Եուվենթուս Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով


11115_heno«Սքայ Սփորթ Իթալիա» կայքին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս կը փորձէ եւ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:

Նկատի ունենալով, որ իտալական ակումբը ձախողեցաւ հոլանտացի Ուեսլի Շնայտըրին ստորագրութիւնը ձեռք ձգել, այժմ անոր հիմնական նպատակը դարձած է Մխիթարեանը:

Սակայն այդ փոխանցումը քիչ մը բարդ կը թուի ըլլալ եւ կը կարծուի, որ անիկա դժուար թէ իրականանայ, կ՛աւելցնէ վերոնշեալ աղբիւրը:

Նշենք, որ թէ՛ Եուվենթուս եւ թէ՛ Տորթմունտ կը մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.