներուն չկրցանք հասնիլ: Կը մտածուին նոր միջոցներու մասին՝համալրելու քուէարկողներու պահանջուած թիւը»: Ան կարեւորութեամբշեշտեց, որ բոլոր գրանցուողները Ապրիլ 29-ին ուղղուինքուէակեդրոններ եւ իրենց քուէն տան ուղղակի Դաշնակցութեա՛նթեկնածուներուն: Նախարար Կիտանեան յայտնեց նաեւ, թէ անոնցորոնց լիբանանեան փաստաթուղթերն ու անցագիրները ի զօրու չենայլեւս, դեսպանատունը դիւրութիւններ կ’ընծայէ նորոգելու եւ նորանցագիրներ ապահովելու շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին(առաւելաբար մէկ շաբաթ) եւ գրեթէ անվճար (1000 լիբանանեան ոսկի):Փարատելու համար գրանցուողներուն մտահոգութիւնը՝քուէարկութեան համար Օթթաուա մեկնելու, նախարարը յայտնեց, թէայդ հարցը եւս լուծուած է, եւ քուէակեդրոններ պիտի նշանակուինՄոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:Իր խօսքի աւարտին նախարարը նշեց, թէ Դաշնակցութեանթեկնածուներու ընտրատարածքներն են Պէյրութ մայրաքաղաքը,Մաթընի շրջանն ու Այնճարը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ մերհայրենակիցներուն վերջին ճիգը չխնայելու՝ ի նպաստլիբանանահայութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Շնորհակալական խօսքուղղեց Գանատայի մէջ Ընտրական յանձնախումբին եւ ՀՅԴԿեդրոնական կոմիտէին՝ այս առնչութեամբ իրենց տարած անխոնջաշխատանքին համար:Սոնա Թիթիզեան
Related Articles