Գանատայի խորհրդարանի նիստի ընթացքին պատգամաւոր Ֆայսալ Էլ Խուրի կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը

Հորիզոն – Գանատայի խորհրդարանի այսօրուան նիստի ընթացքին պատգամաւոր Ֆայսալ Էլ Խուրի դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը

Անտեսելով Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կոչը՝ համավարակի ճգնաժամի ընթացքին հրադադարը յարգելու, Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը վայելող Ատրպէյճանի կառավարութիւնը  սպառնաց ռմբակոծել Հայաստանի հիւլէայակայանը եւ հակամարտութեան ընթացքին թիրախ դարձուց անմեղ քաղաքացիներ, յայտարարեց պրն. Խուրին։

Իր ելոյթի աւարտին, ան անմիջական հրադադարի կոչ ուղղեց։

Նշենք, որ անցնող օրերուն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին ընդառաջելով՝ Գանատայի խորհրդարանի անդամ պատգամաւորներ դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակակողապաշտ քաղաքականութիւնը։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/593106688063057/?eid=ARAi-Kbxm5jJsR8q9c_YBW9LM5q-T04ciay4-unXDL0yDigQHLZMlpwvhbyi3YxpP0KTap2vJrIQq2c-

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.