23 Յուլիս 1993. Ակնայի (Աղդամ) ազատագրման բախտորոշ նշանակութիւնը


Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի յաղ­թա­կան դար­ձա­կէտ­նե­րու շար­քին՝ վեր­ջին ու վճռո­րոշ քայլ մը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Յու­լիս 23ի այս օ­րը, 22 տա­րի ա­ռաջ, երբ շուրջ քսան օր տե­ւած բուռն ճա­կա­տում­նե­րէ ետք, հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը եւ ի­րենց ամ­ բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ա­ռին Դաշ­տա­յին Ար­ցա­խի ա­զե­րիաբ­նակ Աղ­դամ քա­ղա­քը։

18րդ դա­րուն հիմ­նո­ւած եւ 1993ին շուրջ 28 հա­զար ա­զե­րի բնա­կիչ ու­նե­ցող Աղ­դա­մը, իր ա­զա­տագ­րու­մէն ետք, մաս կազ­մեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ա­նոր վար­չա­կան բա­ժան­ման մէջ իր տե­ղը գտաւ Ակ­նայ ա­նո­ւա­նու­մով, առ­նո­ւե­լով Աս­կե­րա­նի վար­չա­տա­րած­քա­յին շրջա­նին մէջ։

Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Աղ­դամ իս­կա­կան պա­տու­հա­սը դար­ձած էր ինչ­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի, նոյն­պէս եւ Աս­կե­րա­նի, Մար­տու­նիի ու Մար­տա­կեր­տի հա­յու­թեան։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը մե­ծա­թիւ զօրք եւ հսկա­յա­կան ռազ­մամ­թերք ու պա­տե­րազ­մա­կան սար­քեր կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր Աղ­դա­մի մէջ, ուր­կէ շա­րու­նա­կա­բար եւ անխ­նայ կը ռմբա­կո­ծո­ւէին ու կրա­կի տակ կը պա­հո­ւէին հայ­կա­կան դիր­քերն ու շար­ժում­նե­րը։

Հե­տե­ւա­բար, երբ Մա­յիս 1992ին հայ­կա­կան ու­ժե­րը հե­րո­սա­կան գրո­հով ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը նա­հան­ջի մղե­ցին եւ ա­զա­տագ­րե­ցին Լեռ­նա­յին Ար­ցա­խի ա­նա­ռիկ ամ­րոց Շու­շին, ռազ­մա­կա­նօ­րէն հայ­կա­կան ու­ժե­րուն հա­յեաց­քը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Աղ­դամ, որ անդր­դո­ւե­լի կը մնար՝ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կո­րո­վը ա­մէն գնով ճզմե­լու իր մո­լեգ­նու­թեան մէջ։

Ինչ­պէս որ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ժա­մա­նա­կա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն՝ Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը թէեւ նո­ւա­զե­ցուց, բայց ամ­բող­ջու­թեամբ ա­ռաջ­քը չկրցաւ առ­նել Ար­ցա­խի քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն, յատ­կա­պէս Լ.Ղ.Հ. մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տին սպառ­նա­ցող վտան­գին:

Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ռազ­մա-օ­դա­յին ու­ժերն ու խո­շոր տրա­մա­չա­փի հրե­տա­նին կ’ըն­կա­լէր ոչ միայն իբ­րեւ իր զօր­քե­րուն ա­ջակ­ցու­թեան մի­ջո­ցի – մար­տի դաշ­տին վրայ, այ­լեւ՝ իբ­րեւ հայ բնակ­չու­թիւ­նը ա­հա­բե­կե­լու ազ­դու մի­ջո­ցի:

Պա­քո­ւի վա­րիչ­նե­րու հա­շո­ւար­կով՝ խա­ղաղ բնա­կա­վայ­րե­րու բար­բա­րո­սա­կան, օ­դա­յին ու հրե­տա­նա­յին գնդա­կո­ծու­թիւն­նե­րը նպա­տակ ու­նէին ստի­պե­լու խա­ղաղ ու շի­նա­րար կեանք ապ­րող հայ մար­դոց, որ­պէս­զի լքեն ու հե­ռա­նան ի­րենց հօ­րե­նա­կան հո­ղե­րէն:

Ընդ­հա­նուր այդ տրա­մա­բա­նու­թեամբ, երբ ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ Շու­շին, Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հսկա­յա­կան քա­նա­կու­թեամբ հրե­տա­նի կեդ­րո­նա­ցուց Աղ­դա­մի շրջա­նին մէջ, այդ շար­քին նաեւ «Գ­րադ» հա­մա­կար­գեր եւ հե­ռա­հար ծո­վա­յին գնդա­ցիր­ներ: Աղ­դա­մի մէջ կեդ­րո­նա­ցած թշնա­մա­կան զօր­քը, որ սե­պի պէս խրո­ւած էր Լ.Ղ.Հ. կեդ­րո­նա­կան շրջան­նե­րուն մէջ, ա­հար­կու վտանգ դար­ձաւ Մար­տա­կեր­տի ու Մար­տու­նիի ինքն­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րուն հա­մար:

Աղ­դա­մէն կա­տա­րո­ւող ռմբա­կո­ծում­նե­րուն եւ ծանր գնդա­ցիր­նե­րով գնդա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ բա­ռա­ցիօ­րէն ա­ւե­րո­ւած էին Աս­կե­րա­նի, Մար­տա­կեր­տի, Մար­տու­նիի շրջան­նե­րը: Յատ­կա­պէս ծան­րա­գոյն կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած էր Աս­կե­րա­նը, հիմ­նա­յա­տակ ա­ւե­րո­ւե­լով։ Աղ­դամ­ցի­նե­րը զի­նամ­թեր­քի պա­կաս չու­նէին, քա­նի որ Աղ­դա­մի մէջ կեդ­րո­նա­ցած էր նախ­կին Խ.Ս.Հ.Մ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Անդր­կով­կա­սի զի­նո­ւո­րա­կան շրջա­նի զի­նամ­թեր­քին պա­հես­տը:

Ն­ման օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ, Աղ­դա­մի ա­զա­տագ­րու­մը եւ ա­զե­րիա­կան կրա­կա­կէ­տե­րուն ճնշու­մը կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն դար­ձած էր:

Աղ­դա­մի վրայ ընդ­հա­նուր յար­ձա­կու­մը սկսաւ 4 Յու­լիս 1993ին, իսկ ա­զա­տագր­ման վճռո­րոշ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը տե­ւեց ե­րեք օր: Յու­լիս 23ին ար­ցա­խեան զօր­քե­րը, ո­րոնք եր­կու կող­մէ շրջա­պա­տած էին թշնա­մա­կան քա­ղա­քը, ստի­պե­ցին ա­զե­րիա­կան զօր­քե­րուն պար­պել քա­ղա­քը եւ հե­ռա­նալ:

Օ­րին Աղ­դամ ղրկո­ւած ա­զե­րի սպայ մը, հե­տա­գա­յին իր յու­շե­րուն մէջ նկա­րագ­րե­լով, թէ Աղ­դա­մը զար­մա­նա­լիօ­րէն դիւ­րին անձ­նա­տուր ե­ղաւ, գրած է.- «Բ­նակ­չու­թիւ­նը չէր ու­զում, որ մենք նրան պաշտ­պա­նենք: Ն­րանք բո­լո­րը փա­խան»:

Այս­պէ՛ս ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ, 23 Յու­լիս 1993ին, նախ­կին Աղ­դամ եւ այժ­մու Ակ­նայ քա­ղա­քը եւ ա­պա­հո­վեց Աս­կե­րա­նի շրջա­նի ու Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի անվ­տան­գու­թիւ­նը:

Ան­մի­ջա­պէս հնա­րա­ւոր դար­ձաւ Մար­տու­նի-Աղ­դամ-­Մար­տա­կերտ ճամ­բուն անվ­տանգ օգ­տա­գոր­ծու­մը:

Ակ­նայ ա­զա­տագր­ման նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել՝ Աղ­դա­մի վրայ յար­ձակ­ման ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ փոխ-գնդա­պետ Տիգ­րան Դեւ­րի­կեա­նի վկա­յու­թե­նէն հե­տե­ւեալ մէջ­բե­րու­մով.-

«1993ի ամ­րա­նը Լ.Ղ.Հ. ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րը մի քա­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով սկսե­ցին Աղ­դա­մը շրջա­պա­տող յե­նա­կէ­տե­րի լռեց­ման լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը: Թշ­նա­մին քա­ղա­քի մա­տոյց­նե­րը սպա­սո­ւա­ծի չափ չէր ա­կա­նա­պա­տել, մին­չեւ վեր­ջին պա­հը յու­սա­լով, թէ ինքն է անց­նե­լու յար­ձակ­ման ու թե­րեւս միայն Շել­լին էր բա­ցա­ռու­թիւն, որ­տեղ գրա­գէտ տե­ղադ­րո­ւած ա­կա­նա­դաշ­տեր կա­յին: Աղ­դա­մի գոր­ծո­ղու­թեան ժա­մա­նակ, ի թիւս այ­լոց, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րի վեց սակ­րա­ւոր զո­հո­ւեց:

«Ընդ­հա­նուր յար­ձակ­մա­նը նա­խոր­դե­ցին դիր­քա­յին ի­րա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման դժո­ւա­րին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոն­ցից յի­շա­տա­կե­լի են յատ­կա­պէս Աղ­դամ-­Մար­տա­կերտ սահ­մա­նագ­ծում մղո­ւած յա­ջող մար­տե­րը, եւ կա­րե­ւոր բար­ձունք­նե­րի գրա­ւու­մը։

«­Յու­լի­սի 20ին ա­զա­տագ­րո­ւեց Փո­լադ­լուն, ո­րը ճա­նա­պար­հա­յին կա­րե­ւոր հան­գոյց էր: Թշ­նա­մին չէր հաշտ­ւում Աղ­դա­մի կորս­տեան հետ, ին­չի վկա­յու­թիւ­նը Շել­լիի մար­տերն էին, որ­տեղ մեր ա­կան­նե­րը թշնա­մուն նաեւ զրա­հա­տեխ­նի­կա­յի կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռե­ցին:

«Ուղ­տի մէջք» կո­չո­ւող բար­ձուն­քից թշնա­մին հրե­տա­կո­ծում էր Ս­տե­փա­նա­կեր­տը: Չ­նա­յած` ինք­նա­պաշտ­պա­նութ­եան ու­ժե­րի հրե­տա­նա­ւոր­նե­րի հա­կա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին, թշնա­մին քա­ղա­քին ու զօր­քե­րին մեծ վնաս հասց­րեց, քա­նի որ անհ­նար էր ո­րո­շել նրանց կա­յանք­նե­րի տե­ղա­կայ­ման ճշգրիտ վայ­րը: Աղ­դա­մի գրաւ­ման հրե­տա­նա­յին ա­պա­հո­վու­մը դժո­ւա­րին աշ­խա­տանք էր. հրե­տա­նա­ւոր­նե­րը շուրջ մէկ ա­միս հե­տա­խու­զում էին ի­րա­կա­նաց­նում:

«Հ­րե­տա­նու զգա­լի մա­սը դեռ Մար­տա­կեր­տում էր, եւ հրե­տա­նա­ւոր­նե­րը կա­րո­ղա­ցան այդ կա­յանք­նե­րը Կի­չա­նում այն­պէս տե­ղա­բաշ­խել, որ կա­րո­ղա­նա­յին ե՛ւ հա­րո­ւա­ծել Աղ­դա­մին, ե՛ւ դի­մագ­րա­ւել նաեւ Մար­տա­կեր­տից հնա­րա­ւոր յար­ձակ­մա­նը:

«­Դա բար­դա­գույն գոր­ծո­ղութ­իւն էր: …Թշ­նա­մուն մո­լո­րեց­նե­լու հա­մար սակ­րա­ւոր­նե­րը սկզբում պայ­թեց­րին Մա­րա­ղա­յի մօ­տի կա­մուր­ջը, ա­պա անց­նե­լով դե­ռեւս լրիւ չա­զա­տագ­րո­ւած ու կրա­կի տակ գտնո­ւող տա­րած­քով, պայ­թեց­րին նաեւ Աղ­դամ-­Մար­տա­կերտ կա­մուր­ջը, որ­պէս­զի Միր Բա­շի­րից սպա­սո­ւող օգ­նու­թիւ­նը դան­դա­ղէր եւ բնակ­չու­թիւնն ու զօր­քը խու­ճա­պի մատ­նո­ւէին: Իսկ Աղ­դամն ու Մար­տու­նին մի­մեանց կա­պող կա­մուր­ջը հա­մընդ­հա­նուր խու­ճա­պի պայ­ման­նե­րում թշնա­մին չէր կա­րո­ղա­ցել պայ­թեց­նել:

«Ա­ռաջ­նա­հերթ խնդի­րը «Ուղ­տի մէջ­քի» գրա­ւումն էր, ա­ռանց ո­րի անհ­նար էր գրա­ւել Աղ­դա­մը: Սկզ­բում ա­զա­տագ­րո­ւեց Շոր­բու­լա­ղի բար­ձուն­քը, ա­պա աջ կող­մում զար­գաց­նե­լով յար­ձա­կու­մը եւ դի­մե­լով թե­ւանց­ման` ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րը սկսե­ցին շրջա­պա­տել հա­կա­ռա­կոր­դին:

«Աղ­դա­մի ա­զա­տագր­ման ժա­մա­նակ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րը փայ­լուն կա­տա­րե­ցին ի­րենց ա­ռա­ջադ­րան­քը։

«Այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը վկա­յեց նաեւ, որ ե՛ւ ծրագր­ման ու կրա­կի կա­ռա­վար­ման, ե՛ւ կրա­կա­յին խոց­ման աս­պա­րէզ­նե­րում, կենտ­րո­նա­կան են­թա­կա­յու­թեան հրե­տա­նուց զատ, բարձր մա­կար­դա­կի է հա­սել նաեւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րի գնդա­յին հրե­տա­նին:

«152 մ.մ. հրա­նօթ­նե­րի կրա­կից քա­ղա­քում մեծ հրդեհ բռնկո­ւեց: Մար­տիկ­նե­րը յե­տոյ միայն հաս­կա­ցան, որ վառ­ւում էր Ադր­բե­ջա­նի չոր­րորդ քա­ղա­քը սնու­ցող հիմ­նա­կան գա­զա­մու­ղը: Երբ բար­ձունք­ներն ա­զա­տագ­րո­ւե­ցին, քա­ղա­քը պարզ ե­րե­ւաց:

«Թշ­նա­մին փոր­ձեց օ­դից ա­ջակ­ցել ընկ­նող քա­ղա­քի պաշտ­պա­նու­թեա­նը, բայց ա­պար­դիւն: Աղ­դա­մի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թեան հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թիւնն ի­րա­կա­նաց­նում էին ե­րեք «ՕՍԱ-ՕԿ» մար­տա­կան մե­քե­նա­նե­րը, ո­րոնք այն­պէս էին տե­ղա­կա­յո­ւել, որ գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծե­րը՝ «օ­ղակ­նե­րը» մի­մեանց մէջ էին:

Մար­տա­կեր­տի կող­մից Յու­լի­սի 21ին ինք­նա­թի­ռը ե­կաւ, մի կա­յան­քը յայտ­նա­բե­րեց ու նրա «օ­ղա­կից» դեռ դուրս չե­կած, միւս կա­յան­քը խփեց: Իսկ յա­ջորդ օ­րը նոյն հա­շո­ւար­կը նոյն հա­տո­ւա­ծում թշնա­մու ուղ­ղա­թիռ ոչն­չաց­րեց»։

Ա­հա այս­պէ՛ս վնա­սա­զեր­ծո­ւե­ցաւ «­Գայ­լի Որջ» Աղ­դա­մը։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.