Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Պահանջած Են Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ազրպէյճանը Հայաստանի Դէմ Զինուորական Յանցագործութիւններու Համար

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հաստատման լսումները, որոնց ժամանակ յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսը եւ Մերիլենտ նահանգէն ծերակուտական Քրիս Վան Հոլենը ընդգծած են Ուաշինկթընի կողմէ Ազրպէյճանը իր զինուորական յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ այդ երկրի` հայերուն վրայ յարձակումը յստակօրէն դատապարտելու կարեւորութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Հայաստանի մէջ գործող, սակայն, Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած Լին Թրէյսիին ուղղուած հարցումներուն մէջ Մենենտես մտահոգութիւն յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները վերջերս խուսափած են Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու սպանութիւնն ու անդամահատումը պատկերող տեսանիւթերուն վերաբերեալ հարցումներէն:

«Անհրաժեշտ է, որ մեր դեսպանները, յատկապէս տագնապներու վայրերուն մէջ, կարենան հետամուտ ըլլալ իրականութեան, որպէսզի մենք` իբրեւ քաղաքականութիւն մշակողներ, կարենան որոշել ճշմարտութեան հետ կապուած ի՛նչ ընել», յայտարարած է ծերակուտական Մենենտեսը:

Այնուհետեւ, երբ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Քրիսթինա Քվիեն խոստացած է ամէն ինչ ընել` օգնելու հայերուն որեւէ խնդրանքով, որով անոնք պիտի դիմեն փաստագրելու այս տեսանիւթերուն մէջ պատկերուած վայրագութիւնները, Մենենտես պատասխանած է. «Ես հայերէն խնդրանքներ չեմ ուզեր, ես կ՛ուզեմ, որ մենք նախաձեռնող ըլլանք, որպէսզի կարենանք որոշում տալ»:

«Ծերակուտականներուն անհրաժեշտ են փաստեր ազրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւններու եւ յարձակումի մասին, երբ որոշում կու տան կիրարկելու 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները` Ազրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ», բացատրած է Մենենտես:

«Ես կ՛ուզեմ, որ ըլլայ դեսպան, որ եռանդուն կերպով պիտի օգնէ մեզի որոշել` արդեօք մահապատիժները, այլ խեղումները, այս այլ գործողութիւնները ճի՞շդ են, թէ՞ ոչ, որպէսզի մենք` իբրեւ քաղաքականութիւն մշակողներ, կարենանք որոշում կայացնել: Կրնա՞մ այս հարցին մէջ ձեր վրայ յոյս դնել», հարցուցած է Մենենտես:

«Այո՛, ծերակուտական, եւ ես աւելի հեռուն պիտի երթամ` ըսելով, որ նման բնոյթի յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութիւնը ինծի համար շատ կարեւոր է, եւ ես պիտի աշխատիմ, որպէսզի համոզուինք, որ կայ նաեւ պատասխանատուութիւն», ըսած է դեսպանի թեկնածու Քվիենը:

«Առանց պատասխանատուութեան արդարութիւն չկայ», ընդգծած է Մենենտես:

Շարունակելով Մենենտեսի միտքը` ծերակուտական Վան Հոլըն շեշտած է պատասխանատուութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` նաեւ նշելով իր մտահոգութիւնը Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քարեն Տանֆրիտի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի` վերջին յարձակումներուն ժամանակ Ազրպէյճանը յստակօրէն իբրեւ նախայարձակ ճանչնալէն հրաժարելու նկատմամբ:

«Սեպտեմբերին անկախ մամլոյ աղբիւրներու կողմէ շատ լաւ փաստագրուած է, որ Ազրպէյճան յարձակումներ գործած է եւ տարբեր տեսակի վայրագութիւններ կատարած: Ես կը հասկնամ միջնորդ ըլլալու կարեւորութիւնը, սակայն վստահելի միջնորդ ըլլալու համար, իմ կարծիքովս, դուք պէտք է գոնէ սկսիք փաստերէն եւ պատրաստ ըլլաք զանոնք հրապարակաւ յայտարարելու», յայտարարած է ծերակուտական Վան Հոլըն:

Միացեալ Նահանգներու Արցախին օգնութեան վերաբերեալ նախագահ ծերակուտականը նշած է, որ ինք «խորապէս մտահոգ է, որ ո՛չ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրած են 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին պատճառով տեղահանուած 100.000 մարդուն կամ ներկայիս շրջանին մէջ բնակողներու ներկայ կարիքներուն օգնելու համար»:

Ծերակուտականները մէկ շաբաթ ժամանակ ունին դեսպաններու թեկնածուներուն լրացուցիչ հարցումներ ներկայացնելու համար, որմէ ետք Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, եւ աւելի ուշ` Ծերակոյտի ամբողջական կազմը, կարելիութիւն պիտի ունենան հաստատել թեկնածուները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.