Միջ-եկեղեցական հանդիպում Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի 15 Փետրուարէն Շաբաթ 17 Փետրուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին Դոկտ. Հարըլտ Րէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն՝ նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանի աստուածաբանական բաժնին, Դոկտ. Անտրէաս Քրէպս, ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան դասախօս Պոնի (Գերմանիա) համալսարանին մէջ, Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան՝ հայրաբանութեան դասախօս Ֆրիպուրկի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ եւ Զուիցերիոյ բողոքական ու հին կաթոլիկ եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական գործակցութեան պատասխանատու, եւ Դոկտ. Փիթըր Պէն Սմիթ՝ բարոյագիտութեան դասախօս Իւթրեխթի (Հոլանտա) համալսարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէին Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան՝ Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, Տիկին Թենի Սիմոնեան՝ ընկերաբանութեան դասախօս Ժընեւի Ուեպըսթըր համալսարանին մէջ, Տիկ. Սեդա Խտըշեան՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան՝ Տեսուչ Դպրեվանուց, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ եւ Օրդ. Արազ Գոճայեան՝ տեղեկատուական բաժանմունքի գրասենեակի վարիչի օգնական։
Հին կաթոլիկ եկեղեցին ստեղծուեցաւ 19-րդ դարուն որպէս հակազդեցութիւն Վատիկանի առաջին ժողովին (1870) կողմէ երբ պապին անսխալականութիւնը ու բացարձակ հեղինակութիւնը վերածուեցաւ տոկմայի։ Սկզբնական շրջանին շարժում եղած այս եկեղեցին աստիճանաբար վերածուեցաւ կազմակերպ եկեղեցւոյ Եւրոպայի մէջ, յատկապէս Զուիցերիոյ, Չեխոսլովաքիոյ, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ։ Ապա նոյն եկեղեցին կապեր հաստատեց Ափրիկէի, Հնդկաստանի, Ամերիկայի եւ հիւսիսային Եւրոպայի զանազան եկեղեցիներուն հետ։ Այսօր, Եւրոպայի մէջ կարեւոր եկեղեցիներէն մին է ան՝ իր դպրեվանքներով, համալսարաններով ու լայնածաւալ գործունէութեամբ։
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպումը կազմակերպուեցաւ հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջարկով։ Երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպումին օրակարգը բաղկացած էր երեք բաժիններէ. ա) հայ եւ հին կաթոլիկ եկեղեցիներու պատմութեան ծանօթացում, բ) միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակը եւ գ) եկեղեցին ու ընկերաբարոյական հարցեր։
Հանդիպումին բացումը կատարելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ ներկայ աշխարհին մէջ միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը հրամայական է, որովհտեւ անկախ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առնչուած հարցերէն, քրիստոնեայ աշխարհը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ եկեղեցիներ կոչուած են հաւաքական տեսակէտներ բանաձեւելու ու միացեալ ճիգով դիմագրաւելու քրիստոնէական հաւատքին սպառնացող վտանգները։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ փոխադարձ ճանաչումը կենսական է, առողջ ու արդիւնաւէտ գործակցութեան։
Հայրապետին համագումարին ուղղութիւնը ճշդող բացման խօսքէն ետք Հայր Հրանդն ու Հայր Պօղոսը ընդհանուր գծերով ներկայացուցին հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները ու յատկանշական երեսները։ Հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ նոյն ձեւով ներկայացուեցաւ յիշեալ եկեղեցւոյ կազմաւորման հանգրուանները եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած հասարակաց ուսուցումներն ու տարբերութիւնները։ Բնականաբար իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։ Այս բաժինը ամփոփելով Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնները, անոր առաքելական հիմքէն սկսեալ, ազգային ինքնութիւնը, մշակութային դերը, աստուածաբանական ուսուցումները ու միջ-եկեղեցական ոգին եւ անոր առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Երկրորդ բաժնին առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ Տիկ. Թենի Սիմոնեանին կողմէ։ Իր ունեցած լայն փորձառութեան լոյսին տակ, ան պարզեց յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ներկայ ծրագիրները ու անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները։ Որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ընկերային ծառայութեան նախկին տնօրէնուհին, Տիկ. Սեդա Խտըշեան իր կարգին անդրադարձաւ ՄԱԵԽ գործունէութեան։ Հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ նոյն ձեւով ընդհանուր գծերով ներկայացուեցաւ անոր ունեցած միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը, աստուածաբանական երկխօսութիւնները ու անոր մօտեցումները քրիստոնէութիւն յուզող հարցերու նկատմամբ։
Ընդհանուր քննարկումներէ ետք, դարձեալ Նորին Սրբութիւնը եզրակացնելով ըսաւ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք չէ ամբողջութեամբ նոյնացնել միջ-եկեղեցական կառոյցներուն հետ։ Ճիշդ է, կառոյցները կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ, սակայն շարժումը կը շարունակուի, որովհետեւ այսօր եկեղեցիներ կարիքը ունին հաւաքական վկայութեան ու սերտ գործակցութեան։ Եկեղեցւոյ միութիւնը միաձեւութիւն չէ. անհրաժեշտ է զանազանութիւնը յարգել ու պահպանել, միաժամանակ հրամայական է մեր հաւատքին հիմնական արժէքներու ու սկզբունքներու շուրջ համախմբուիլ։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումին յատկանշական երեսներուն, ինչպէս նաեւ վերանորոգման կարօտ կարգ մը բնագաւառներու։
Օրակարգի վերջին նիւթին գծով ընդհանուր ներածական մը ներկայացուեցաւ Հայր Հրանդին ու Տիկ. Թենիին կողմէ։ Նոյնը կատարուեցաւ հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ներկայացումները ընդհանրութեան սահմաններուն մէջ մնացին եւ առաւելաբար անդրադարձան կանանց ձեռնադրութեան, միասեռականներու ամուսնութեան ու ընտանիքի հասկացողութեան։ Քննարկումներու ընթացքին ներկայացուեցան յիշեալ հարցերուն գծով պարզուած տարբեր մօտեցումները արեւմտեան աշարհին մէջ, նոյնիսկ նոյն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
Այս բաժինը եւս ամփոփելով, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ ընկերաբարոյական հարցերը առաւել կամ նուազ չափով բոլոր եկեղեցիները յուզող հարցեր են։ Ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ, ունենալով տարբեր աստուածաբանական ուսուցումներ ու աւանդութիւններ, եկեղեցիներ տարբեր տեսակէտներ ունին այս հարցերուն նկատմամբ։ Դժբախտաբար դաւանական հարցերէն աւելի ընկերաբարոյական հարցերը այսօր դարձած են բաժանարար ազդակներ թէ՛ եկեղեցիներու միջեւ եւ թէ նոյն եկեղեցիէն ներս։ Հետեւաբար, աստուածաբանական երկխօսութիւնները կարեւորութեամբ նկատի պէտք է ունենան այս հարցերուն քննարկումը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը փակումը կատարելով հանդիպումին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ փոխադարձ ճանաչման իմաստով կարեւոր քայլ մըն էր ներկայ հանդիպումը, որ պէտք է շարունակուի գործակցութեան, ուսանողներու փոխանակումով ու փոխադարձ այցելութիւններով եւ այլ կերպերով։
Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս իրենց եռօրեայ կեցութեան ընթացքին, հիւրերը առիթը ունեցան այցելելու «Կիլիկիա» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները, «Թռչնոց Բոյն» ու Դպրեվանք։ Հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն տալու եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին Պեռնի մէջ եւ դասախօսելու Պեռնի համալսարանէն ներս։