Թրքական կայքէջը ներկայացուցած է «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915 թուականը» գիրքը


 

Թրքական «Փիրսուս հապեր» լրատուական կայքը «Գրամատեան» էջին վրայ ներկայացուցած է «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915 թուականը» գիրքի բովանդակութիւնը։ Գիրքը թրքերէն լեզուով նկարագրէ այն աւելի քան 2900 քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը, ուր ապրած են հայերը։ Գիրքը առաջին անգամ ըլլալով օրակարգի վրայ կը բերէ 1915 թուականէն առաջ շրջաններուն մէջ բնակող հայ հոգեւորականներու մասին վիճակագրութիւնը։ Կը ներկայացուին նաեւ բնակչութեան կազմը, հայերուն պատկանող դպրոցներու, աշակերտներու, եկեղեցիներու, վանական համալիրներու քանակը, բնակութեան վայրերու քարտէսները։ Գրքի հեղինակներն են ֆրանսահայ պատմաբան Ռէմոն Գէորգեան եւ Փոլ Բապուճեան

Գիրքը, որ միախմբած է հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու, ընկերատնտեսական զարգացումներու մասին տեղեկութիւնները, որոնք կը հիմնաւորուին պատմական փաստերով, լոյս կը սփռէ 19-րդ դարուն հայ ժողովուրդի արդիականացման հոլովոյթին վրայ։

Թրքական կայքը կը նշէ, որ աշխատութեան ներկայացուցած ամբողջական պատկերը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի լաւ հասկնալ այն ողբերգութեան չափը, որ այս հինաւուրց ազգը 1915-ին ապրած է իր հայրենիքին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.