Հայ Դատի Յանձնախումբի «Ազատութեան» Մրցանակը Պիտի Շնորհուի Մորկընթաու Ընտանիքին


Ամերիկայի Հայ դատի Արեւելեան շրջանի յանձնախումբը իր տարեկան ութերորդ ընդունելութեան «Ազատութեան» մրցանակը պիտի շնորհէ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն  Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ընտանիքին եւ  յայտնի իրաւաբան Ռոպըրթ Մորկընթաուին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 դեկտեմբերին` Նիւ Եորք քաղաքին մէջ:

«Անցնելով իր մեծ հօր հետքերով` պարոն Ռոպըրթ Մորկընթաուը եւ անոր ընտանիքը կը շարունակեն ըլլալ Հայ դատի աչալուրջ ջատագովները` Հայոց ցեղասպանութեան եւ միւս բոլոր անարդարութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելով իշխանութիւններուն», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի Արեւելեան ափի յանձնախումբի նախագահ Ստեփան Մեսրոպեան:

«Ազատութեան» մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող միւս հարցերուն մէջ: Այս մրցանակին արժանացած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընսը, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայիս դեսպան, «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր Սամանթա Փաուըրը, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսը, Միացեալ Նահանգներու  նախկին ծերակուտական Էլիզապեթ Տոուլը, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ ուրիշներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.