Ի՞նչ Տեղի Ունեցած է 100 Տարի Առաջ Թել Ապիատի մէջ


Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ 

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ուրֆայի Աքչաքալէ սահմանակէտին մօտ գտնուող սուրիական Թել Ապիատ քաղաքէն Իսլամական պետութիւն ծայրայեղական խմբաւորման զինեալները դուրս քշուեցան քրտական ուժերուն կողմէ՝ այդպիսով հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռելով այդ շրջանին վրայ։ 

Թրքական օրաթերթը կը գրէ. «Թէեւ անիկա այժմ այլ երկիրի սահմաններէն ներս է, սակայն 100 տարի առաջ Աքչաքալէն ու Թել Ապիատը նոյն կեդրոնին կը պատկանէին։ Եւ այս շրջանը 1915-ի տեղահանութեան (Հայոց ցեղասպանութեան «Հ») «ճամբաներէն» մէկն էր՝ ճիշդ Քոպանիի նման…

«Սուրիոյ Ռաքքա նահանգի Թել Ապիատ բնակավայրը Անգարայի օրակարգին վրայ յայտնուած էր 11 յունիսին, երբ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ մասին յայտարարութիւն կատարեց։

«Թել Ապիատի մէջ արաբներուն եւ թուրքմեններուն օդանաւերով հարուածներ հասցնող Արեւմուտքը անոնց փոխարէն ահաբեկչական ՔԱԿ-ը (Քիւրտիստանի Աշխտաւորական կուսակցութիւն – PKK) կը տեղաւորէ։ Մենք ատոր ինչպէ՞ս կրնանք դրական կերպով նայիլ», ըսած էր Էրտողան։

«Քիւրտերու եւ Իսլամական պետութեան միջեւ շարունակուող մարտերու պատճառով Թուրքիոյ օրակարգին վրայ յայտնուած Թել Ապիատը 100 տարի առաջ դէպի Պաղտատ երկաթուղիի կայարաններէն մէկն էր՝ Մուրշիթփընարի, Քոպանիի, Այն ալ-Արապի, Ջելանփընարի, Սերեկանիյէի, Ռասուլայնի կամ Գամիշլիի պէս։

«100 տարի առաջ միւս շրջաններուն պէս ցեղասպանութեան կեդրոններէն մէկը եղած է։ Ռէյմոնտ Գեւորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքին մէջ գոյութիւն ունեցող վկայութիւններու համաձայն, գերմանացի ճարտարապետ Կրայֆը Հալէպի մէջ դասաւանդելու տարիներուն պատմած էր, որ Թել Ապիատ ու Ռասուլայն գացող երկաթուղին մերկ հայ կիներու բռնաբարուած դիակներով լեցուն է։ 

«Հայերու տեղահանութեան ժամանակ այդ գիծի վրայ երեխաներ ծնած են։ Անոնցմէ ոմանք շրջանի իսլամ ընտանիքներուն կողմէ վերցուած են։ Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթեր Ռոսլերի զեկուցումին մէջ կը խօսուի Թել Ապիատի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին. «Բազմաթիւ կանայք կը ծննդաբերէին ճամբուն վրայ, եւ անոնցմէ շատերը ցաւ կը քաշէին դաժան հսկիչներու հսկողութեան տակ։ Ծնած երեխաներու հետ այլ փոքր երեխաներն ալ ճամբաները կը ձգէին։ Թել Ապիատի մօտ՝ անապատին մէջ, իսլամ մը լքուած երկու երեխաներ վերցուց եւ փրկեց զանոնք, հակառակ անոր, որ կրնար մեծ խնդիր ունենալ թուրքերուն հետ»։
«Երեխաներու կեանքը փրկելու համար ընտանիքները ամէն ճամբայ կը փնտռեն, եւ յաճախ ստիպուած կ՚ըլլան զանոնք օտարներուն յանձնել։ Ալեքսանտրեթի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսի պաշտօնակատարն ալ պատմած է իր տեսածներու մասին. «Մարդիկ կիսամերկ կը քնանային հողերու վրայ։ Անոնք նոյնիսկ իրենց վրայ ծածկելու համար ոչինչ ունին։ Ճամբան անոնց ձեռքէն ուժով առած են իրենց ունեցուածքը։ Անոնցմէ շատերը կիսամերկ են, որովհետեւ հագուստները կտոր մը հացի համար վաճառած են»։

«Ան կը նշէ, որ ճամբարի մէջ շուրջ 5000 մարդ կայ՝ հիմնականին մէջ տարեց կանայք եւ երեխաներ։ Տղամարդոց ու 11 տարեկանէն մեծ տղայ երեխաները այլ վայրեր տարած են, իսկ 13-14 տարեկանէն մեծ երիտասարդ աղջիկներն ու կանայք կամ սպաննուած են, կամ վաճառուած։ Գերմանացի պաշտօնեան հաղորդած է, որ վարակիչ հիւանդութիւններ տարածուած են, որու հետեւանքով օրական 25-30, նոյնիսկ՝ 40 մարդ կը մահանան ճամբարին մէջ։ Մահացածները թաղելու համար ճամբարէն շուրջ 100 մեթր հեռու գտնուող հաւաքական գերեզմանը կ՚օգտագործեն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.