Փանիկ Գիւղէն 276 Ընտանիք Տեղափոխուած Է Վլադիւոստոկ Եւ Կամչատկա


ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– «Առաւօտ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փանիկ գիւղի բնակիչ Կորիւն Աւագեան մտահոգութիւն յայտնած է իրենց շրջանին պարզած վիճակին առնչութեամբ։ Ան 30 Հոկտեմբերին գացած էր մասնակցելու իրենց հարեւան գիւղի՝ Արթիկի տարածաշրջանի Անոյշաւան համայնքի մատուռի վերաբացման ու օծման արարողութեան:
«Գիւղական կեանքը շատ է բարդացել հիմա, եթէ խոպան գնալը չլինի, կողքի բոլոր գիւղերը լրիւ մարած են:
Փանիկից 60-70 տնտեսութիւն միայն Կամչատկայում են ապրում, ունենք մարդիկ նաեւ Վլադիւաստոկում, մարդիկ արդէն ընտանիքներով են տեղափոխուել: Մեր գիւղի տնտեսութիւնների քանակը 800 է, որից 276 դուռ արդէն փակ է», յայտնած է ան:
Աւագեան նաեւ դիտել տուած է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը որքան շուտ հեռանայ իշխանութենէն, այնքան շուտ ժողովուրդին աչքերուն լոյսը կը վերադառնայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.