Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ դատի յանձնախումբին, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ Համիլթընի մէջ, Ապրիլ 21-ին։

Առաւօտեան, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յիշատակում մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։ Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կեդրոն, ուր պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, սկսաւ ոգեկոչումի պաշտօնական ձեռնարկը, ժամը 2։30-ին։

Բացումը կատարուեցաւ ջահակիրներ Պօղոս Սէֆէրեանի եւ Հայկուհի Պէքմէզեանի առաջնորդութեամբ սկաւուտներուն ու պատանիներուն մուտքով:

Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս երգեցողութենէն ետք, օրուան հանդիսավարները՝ Արլին Պէքմէզեան (անգլերէնով) եւ Անուշ Պէքմէզեան, իրենց բացման խօսքերով բացատրեցին օրուան խորհուրդը եւ բեմ հրաւիրեցին Գոհար Ղազարեանը, Սիլվա Քէլէշեանը, Րուզան Աբգարեանն ու Վերա Պաղտասարեանը, ասմունքելու Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի գրութիւններէն, վերածնունդ թեմայով, միաժամանակ կենդանի պատկերի ցուցադրութեամբ։

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Սարգիս Գըլըպոզեան, իր պատգամը փոխանցելու։

Բանախօսին յաջորդեց հիւրերու խօսքը. Համիլթընի քաղաքապետ Անտրիա Հարվաթ, զգացուած ներկայացումէն, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ թելադրեց ներկաներուն, որ չմոռնան իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը ու մնան պատնէշի վրայ, միշտ ողջ աշխարհին յիշեցնելով տեղի ունեցած անարդարութիւնը։

Խօսք տրուեցաւ նաեւ քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ հայազգի Թոմ Ճագսընին, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

Նուշիկ Թովմասեան ասմունքով հանդէս եկաւ Թումանեանի «Հին կռիւ»ը կտորով:

Սկաուտներու կողմէ կենդանի պատկերի ներկայացումէն եւ «Ապրիլ 24»ի երգեցողութենէն ետք, Հայր Միւռոն Սարգիսեանի խօսքով ու «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ ձեռնարկը:

Յակոբ Աբգարեան

Comments are closed.