Արթուր Աբրահամ Մասնակցեցաւ Փոտոլսքիի Կազմակերպած Ֆութպոլի Բարեգործական Մրցումին


arthur-football_10917

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի` WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ մասնակցեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Լուքաս Փոտոլսքիի կազմակերպած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:

Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին հասոյթը ամբողջութեամբ փոխանցուեցաւ ֆութպոլիստին բարեգործական հիմնադրամին:

Մրցումին մասնակցողներուն կարգին եղան Վերտըր Պրեմընի նախկին յառաջապահ Այլթոն, ինչպէս նաեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի եօթնակի ախոյեան, գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի զաւակը` Միքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.