«Հորիզոն» կը շնորհաւորէ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման Եօթնամեակը
Եօթնամեակ մը առաջ, երբ Սփիւռքի նախարարութիւնը կեանքի կոչուեցաւ, Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր կառոյցնրէն մէկուն նախասկիզբը դրուեցաւ։
Եօթը տարի ետք, իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ, նախարարութիւնը վերածուած է Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները իրար միացնող հայրենաշաղախ կամուրջին։ Անժխտելի է նախարարութեան կատարած այն վիթխարի աշխատանքը, յատկապէս սուրիահայութեան տագնապի ժամանակահատուածին, աշխատանք, որ այսօր վերածուած է առաքելութեան եւ մինչեւ օրս կը շարունակուի։
Տեղեկատուական եւ լրատուական բնագաւառէն ներս` թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքարի աշխատանքները համակարգելու ուղղութեամբ, նախարարութեան կազմակերպած իրաւագէտներու, լրագրողներու եւ իրազեկման կեդրոններու ներկայացուցիչներու համաժողովները լաւագոյն փաստն են նախարարութեան կատարած եռանդուն աշխատանքին։
Իր ազգանուէր գործունէութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը այսօր կը փաստէ, որ ինք, Ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհով մէկ սփռուած տարագրեալ հայութեան բեկորներու նախարարութիւնն է։ Շնորհաւո´ր տօնդ, Սփիւռքի նախարարութիւն։ Յաջողութեան եւ յարատեւութեան լաւագոյն մաղթանքներով`
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
«ՀՈՐԻԶՈՆ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Գանատա