Տերսիմի մէջ յայտնաբերուած է 3000 տարուան հնադարեան բնակավայր մը


«Հորիզոն».- Թրքական worldbulletin կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք հնագէտներ, Տերսիմի Չեմչելի գիւղին մօտ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերած են հնադարեան միջնաբերդի մը աւերակները։ Պեղումներու աշխատանքները ղեկավարած են Պիթլիսի Էրէն համալսարանի պատմաբան Սէրքան Էրտողան եւ Թունչելի մարզի (Տերսիմ) զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի տնօրէն Իսմէթ Հաքան Իւլասօղլու։ Ըստ Սէրքան Էրտողանի, յայտնաբերուած միջնաբերդի տարածքը աւելի մեծ է քան 3 ֆութպոլի դաշտեր միացուած։

Սակայն ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ հնավայրի գտածոներէն մէկուն լուսանկարը, որ տեղադրուած է կայքէջին վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ հայերէն փորագրուած գիրեր։ Լրատուութիւնը վերոնշեալ կայքէջին վրայ հրապարակուած է Նոյեմբեր 14-ին, որուն մասին հետագայ օրերուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուած։

 Հայոց պատմական Ծոփք նահանգի մաս կազմող Տերսիմը կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւմուտք, հիւսիսէն՝ Երզնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ-Մուշ եւ արեւմուտքէն՝ Սեբաստիա։ Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձրութեան վրայ։ Երեք կողմէն շրջապատուած է Եփրատ գետով եւ անոր հարկատուներով։ Գլխաւոր գետերէն է Մնձուրը։ Շրջանը լեռնային է եւ անտառապատ։

Հայկական բարձրաւանդակի սիրտը հանդիսացող Տերսիմը` հայ ժողովուրդի հնադարեան հեթանոսական կրօնքի եւ առաքելատիպ քրիստոնէութեան բնօրրանն է: Տերսիմ այն հազուագիւտ եւ կարելի է ըսել միակ շրջանն է, ուր հայ արեւորդին, ալեւի քիզիլպաշը, Պաւղիկեան աղանդաւորականը դարերու թաւալումին հետ համատեղ եւ համերաշխ ապրած են եւ ժամանակի ընթացքին համաձուլուած են: Այս անառիկ լեռնաշխարհին մէջ ապրելով Մամիկոնեան ազնուատոհմ նախարարութեան վերջին շառաւիղները` միաձուլուած են քիզիլպաշին հետ եւ վերընձիւղուած են որպէս Մամիքա ցեղախումբ: Տերսիմի ահագնագոռ լեռներուն վրայ ծուարած մարտունակ հայն է, որ մինչեւ 20-րդ դար յիշած ու հաւատացած է Անահիտին, Աստղիկին, Վահագնին եւ Արամազդին:

 


 Լեռնածերպերու արծուաբոյններ հանդիսացող եւ շատ յաճախ հայ-քիզիլպաշ խառն բնակչութիւն ունեցող Տերսիմի ըմբոստ գիւղերն ու աւանները երբեք չեն խոնարհած թրքական բռնակալ բանակներուն առջեւ, այլ միշտ պարտութեան մատնած են թուրքերը:

 Մեծ Եղեռնի օրերուն, Տերսիմի ժողովուրդը ապաստան տալու զլացած ըլլար իր տարաբախտ ու հալածեալ եղբայրներուն: Խարբերդի, Արաբկիրի, Դաշտային Տերսիմի, Դերջանի, Երզնկայի եւ Սեբաստիոյ ջարդերէն փրկուած հայորդիներ ապաստան գտան լեռնային Տերսիմ: Հայ եւ օտար աղբիւրներու համաձայն, Տերսիմ հանգրուանած հայ վերապրողներու թիւը 30-40 հազարի շուրջ եղած է, որուն որոշ մէկ հատուածը անցած է ռուսական սահմանը, իսկ Տերսիմ մնացած եւ հաստատուած է ստուար հատուած մը:

 1938-ին, հանրապետական Թուրքիոյ մէջ թրքական կեդրոնական իշխանութեան չենթարկուող միակ շրջանը Տերսիմն էր, որուն դէմ քեմալական բանակը կօիւ կը հրահրէ։ Կը բռնկի 1938-ի Տերսիմի ապստամբութիւնը։ Հոլանտացի պատմաբան Մարթին Վան Պրունսընի տուեալներով 1937-1938, մինչեւ Տերսիմի ապստամբութեան ղեկավար Սէյիտ Ռիզայի գերեվարումն ու կախաղան բարձրացումը (Նոյեմբեր 18, 1938) թրքական բանակը սպանդի ենթարկեց 70 հազար տերսիմցի հայ եւ քիզիլպաշ բնակիչ, որոնց շարքին երեխայ, ծեր եւ կին: Անպաշտօն հաշուարկներով տեղահան եղան կամ փախստական դարձան 150 հազար տերսիմցիներ: Ամայացան հայ-քիզիլպաշ 200 գիւղեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.