Ըմբշամարտ. Միհրան Յարութիւնեան Առաջին Ոսկի Մետալին Տիրացաւ Հայաստանի Դրօշին Տակ


20-07mihran-haroutyounianՅունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Միհրան Յարութիւնեան Օլիփիայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, 66 քկ դասակարգի մրցումներուն դարձաւ ոսկի մետալակիր, կը տեղեկացնէ Յունաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

Կիսաւարտականին հայ ըմբշամարտիկը յաղթեց հարաւային քորէացի Ժան Ժուանին, իսկ աւարտականին առանց դժուարութեան պարտութեան մատնեց մեքսիքացի Օսքար Սալքենթոն:

Նշենք, որ նախապէս Յարութիւնեան կը ներկայացնէր Ռուսիան: Ան առաջին անգամ ըլլալով ոսկի մետալի կը տիրանայ Հայաստանի դրօշին տակ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.