ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԱՌԻԹՈՎ «ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՑԱՒԸ» ԸՆԴԳԾՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ` ԱՄՐԱԳՐԵԼՈՎ ՈՒՐԱՑՄԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ

\n

Ապրիլ 23-ին, աշխարհի տարբեր լրատուամիջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Ուղերձ` 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ կապուած» վերնագիրը:

\n

Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ Ապրիլ 24-ը Թուրքիոյ հայ հայրենակիցներու եւ աշխարհի բոլոր հայերու համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող օր է: Յայտարարութեան սկիզբի բաժինէն իսկ Էրտողան ընդհանրացուցած է 1915-ի աղէտը՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր ժողովուրդներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած ահաւոր թուական: Յայտարարութեան մէջ բառացիօրէն կ՛ըսուի «Կը մաղթենք, որ 20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններուն ժամանակ զոհուած հայերուն հոգիները խաղաղութեան մէջ հանգչին, իսկ անոնց թոռներուն մեր ցաւակցութիւնները յայտնենք: Յոյսով եւ հաւատքով, որ իրարանման սովորութիւններով ու աւանդոյթներով կենակցող հինաւուրց ժողովուրդները, ովքեր կը պատկանին բարդ եւ զարմանալի տարածաշրջանի մը, կը կարողանան միասնաբար, արժանապատուօրէն յիշել իրենց անցեալն ու կորուստները»: 

\n

՚Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ Էրտողան կը շարադրէ թրքական պետութեան տասնամեակներ շարունակ կիրարկուող ուրացման քաղաքականութիւնը, միաժամանակ կը կրկնէ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ձեւաւորելու, արխիւները բանալու մասին յայտարարութիւնները: Ողջ յայտարարութեան մէջ թափանցիկ ակնարկներով կը պնդէ, որ 1915-ին տուժած են ոչ միայն հայեր, այլեւ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ:՚

\n

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին բազմաթիւ փորձագէտներ կը նշէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին Թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններու պիտի դիմէ: Սոյն յայտարարութիւնը այդ ծրագրին մէջ եղած ըլլալ կը թուի:
Յատկանշական փաստ մը` յայտարարութիւնը տարածուած է քանի մը լեզուներով, որոնց մէջ նաեւ` վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով:

\n

Գանձասար

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.