«Եթէ հայերը չսպաննուէին, Վան քաղաքը այսօր Արեւելքի Փարիզը կ՚ըլլար». Ճէմ Էօզտէմիր


Գերմանիոյ Խորհրդարանի նախորդ օրուան նիստին խօսք առաւ Կանանչներու կուսակցութենէն թուրք երեսփոխան Ճէմ Էօզտէմիր, որ գործածեց «Ցեղասպանութիւն» բառը։ Էօզտէմիր նիստի մասնակիցներուն յայտնեց թէ 100 տարի առաջ Օսմանեան Պետութիւնը Հայերու, Ասորիներու եւ Պոնտոսցի Յոյներու դէմ ցեղասպանութիւն կիրարկած է եւ այդ ցեղասպանութեան դիմաց երմանիա լուռ մնացած է, ատոր համար ալ յանցաւոր է։

Ուշագրաւ էր որ Ճէմ Էօզտէմիր այս խօսակցութեան ընթացքին իր լամբակին վրայ կը կրէր Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Խորհրդանիշը՝ անմոռուկը։ Ճէմ Էօզտէմիրի այս երեւոյթը եւ իր խօսակցութիւնները պարբերաբար ընդհատուեցան ծափահարութիւններով։

Էօզտէմիր խօսք առաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Եոհաքիմ Կուքին, որ գործածած էր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը։ օզտէմիր հետեւեալը ըսաւ.

«Մինչեւ այսօր երմանիոյ Արտաքին գործոց Նախարարութիւնը հայկական դէպքերուն վրայ աշխատինք կ՛ըսէր ու կ՛անցնէր։ Ասոր պատճառն այն էր որ երմանիա, որ կրնար օգնութեան ձեռք մեկնել 100 տարի առաջ սպանդի ենթարկուած Հայերուն, չէր օգնած եւ հիմա յանցանքի այդ հոգեբանութեամբ կը տուայտէր։ Ասկէ վերջ մենք մեզ պէտք է հարցաքննութեան ենթարկենք։ Եթէ 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը բացայայտուէր, 1938-ին Ալեւիներու սպանդը, 1955 Սեպտեմբերին Իսթանպուլի մէջ Յոյներու դէմ կատարուած յարձակումները լուսաբանուած կ՛ըլլային, Քիւրտերու դէմ այս ճնշումները պիտի չգործադրուէին։ Եթէ Հայերը չսպաննուէին Վանը Արեւելքի Փարիզը պիտի դառնար։ Ասկէ վերջ Թրքական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուողներու պատմութիւններն ու յիշատակները պէտք է լոյս ընծայուին։ Պէտք է գրուի նաեւ որ այդ թուականներուն Թուրքիան եւ Օսմանցիները ինչե՜ր կորսնցուցին։ Մանուկներու հերոսները Թալաթ Փաշան, Էնվէր Փաշան պէտք չէ՛ ըլլան։ Անոնց հերոսը պէտք է ըլլայ Քիւթահիոյ կուսակալը։ Ան հերոս մըն է, որ ըսած էր. «Իսթանպուլի կողմէ ղրկուած հրահանգը ընդունելի չէ։ Քիւթահիոյ մէջ ապրող ո՛չ մէկ հայու ձեռք պիտի դպչի։ Նմանօրինակ դէպքերը կանխելու համար՝ օրինակ պէտք է առնել անցեալէն» ըսաւ ան։

Ճէմ Էօզտէմիր իր խօսքերը շարունակեց հետեւեալ կերպով.

«Ինչպէս որ մենք Լեհաստանի եւ Ֆրանսայի առջեւ բացած ենք մեր սահմանները, Թուրքիան ալ Հայաստանի սահմանը պէտք է բանայ։ Ճիշդ չ՛ըլլար ըսել թէ երմանները յանցաւոր են դարասկիզբին կատարուած սպանութիւններու մէջ, միայն թէ երմանիա կրնայ յանձնարարութիւններ կատարել։ Կրնայ օրինակ՝ Հայ ժողովուրդէն, Ասորիներէն եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերէն ներողութիւն խնդրել իր լուռ մնացած ըլլալու քաղաքականութեան համար»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.