Վատիկանը Ի՞նչ Ըրած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու Համար


Պենետիկտոս ԺԵ պապ

«Զենիթ» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է հարցազրոյց մը՝ գերմանացի յայտնի պատմաբան Միքայէլ Հեսմանի հետ, որ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հայերու ցեղասպանութեան նկատմամբ Վատիկանի դիրքորոշման մասին։ Հարցազրոյցը վարող լրագրողը հարց տուած է, թէ ինչու շատերը կը քննադատեն Փիոս ԺԲ. պապը այն պատճառով, որ ակնյայտ կոշտ դիրքորոշում չէ ունեցած՝ հրէական Ողջակիզումը կանխարգիլելու համար։ Պատմաբանը այդ հարցի պատասխանը գտնելու համար ուսումնասիրած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան մասին շուրջ 2000 էջ փաստաթուղթ եւ պարզած, որ Փիոս ԺԲ-ն նախքան Հռոմի եպիսկոպոսապետ ըլլալը, իբրեւ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ծանօթ եղած է 1915-ին Պենետիկտոս ԺԵ պապի հայերու ջարդերը դադրեցնելու մեծ ջանքերուն, որոնք, ապարդիւն եղած են եւ, նոյնիսկ, աւելի գրգռած են Մեհմետ Ե սուլթանի եւ Երիտասարդ թուրքերու ատելութիւնը հայերու նկատմամբ։

 Պատմաբան Հեսման հասկցած է, որ վերոնշեալ եղելութիւնը Փիոս ԺԲ-ին ստիպած է աւելի զգոյշ ըլլալ Ատոլֆ Հիթլերի հետ եւ ջանալ հրեաներուն աւելի օգտակար ըլլալ ծածուկ միջոցներով։ Հեսման քանի մը կարեւոր փաստեր ի յայտ բերած է, ըստ որոնց Վատիկան տեղեակ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ այդ մասին յայտնած է միջազգային ընտանքին եւ իր աղբիւրներու տեղեկութիւններուն հիման վրայ փաստած, որ թրքական կառավարութիւնը կþուզէ ի սպառ ջնջել հայկական տարրը Թուրքիայէն: Վատիկան տեղեակ եղած է նաեւ հայ կաթողիկէներու Իգնատիոս Մալոյեան եպիսկոպոսի սպանութեան մասին։

 1915-ին, Պապական նուիրակ Տոլչէն յորդորած է սուլթանի Մեծ Վեզիրին դադրեցնել հայերու սպանութիւնները։ Նոյն նուիրակը, 1915-ին մեծ արգելքներ յաղթահարելով, Մեհմետ Ե-ին փոխանցած է Պենետիկտոս ԺԵ պապի նամակը, որով Հռոմի եպիսկոպոսապետը սուլթանէն կը խնդրէր՝ գթասիրտ ըլլալ անմեղ հայերու նկատմամբ։ Աւելին, պապական նուիրակները աշխատած են նաեւ Թուրքիոյ դաշնակիցներու հետ՝ խնդրելով անոնց միջնորդել հայերու ջարդերը դադրեցնելու համար։ Այս բոլորը ի զուր անցած են եւ աւելի սրած են հայերու վիճակը Թուրքիոյ մէջ։

 Ըստ պատմաբան Հեսմանի, 1915-16-ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող հայ կաթողիկէներուն շուրջ 87 առ հարիւրը սպաննուած է, որը տոկոսային յարաբերութեամբ նոյնիսկ աւելի շատ է քան սպաննուած հայ առաքելականներուն համեմատութիւնը՝ շուրջ 75 առ հարիւր։ Պենետիկտոս ԺԵ անգամ մը ըսած է.,Դժբախտ հայերը գրեթէ ամբողջութեամբ ուղարկուեցան ոչնչացմանե։ Իսկ նուիրակ Տոլչէն՝ պաշտպանելով հայերը ըսած է պապին, թէ ինք կորսնցուցած է Թալեաթ փաշան, կամ իր բառերով, այդ մասոնական Մեծ Վարպետի բարեհաճ վերաբերմունքը իր նկատմամբ։

 Պատմաբան Հեսման՝ խօսելով մերօրեայ իրադարձութեանց մասին, փաստած է, որ երբ յունիս 2013-ին Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ,20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էե, Անգարան Վատիկանէն տուն կանչեց իր դեսպանը, եւ այժմ վերլուծաբաններուն կը հետաքրքրէ, թէ թրքական իշխանութիւնը ինչպէս նոյեմբեր 2014-ի վերջաւորութեան պիտի հիւրընկալէ պապը։ Պատմաբանը իր հարցազրոյցին մէջ կը փաստէ, որ բոլոր չեզոք պատմաբանները քաջ գիտեն Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զարհուրելի մանրամասնութիւնները։

2015-ին Վատիկան կը նախատեսէ հրատարակել գիրք մը, որուն մէջ հրապարակուած պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական եզակի տեղեկութիւններ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.