Ազգային-Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
Շաբաթ, 3 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց ազգային-կուսակցական գործիչ Յակոբ Եափուճեան:
Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 ապրիլ 1945-ին, Պէյրութի մէջ: Շրջանաւարտ է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն: Աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն բաժինը: Փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ: Ուսանողական տարիներուն Զաւարեան աշակերտական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ եղած է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ իր գործունէութիւնը եւս բեղուն եղած է: Համազգայինի հաւատաւոր անդամներէն եղած է` իր ազգային գործունէութեան ամբողջ շրջանին: Յակոբ Եափուճեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նշանակուած է (նշանակովի շրջանին), մասնակից` Համազգայինի նոր կազմակերպական ձեւի մշակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մասնակից` բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն: Երկու յաջորդական շրջան վարած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Ան 3 յաջորդական շրջաններ եղած է Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխատանքներուն մէջ Յակոբ Եափուճեանի գործունէութիւնը եղած է նոյնպէս բեղուն: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու անդամ եղած է: Նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ: