«Մեր մարտահրաւէրները բազում են ու կը կարօտին հայ ժողովուրդի ուժերու ամբողջական լարումին»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 127-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին օրուան պատգամաբեր ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Տարօն Տէր խաչատուրեանի խօսքը։

Ա՛յն օրէն ի վեր, երբ 127 տարիներ առաջ ա՛յս օրերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի՛ն իսկ ծոցէն, եւ իր կոչումն ու գոյութեան իմաստը սեպեց հայ ժողովուրդի ազգային եւ ընկերային իրաւունքներու տէր կանգնիլը եւ անոր մարդկային ու հայրենական արժանապատուութեան պահպանումը, յատուկ կապ մը ստեղծուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ՝ բազմաթիւ պարագաներու ընդելուզելով մէկը միւսին հետ: Ահա՛, այս օրը ապացո՛յցն է այդ ընդելուզման: Կա՛պ մը, որուն միջոցով ժողովուրդը տուաւ իր վստահութեան քուէն, կամովի՛ն տրամադրեց իր հաւանութիւնը Դանակցութեան միջոցաւ առաջնորդուելու, եւ աւելի՛ն՝ անոր ընդմէջէն իր ազգային իղձերուն յաջողութեան բանալին փնտռելու: Պարտաւորեցուցի՛չ կապ մը անկասկած, որուն միջոցաւ Դաշնակցութիւնը ինքզինք տեսաւ ղեկավարողի դիրքի մը դէմ յանդիման, դրա՛ւ ինքզինք զոհաբերութեան բագինին, նուիրե՛ց ու տակաւին կը նուիրէ իր լաւագոյնները մեր անիրաւուա՛ծ, սակայն մի՛շտ իրաւատէր ազգի դատին:

Այդ կապը առկայ էր ձեր հետ, սիրելինե՛ր, նոյնինքն ԵՐԿՐԻՆ մէջ, երբ ձեր նախնիները դաշնակցականացան, եղան ֆետայիներ ու պաշտպանեցին հայ գիւղացին ու հայ կինը թուրքի յարձակումներուն եւ կեղեքումներուն դէմ: Այդ կապը տիրող ուժ էր, երբ մենք համատեղ ճիգերով կազմակերպեցինք Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու Սփիւռքը: Այդ կապը անքակտելի էր, երբ մենք ձեռք-ձեռքի քաղաքականացուցինք ու յեղափոխականացուցինք Սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենի հողին վրայ ոտք չկոխած, բայց մի՛շտ հայրենիքով տոգորուած սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը: Այդ կապը գերակշիռ էր, երբ մենք առաջին գիծերու վրայ մասնակցեցանք Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ապա ազատագրութեան դատին եւ անոր քաղաքական ամրակայման աշխատանքին: Վերջապէս, այդ կապը ակներեւ էր, երբ միասնաբար գուրգուրացինք խորհրդային ճիրաններէն անկախացած մեր Երրորդ Հանրապետութեան դողդոջ քայլերուն եւ ապա մասնակցեցանք անոր ամրակայման:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի այս նախօրէին հաստատե՛նք, որ այդ կապը բացայայտ էր, երբ մենք միասնաբար կերտեցինք այդ բախտորոշ հանրապետութիւնը 1918-ին: Եւ որովհետեւ անոր յաջորդող պաղ պատերազմի ընթացքին մեր վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը ունեցաւ առնուազն երկու զիրար հակասող պատմագրութիւններ, եզակի՛ առիթ է մայիսեան խոյանքներով սկիզբ առած մեր Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը վերջապէս օգտագործել շիտա՛կ շեշտադրումները կատարելու եւ առհասարակ Դաշնակցութեան բանալի դերակատարութիւնը բացայայտելու հայրենի ժողովուրդին մօտ: Մեր այդ եղբայրներուն երկար տասնամեակներ միա՛յն խեղաթիւրումներ հրամցուած էին, օրուան համայնավար վարչակարգին կողմէ: Վերջին հաշուով, սիրելինե՛ր, մեր այդօրեայ գործիչները սո՛սկ դաշնակցական անձեր չէի՛ն, որոնք կ՚ընէին անհատական սխրագործութիւններ, այլ բոլո՛րն ալ կը կիրարկէին Դաշնակցութեան կամքն ու անոր ժողովներու որոշումները, իբրեւ Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայասատանի ծրագրի գործնականացում, իբրեւ հաւաքական ղեկավարութեան արտացոլացում: Արժէ յիշել նաե՛ւ, որ Հայաստանի պետական մարդոց ներկայի համոզումն է, թէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն գոյութիւն չէր ունենար, եթէ իրականացուած չըլլար 1918-ի Հանրապետութիւնը: Նաեւ հաստատենք, որ Դաշնակցութիւնը ո՛չ ինքնագովութենէ կը տառապի, ո՛չ ալ կը սնանի անցեալի ոգեկոչումներով միա՛յն, բայց մեր ազգային ու հայրենական յաղթանակներուն տեղի՛ն բնութագրումը միայն պիտի առաջնորդէ այսօրուան եւ ապագայի ձեռք բերուելիք մեր շարք մը փայփայած նո՛ր յաղթանակներու կառուցման եւ մարդուժի գոյացման:

Այո՛, սիրելինե՛ր, այդ կապը մենք եւ դուք ստեղծեցինք եւ իրարու մէջ միաձուլուեցանք, նոյնացանք մէկս միւսին հետ, որովհետեւ ունեցանք ազգային տեսիլք, ունեցանք արժանապատուութիւն, ազատ ապրելու մարմաջ, ունեցանք ազգային գիտակցութիւն: Եւ հաւանաբար այդ կապը Դաշնակցութեան կազմաւորումէն շա՛տ առաջ իսկ գոյութիւն ունէր մեր միջեւ, իբրեւ դարերու շաղախում հայ ժողովուրդի եւ անոր մարտունակ ու յառաջադէմ, խիզախ ու ազատատենջ երիտասարդութեան շաղկապող օղակը: Պարզապէ՛ս, ան կազմակերպուա՛ծ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութի՛ւնը չէր տակաւին:

Եւ ահա, ներկայիս այդ կապը ձե՛ր իսկ հետ արժեւորելու, զայն բագաւաճեցնելու եւ անցեալէն բխող, սակայն ապագայի նոր տեսլականով համաձայնեցնելու ու անով լիցքաւորուելու համար է, որ տարին մէկ օր կը հաւաքուինք՝ տօնելու Դաշնակցութեան Օրը, համա՛կ դաշնակցականութեանբ վերանորոգուելու համար:

Եւ այդ կապին իբրեւ հետեւանք, մեր ազգի արիւնոտ ու դժուարին, սակայն նաե՛ւ մաքառումներով եւ անհերքելի նուաճումներով հարստացած վերջին 125-ամեակի պատմութեան յաջորդ էջերուն վրայ ազդելու, որոշ էջեր Սփիւռքով, Հայաստանով, Արցախով միատեղ գրելու պատեհութիւնը կը ներկայանայ մեզի այսօր: Արդեօ՞ք պիտի յաջողինք Հայաստանը յաւելեալ ամրակայել, ամրօրէն զայն ապահովագրել, զարգացնել ու վերածել պինդ հիմերու վրայ հիմնուած, ժողովրդավարութեամբ փարոսացած, ընկերային արդարութեամբ զրահապատուած, բոլորիս պատկերացուցած հայրենիքին: Արդեօք պիտի կարենա՞նք Արցախը յաւելեալ հզօրացնել, զայն անթափանցելի ու անխորտակելի դարձնել, ու միանգամա՛յն զայն վնասազերծել Ատրպէյճանի սադրանքներէն, եւ անոր դարանակալ ընչաքաղցութենէն ու մնայուն խափանարարութիւններէն: Արդեօք պիտի յաջողի՞նք Սփիւռքին մէջ մաշումը պակսեցնել եւ կասեցնել, Սփիւռքը հայօրէն զարգացնել եւ զայն ծառայեցնել այսօրուան ու ապագայի հայրենիքի բարօրութեան: Եւ վերջապէս, պիտի կարողանա՞նք բոլորիս փայփայած ողջ հայութեան դատը, քաղաքական ու աշխարհագրական իր դրուածքներո՛վը իր արդա՛ր լուծումին հասցնել:

Զարմանալի է չէ՞, յարաբերաբար փոքր, յատկապէս ցեղասպանութենէ ճողոպրած աշխարհացրիւ ժողովուրդի մը համար այսքա՛ն լայնածաւալ քաղաքական օրակարգ ունենալ, աւելի՛ն, այսքա՛ն իր ազգային ու հայրենական արդար իրաւունքներէն չզիջելով՝ այսպիսի բեղուն գործեր ու առաջնահերթութիւններ ստեղծել:

Սակայն, սիրելինե՛ր, մենք մարտունակ ժողովուրդ ենք, բայց ո՛չ արկածախնդիր: Մենք ռազմունակ ազգ ենք, բայց ո՛չ ռազմատենչ: Մենք զմեզ կամովին այս օրակարգին առջեւ չէ՛ որ դրինք: Ո՛չ ալ կ՚ընդունինք գտնուիլ մշտնչենական զոհի հոգեվիճակին մէջ: Մեր ազգային, քաղաքական, աշխարհագրական, տնտեսական, ու կրօնա-ընկերային դրուածքները այնպիսին եղան մեր վերջին հարիւրամեակներուն ընթացքին, որ ե՛նք, ուր որ ենք այսօր: Իբրեւ դրական ազգային յառաջխաղացք, հայ ժողովուրդի մաքառումներուն կը պարտինք մեր Եռագոյնի ծածանումը աշխարհի հազիւ 200 հանրապետութիւններ հաշուող այլ երկիրներու կողքին. աւելի՛ն, մեր պատմական հողերուն մէկ մասը կը գտնուի մեր այդ Եռագոյնի շուքին տակ այսօր, մինչ մեծ բաժինը մեր հայրենիքին կը մնայ բռնագրաւեալ: Իսկ իբրեւ ժխտական իրողութիւն, մեզի հանդէպ կիրարկուած անմարդկութեան եւ անարդարութեան պատճառաւ վերածուած ենք աշխարհով մէկ ցրուած, սակայն ամրօրէն շաղկապուած Սփիւռքի:

Սարգիս Զէյթլեանի բառերով՝ «Իբրեւ հայ ժողովուրդի քաղաքական միակ ծաւալուն կազմակերպութիւն, մենք մեր բոլոր ուժերով կը ձգտինք գրեթէ յամենայնի իրաւազուրկ հայութիւնը դարձնելու լի-իրաւ հայութիւն: Մեր բոլոր ուժերով ու միջոցներով կը ջանանք իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը՝ անկախ հայ պետութեան ստեղծում, ամբողջական Հայաստանի կիրարում, բովանդակ հայութեան համախմբում սեփական ազատ հայրենիքի մէջ եւ լայնօրէն ժողովրդավարական կարգերու տակ»:

Սիրելինե՛ր, Հայաստանի վերանկախացումէն 26 տարի ետք, ու արցախեան ազատամարտի 30-րդ տարեդարձի այս շեմին, բազմաթիւ ներազգային վերիվայրումներէ ու որոշ հիասթափեցնող երեւոյթներէ ետք, կը թուի թէ ՀՅԴ-ի սկզբունքային կեցուածքնե՛րն իսկ ցոլացնող համազգային քաղաքական օրակարգի մը շուրջ առողջ հնչեղութիւն գոյութիւն ունի ներկայիս: Եւ այս օրակարգը կը թուի բիւրեղացած ըլլալ 3 կէտերու շուրջ.

Առաջին հերթին, հիմա՛, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի եռեւեփումն ու խանդավառութիւնը հանդարտած կը թուին ըլլալ, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր կապուած հատուցման թեման սփիւռքեան հարիւրամեայ պահանջատիրութեամբ զինուած է, ու ամրագրուած նորանկախ Հայաստանի առաջին իսկ Սահմանադրութեան մէջ: Ան նաեւ Հարիւրամեակի համահայկական հռչակագրով արձանագրուած է եւ արդէն իսկ համատարած է իբրեւ առաջատար օրակարգային կէտ բոլորի՛ս համար անխտիր: Երկրորդ հարիւրամեակի այս սկիզբին յստակ է, որ ո՛ղջ հայութիւնը կ՚առաջադրէ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր իբրեւ հետեւանք հայութենէն խլուած իրաւունքներու հատուցումը՝ ըլլան անոնք իրաւական, հողային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային թէ այլ բնոյթի մեզի հասցուած վնասներուն: Ցեղասպանութեան առթած հետեւանքներուն սրբագրութեամբ է եւ վերացումովը միա՛յն, որ ճամբայ կ՚ելլէ Թուրքիոյ հետ մերձեցման ու հաշտեցման կարելի գործընթաց մը: Հոս իբրեւ դժուար հարց, մեր առջեւ ցցուած կը մնայ դաւանափոխ ու իսլամացած հայերու պարագան, որուն գծով մենք ազգովին տակաւին հաշուի չենք նստած ու բարուոք լուծում չե՛նք որոնած ու գտած: Թուրքիան, իբրեւ իր նախնիներու ժառանգորդը, ինչպէս նաեւ օրին անոր մեղսակի՛ց պետութիւնները, պարտքն ունին մարդկութեան դէմ եղած այս ոճիրին հետ առերեսուելու եւ արդարութեան բերուելու: Մենք այս պայքարը թուլցնողը չե՛նք, ընդհակառա՛կը, երդուած ենք այդ գործի լրումը միա՛յն տեսնել մեր ժողովուրդին հանդէպ ամբողջական արդարութեան հաստատումովը, յատկապէ՛ս, որ հարիւրամեակը մեր ետին է հիմա, յաւելեալ ու վերանորոգ ձեւով հայութիւնը պիտի մնայ պահանջատէր դիրքերու վրայ: Ամրացած Հայաստանի պետականութեան ընձեռած դիւրութիւններով՝ Սփիւռքն ու Հայաստանը, առողջ ու զիրար ամբողջացնող գործակցութեամբ բազմապատկելո՛ւ են ի՛ մասնաւորի իրաւական ու քաղաքական ճակատներու վրայ մղուող պայքարն ու գործը:

Մեր Երկրորդ օրակարգը, որուն շուրջ կայ միահամուռ հասկացողութիւն, ա՛յն ալ մեր Արցախեան գոյապայքարի հարցն է, որուն ազատամարտի 30-ամեակը կը թեւակոխենք ու պիտի տօնենք յառաջիկայ ամիս: Հիմա՛, որ վերջապէս եւ արմատական կերպով Արցախեան գերիշխանութիւնը կը գտնուի իր բազմահազարամեայ ու բնական իրաւատիրոջ՝ հայութեան հովանիին ներքոյ, ա՛լ անոր ճակատագիրը արեւու պէս յստակ է մեզի համար: Անշո՛ւշտ որ արեամբ ձեռք ձգուած այս պապերու հողը յամենայնդէպս ետ չի տրուիր: Իսկ որքան շուտ առերեսուի Ատրպէյճանը այս իրականութեան հետ, այնքան արագ կ՚ըլլան լաւ դրացիական յարաբերութիւններու զարգացումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Արցախի հողային ամբողջականութիւնը, անոր անկախութեան ճանաչումը, եւ առհասառակ անոր ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կը մնան բոլորիս մտասեւեռումներուն եւ օրակարգային առաջնահերթութեանց առանցքը անխտի՛ր:

Մեր երրորդ օրակարգային կէտը, որուն շուրջ 10 միլիոնով մէկ կը թուինք բոլորուած ըլլալ, Հայաստանի կայուն զարգացումն է եւ Սփիւռքի առողջ պահպանումը: Հայաստանը ո՛ղջ հայութեան մշտնչենական հայրենիքն է, ու իբրեւ այդպիսին բոլորիս գուրգուրանքի առարկան: Հայաստանը տնտեսապէս հզօրացնելը, արտագաղթին առաջքը առնելով հայը Հայաստանի մէջ պահելը, անոր անվտանգութեան սատարելը, հո՛ն ժողովրդավարութիւնը արմատացնելը, անոր մէջ ընկերային արդարութիւնը ամրակայելը, մենաշնորհումներու եւ փտածութեան դէմ պայքարիլն ու առաջքը առնելը, երիտասարդութեան, բանուորին, կարիքաւորին եւ նորելուկ ուսեալին հասնիլն ու գործ ապահովելը բոլորի՛ս պարտականութիւնն է: Ինչպէ՞ս ունենալ, փայփայել մշտնչենական հայրենիք, առանց մատը մատին զարնելու, կամ խօսքը գործի վերածելու: Իսկ խօսքն ու տեսլականը գործի վերածելու համար էր, որ ՀՅ Դաշնակութիւնը դեռ եւս Խորհրդային կարքերու փլուզումէն առաջ վերադարձաւ Հայաստան, սերմեր ցանեց ապագայի աշխատանքին համար, ի միջի այլոց լծուեցաւ Արցախի ազատամարտին եւ անոր կայծին սկզբնաւորման, անոր մատակարարման, գաղափարական լիցքաւորման եւ իմաստաւորումին, ու Սփիւռքի աշխոյժ մասնակցութեան: Այսօր յետադարձ ակնարկով մը, գո՞հ ենք շուրջ երեք տասնամեակներ թեւակոխող մեր հայաստանեան հանգանակէն: Անշուշտ որ ո՛չ ամբողջովին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ինքզինքէն կը պահանջէ մի՛շտ աւելին կարենալ ու ընել: Տակաւի՛ն, հայ ժողովուրդը ի՛նք ունեցած է միշտ, եւ ունի ծովածաւալ ու գերբնականի հասնող ակնկալիք Դաշնակցութենէն, եւ մենք այդ մէկը կ՚ընդունինք իբրեւ դրական արժեւորում եւ բարենիշ մեր գործունէութեան: Սակայն եկէ՛ք համաձայնինք, որ յոռետեսութեամբ եւ ժխտողականութեամբ կարելի չէ ղեկավարել եւ առաջնորդուիլ: Ի հեճուկս 70-ամեայ հակադաշնակցական մոլուցքին, եւ հակառակ անոր որ տասնամեակներ մեզի արգիլուած գործադաշտ էր Հայաստանը, մենք այսօր քաղաքական ներկայութիւն ենք մեր գոյութեան իմաստը կազմող մեր հայրենիքէն ներս: Մենք ոգի ի բռին կը փորձենք, ու մերթ կը յաջողինք, այլ պարագաներու կը ձախողինք ազդել Հայաստանի եւ անոր բարդ տարածաշրջանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին վրայ: Իբրեւ օրինակ յիշենք, որ Դաշնակցութիւնը իր Սփիւռքի ուժականութիւնը լարեց հայրենիքի օգնութեան համար, ազդեց Արցախի ու բրոթոքոլներու ճակատագրին վրայ, դերակատար էր սահմանադրութեանց գոյացման մէջ, մասնակցեցաւ ընտրական գործընթացին, մերթ ընդ մերթ մաս կազմեց կառավարութեան ու ընդդիմութեան՝ մեկնելով ի՛ր իսկ քաղաքական օրակարգէն ու առաջնահերթութիւններէն, կո՛ւռ պահեց իր մարտունակ շարքերը՝ Արցախի օրհասական պահերուն հասնելու ճակատ ու թիկունք տալու հայոց բանակին, ի՛ր իսկ ճշդած 7 քաղաքական ու ընկերային առաջնահերթութիւնները փորձեց հետապնդել Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ՝ կառավարութեան մէջէն թէ դուրսէն: Հայաստանի մէջ մեր նպատակը մնաց անոր պետականութեան հզօրացումը ու Հայաստանի քաղաքացիին արժանապատիւ ու բարեկեցիկ կեանքը: Ըսինք օրինակնե՛ր միայն: Սակայն, սիրելինե՛ր, մենք հայելին բռնելով մենք զմեզ քննելէն վախցողը չե՛նք: Այնքա՛ն ատեն որ Հայաստանը բարուոք վիճակի մէջ չէ, կը նշանակէ, որ մենք մեր գործը դեռ եւս յաջողապէս չենք ամբողջացուցած: Եւ այդ հայելին ցոյց կու տայ, որ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրակայելու, օլիկարգներու ազդեցութիւնը նսեմացնելու, անկախ դատական համակարգի ներդրումը ունենալու, արտագաղթը դադրեցնելու, ընդհակառակը հայրենադարձութի՛ւն ապահովելու, ռենչպէր աղբէրի, բանուորի եւ գիւղացիի առօրեան մեղմացնելու, Երեւանէն դուրս առողջ աշխարհագրութեամբ տնտեսութիւն զարգացնելու, մեր ազգ-բանակ հասկացողութիւնը վարակիչ դարձնելու եւ մասամբ նորին: «Խենթ»ութեան համազօր ու արտասովոր բան է, չէ՞, մանաւա՛նդ երբ իշխանութեան մէջ մեծամասնութիւն չես:

Իսկ Սփիւռքը, դասական Սփիւռքը, որուն կազմաւորման եւ այսօրուան կառոյցի գոյութեան մէջ մեծ դեր ունէր Փարիզի մէջ գումարուած 1925-ի մեր 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի այդ մասին առած որոշումը, այսօր կ’ապրի մաշում եւ կ՚անցնի նկարագրային փոփոխութիւններէ: Մենք օրըստօրէ կը գտնուինք ինքնութեան շփոթի ու տագնապի, օտար վարժարան յաճախելու, խառն ամուսնութիւններ կնքելու, հայ լեզուն չսորվելու, իսկ սորվելու պարագային՝ չգործածելու, առհասառակ հայութիւնը յուզող հարցերու հանդէպ անտարբերութիւն ցուցաբերելու շեշտաւորուած երեւոյթներու դէմ յանդիման: Բազմիցս ըսած ենք, թէ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ՛: Սփիւռքը մեզի պարտադրուեցաւ Ցեղասպանութեամբ: Մենք ակամայ ձգեցինք մեր ամէն ինչը եւ եղանք Սփիւռք: Ուրեմն, Սփիւռքը գնայուն սեպելը, այնքան ատեն որ մեր դատը իր արդար լուծման չէ հասած, ինքնի՛ն ապառողջ քաղաքականութիւն է, եւ անհաւասար պայքարէ խուսափողի սոփեստութիւն: Սփիւռքը նորանոր մօտեցումներով կանգուն պահելը, աւելի՛ն զայն վերակազմակերպելը, Հայ դատի հետապնդման մէջ անոր գործը ծաւալելը եւ Սփիւռքի կարողականութիւնն ու մարդուժը Հայաստանի ու Արցախի բազմակողմանի զարգացման ծառայեցնելը նաե՛ւ բոլորիս գործն է:

Անշուշտ, այս երեք կէտերէն բաղկացած հայ ազգի քաղաքական օրակարգը կը կարօտի ցարդ ցուցաբերուած Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան դողդոջ քայլերէն շա՛տ աւելիին: Եւ այդ գործակցութեան մէջ ՀՅԴ-ի՛ն, իբրեւ լիիրաւ համահայկական կազմակերպութիւն, կ՚ընձեռուի յատուկ առիթ, ունենալով թէ՛ համասփիւռքեան փորձ ու կենսագրութիւն, եւ թէ՛ հայաստանեան երրորդ հանրապետութեան քաջատեղեակ ծանօթութիւն ու հանգանակ:

Սիրելի՛ մոնթրէալահայութիւն, սիրելի՛ գանատահայութիւն.

Դուք տիպար կերպով մի՛շտ պատնէշի վրայ եղաք: Ցեղասպանութեան յաջորդող այս հարիւր տարուան Արեւմտեան Սփիւռքին մէջ տիտանային դեր վերցուցիք ու շարք մը ուրիշ գաղութներու համար ծառայեցիք, եւ մինչեւ օրս կը մնաք օրինակելի հայ հանրութիւն մը: Ու այդ երթը կը շարունակէ՛ք:

Դուք գանատահայ գաղութի կազմակերպումը վաղուց ստանձնեցիք ձեր Սէնթ Քաթրինզի, Համիլթընի, Գեմպրիճի եւ Ուինծըրի յաջողած փորձերով: Ու կը շարունակէք հայութեան թիւով փոքրաթիւ բայց անհամեմատօրէն բեղուն Վանգուվըրով, բոլորիս պարծանքի առարկայ Թորոնթոյով, եւ անշուշտ շեշտակիօրէ՛ն հայատրոփ Մոնթրէալով ու Լաւալով, ի միջի այլոց: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Դուք արժանիօրէ՛ն քաղաքականացուցիք ու յեղափոխական շունջ ներարկեցիք մեր Սփիւռքի մէջ հասակ նետած սերունդներուն եւ զանոնք լծեցիք Հայ դատի հետապնդման գործին: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Դուք կազմակերպեցիք հայ դպրոցը, համայնքներու Հայ Տուները, լի՛ցք տուիք հայ եկեղեցիին ու թեմին եւ հայրենասիրական ու ազգային ծառայութեամբ համակեցիք երիտասարդութիւնը ամէնուրե՛ք: Ու այդ երթը կը շարուակէք:

Դուք բահ, սուր ու գրիչ տրամադրեցիք Արցախեան գոյամարտին ու տէր կանգնեցաք ձեր կոչումին, բաժին բերելով անոր հողային պահանջատիրութեան ու քաղաքական պայքարին: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Դուք փութացիք երթալու նորանկախ հայրենիք, հոն կեցութիւն հաստատելու, կամ անոր հեռանկարը պատրաստելու, հոն ներդրումներ կատարելու ու Հայաստանի զարգացման մէջ ձեր լուման դնելու: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Դուք ո՛չ միայն հասաք հայրենիք, այլ կարեկցողի պինդ ձեռք երկարեցիք սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ անոնց կարիքի պահուն ու ձեր տան դռները բացիք զանոնք պատսպարելու եւ զիրենք ներգործօն մասնի՛կը դարձնելու ձեր համայքային կեանքին ու ազգային ա՛յս կառոյցներուն: Ու այդ երթը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ պէտքը կը զգացուի:

Դուք գործընկերի ձեռքով ներկայացաք գաղութի այլ կազմակերպութեանց եւ միութիւններուն, շարք մը ոգեկոչումներ ու կարեւոր ազգային նախաձեռնութիւններ միասնական ու համատեղ ճիգերով նշելու եւ գանատահայութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ներկայացնելու յաչս հանրութեան: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Դուք ձեր հայո՛ւ ինքնութիւնը, ի հեճուկս դժուարութեանց, պահեցիք, զայն ներդաշնակեցիք ձեր Գանատայի քաղաքացիութեան եւ ինքնութեան հետ, մէկը չզոհեցիք միւսին, այլ համադրեցիք եւ լուծում գտաք երկո՛ւքն ալ լաւապէս ու լիիրաւ գոհացնելու: Ու այդ երթը կը շարունակէք:

Ու այդ երթը պիտի շարունակենք միասին, սիրելի՛ գանատահայութիւն, որովհետեւ մեր մարտահրաւէրները բազում են ու կը կարօտին հայ ժողովուրդի ուժերու ամբողջական լարումին: Իսկ մեզի ու մեր նպատակաուղղուած եւ կարգապահ շարքերուն համար, այդ յանձնառութիւնը ունի կրկնակի իմաստ, յատկապէ՛ս որ մենք երդուած ենք մեր բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ մեր կեանքին գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին: Մենք մեր 1892-ի առաջին իսկ Ծրագրով ըսինք. «չի կարող լինել իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ միայն բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր» եւ աւելի քան 125 տարիներ հաւատարիմ մնացինք անոր տառին ու ոգիին: Մենք յանձնառու մնացինք Հայ դատի հետապնդման, հայութեան պահպանումին ու հզօրացման: Մենք յանձնառու ենք միացեալ հայրենիքի կերտումին, ամբողջական հայութեամբ, հայկական պետականութեան հովանիին տակ:

Հետեւաբար, մենք մեր այդ պայքարը ձե՛ր հետ, ձե՛ր մասնակցութեամբ ու ամէնօրեայ բազմապիսի նեցուկո՛վ, անդո՛ւլ կերպով շարունակողն ենք, այնքան ատեն որ մեզի տակաւին պարտադրուած են շինծու սահմաններ, այնքան ատեն որ հայ մարդու ազգային ու մարդկային իրաւունքները կը մնան կեղեքուած, եւ այնքան ատեն որ չե՛ն սրբագրուած մեր դէմ եղած անարդարութիւնները: Մենք ժամանակի ժխտական դերակատարութեան դէմ պայքարող մարդիկ ենք: Փա՛ստ վերածնած 1918-ի Հայաստանը, փա՛ստ մեր նորանկախ Հայաստանն ու Արցախը: Ուրեմն, կո՛չ կ՚ուղղենք ձեզի, սիրելի՛ հայութիւն, համդրուա՛ծ ձեւով շարունակեցէ՛ք եւ զօրացուցէ՛ք մեր այս պայքարը, որպէսզի զայն հասցնենք իր բնական ու արդար լրումին, միասնաբա՛ր կերտելով Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանը:

Կեցցե՛ս դուն մոնթրէալահայութիւն:

Կեցցե՛ն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու զայն ծնող հայ ժողովուրդը:

Ուրեմն, օ՛ն յառաջ միասի՛ն, հայ ազգի հաւատաւո՛ր զինուորներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.