Յոբելեանական հանդիսութիւն Վանգուվըրի մէջ նուիրուած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակին

9 Մարտ 2024-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի Լազարեան սրահը լեցուած էր վանգուվըրաբնակ մշակութասէր հանդիսատեսներով, ուր հովանաւորութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-ամեակի Հանդիսութիւն։

Ձեծնարկը սկսաւ զոյգ քայլերգներով, կատարողութեամբ Համազգայինի նորակազմ «Մեսրոպ Մաշտոց» պատանեկան երգչախումբին:

Օրուան հանդիսավարն էր «Վարագ» մասնաճիւղի ատենապետ Ռաֆֆի Չափանեան, իսկ Վարչութեան անդամ Անի Միսաքեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Համազգայինը իր համաշխարային ցանցով մեր դիմագիծի պահպանման կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացած է. ներկայիս Սփիւռքի եւ հայ գաղութներուն մէջ մեր մշակոյթը, լեզուն, պարն ու արուէստը կը գոյատեւեն շնորհիւ Համազգայինին եւ իր մասնաճիւղերուն։ Ապա անգլերէնով հանդէս եկաւ նոյնպէս Վարչութեան անդամ Յակոբ Տէր Յակոբեան, որ փոխանցեց գանատական տարբեր քաղաքական դէմքերու շնորհաւորական նամակները:

Հանդիսութեան իբր պատուոյ հիւր ներկայ էր Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար մեծայարգ Adrian Dix եւ իր տիկինը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Գանատայի ԿԿ անդամ Թիթառ Քէօշքէրեան, ինչպէս նաեւ Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ Էօժէնի Բարսեղեան։

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ արուեստագիտուհի սօփրանօ Սեւան Քէօշքէրեան: Ան իր քաղցր ձայնով ներկաներուն հրամցուց փունջ մը երգեր Սայաթ Նովայէն եւ Կոմիտասէն, անկէ ետք Ճօնադըն Կանիօ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ուէնուէն Տու-ի հանդէս եկան Անոյշ օփերայէն, Վէրտիէն եւ Ազնաւուրէն կտորիկներով։ Նաեւ տիկին Ռօզա Մարգարեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ օրիորդ Այա Չափանեանի ներկայացուցին ժողովրդային երգերու շարան մը եւ հմայեցին ներկաները leonard Cohan-ի Hallelujah-ով: Տըլէ Եամանի երգեցողութեան ընթացքին տուտուկի վրայ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռաֆֆի Չափանեան:

Ապա հանդէս եկաւ Համազգայինի նորակազմ «Մեսրոպ Մաշտոց» պատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Նուպար Փամփալեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Լալա Գազանճեան Սիսեռեանի, ներկայացնելով փունջ մը գեղեցիկ երգեր։

Աւարտին յուշանուէր ստացան Վանգուվըրի Համազգայինի մասնաճիւղի հիմնադիրներ եւ տարիներ Համազգայինի ծառայած անդամներ՝ Վազգէն Մովսէսեան, Սօնա Անտոնեան Քեւրանեան, Ազօ Սարգիսեան Մովսէսեան եւ Գօգօ Հռուբեան:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի Պահպանիչով, որուն յաջորդեց կարկանդակի սպասարկութիւն եւ Համազգայինի տարեդարձի երգեցողութիւն, որուն ընկերակցեցան Համազգայինի վեթերան անդամներ՝ Վահագն Պետրոսեան, Ովսաննա Գատեան եւ Սիւզի Կէտիկեան: Ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Մեղրիկ Սիւլահեան

Comments are closed.