Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 12-րդ Թիւը

Արդէն իսկ հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան 12-րդ թիւը: 2022-ի աւարտական այս թիւին առաջնորդող յօդուածը գնահատականը կը կատարէ նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններու գործունէութեան, որուն հետեւանքը Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութիւնն է: Իշխանութիւններու գործունէութեան էութեան նուիրուած է նաեւ դիւանագէտ, վերլուծաբան Վարդան Յակոբեանի յօդուածը:

Քաղաքականագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան տուեալ իրողութիւններուն կ՛անդրադառնայ դիւանագիտական վերջին գործընթացներու վերլուծութեամբ: Գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեան Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային կեանքի իրողութիւնները կը քննէ ներհասարակական-բարոյական փոխյարաբերութիւններու լոյսին տակ:

Պետութեան համար պատմական պահուն հասարակական կրաւորական մթնոլորտի, ազգային թուլացած դիմադրողականութեան պատճառը կը համարէ դարեր շարունակ եւ յատկապէս վերջին մօտաւոր 140 տարիներու ընթացքին ժողովուրդի ազնուականական շերտի հետեւողական ոչնչացումը:

ՀՅԴ պաշտօնաթերթի դեկտեմբերեան թիւի «Տարածաշրջանային» ու «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներու տակ ներկայացուած են Հայաստան-Արցախի շուրջ կամ անոնց ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով առնչուող իրադարձութիւններուն:

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա Գալստեանի յօդուածին մէջ ներկայացուած են քիչ յայտնի եւ նոր փաստեր Պուլկարիոյ ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհի կեանքին ու գործունէութեան մասին:

Ճարտարապետ, գրող եւ հրապարակագիր, «Հորիզոն»-ի ու «Հորիզոն գրական»-ի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն «Ընկերական զրոյցներու» շարքին այս անգամ քննարկումի սեղան կը բերէ չարչրկուած այն հարցը, թէ կարելի՞ է արդեօք կառավարել սփիւռքը, ի՞նչ մարմին եւ ինչպէ՞ս կրնայ կառավարել:

«Դրօշակ»-ի տարեվերջեան թիւը նիւթերու առումով բազմազան է ու հետաքրքրական: Համացանցի վրայ կրնաք գտնել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2022/12/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-12-2022%D5%A9.pdf կամ droshak.am հասցէով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.