Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքին շնորհանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին:

Հանդիսավար Թալիա Ճապրայեան հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով, որուն մէջ ըսաւ. «1970-ական թուականներէն ի վեր, դժբախտաբար, հազուագիւտ են արեւմտահայերէն հրատարակութիւնները բժշկական պարբերաթերթերու կամ գիրքերու, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հետեւաբար 2000 թուականէն սկսեալ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» 6 հատորները եզակի երեւոյթ են»: Անդրադառնալով Համազգայինի Գրական յանձնախումբին գործունէութեան ան յայտնեց. «Եւ որովհետեւ Համազգայինի Գրական յանձնախումբին առաջադրութիւնն է լուսարձակի տակ առնել նոր հրատարակուած գիրքեր, ապա մեծապէս գնահատելով նման եզակի երեւոյթ մը, խորին գոհունակութեամբ կը կազմակերպէ «Բժիշկին խօսքը» հատորներուն շնորհանդէսները, նախ՝ որպէս գերգնահատելի երեւոյթներ, ապա որպէսզի մեր հանրութիւնը տեղեակ պահէ նման գիրքերու բովանդակութեան, արժէքին ու կարեւորութեան մասին»: Անկէ ետք Եսենիա Քելլէեան ընթերցեց հակիրճ կենսագրականը գիրքը ներկայացնող Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանին:

Ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը գիրքէն պատկերներու, որպէսզի ներկաները գաղափար մը կազմեն գիրքին թեմաներուն մասին: Ապա Ճապրայեան ներկայացուց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կենսագրականը եւ հրաւիրեց Սոնա Թիթիզեանը ներկայացնելու գիրքը:

Թիթիզեան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց. «Այսօրուան ներկայացուելիք գիրքը 6-րդ հատորն է «Բժիշկին խօսքը» շարքին: Հատորը կը կրէ «Բժիշկին Զ. խօսքը» խորագիրը, հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, հրատարակուած է այս տարի, Մոնթրէալ, «Մելան» հրատարակչատան կողմէ, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին: Հատորին կողքին նկարը կը պատկանի ողբացեալ արուեստագէտ-գծագրիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանի, կողքի ձեւաւորումը կատարած է Եղիա Պէքմեզեան, սրբագրութեան եւ խմբագրական աշխատանքները տարած են հեղինակին բարեկամ մտաւորականներ՝ Վրէժ Արմէն եւ Սարգիս Մահսերէճեան: Հատորը ձօնուած է բոլոր հերոս բժիշկներուն եւ բուժաշխատողներուն, որոնք նահատակուեցան 2020-ի Արցախեան պատերազմի օրերուն: Գիրքը կը բաղկանայ 387 էջերէ, բաժնուած 13 գլուխներու, որոնց աւարտին կայ ցանկերու շարք մը»:

Անդրադառնալով հատորին մէջ տեղ գտած հիւանդութիւններու վերաբերող գրութիւններուն՝ ան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր հիւանդութեան մասին յօդուածը ընդհանրապէս կը սկսի նախ մարմնի տուեալ անդամին կազմուածքին մասին բացատրութեամբ, ապա հիւանդութեան ծագումին, յարուցիչ ազդակներուն, դրդապատճառներուն, ախտանշաններուն, հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց կանխարգիլման եւ դարմանման միջոցներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցուին, յաճախ նկարներու օգնութեամբ, որոնց վրայ ընդհանրապէս զետեղուած են հայերէն անուանումները: Այս բոլորը տուեալ հիւանդութեան մասին ամբողջական գաղափար կազմել կու տան, որով կը դիւրանայ անոր կանխարգելումը կամ դարմանումը»:

Թիթիզեան յայտնեց, թէ հատորին 13-րդ գլուխը կը կոչուի «Բժշկապատմական», որ կը բովանդակէ բժշկութեան առընչուած չափազանց հետաքրքրական յօդուածներ, որոնց մէջ անդրադարձ կատարուած է երաժշտութեան դերակատարութեան՝ բուժման գործընթացին, առաջին հայ կին հոգեբոյժին մասին, հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանի, պատմութեան ընթացքին զանազան համաճարակներու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն կարգ մը համաճարակներու փորձարկութիւններու կատարումին հայ զինուորներուն եւ հայ հիւանդներու վրայ՝ թուրք բժիշկներու կողմէ եւ այլ նիւթերու մասին: Ան յայտնեց նաեւ, որ գիրքի աւարտին կան հատորին բառացանկերուն աղբիւրները, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառացանկերու շատ հարուստ եւ ճոխ հաւաքածոյ մը, բժշկական նոր բառերու ցանկ մը՝ առաջարկուած հեղինակին կողմէ եւ համանուն 6 հատորներուն բովանդակութիւնը, որոնք կը կազմեն 345 յօդուած:

Թիթիզեան իր խօսքը եզրափակեց այսպէս. «Հուսկ, թելադրելի է, որ բոլոր հայ ընտանիքները իրենց տուներէն ներս ունենան այս հատորները, որպէսզի ‘‘հայ հանրութիւնն ալ օժտուի առողջապահական տարրական, եւ ո՛չ միայն տարրական գիտելիքներով, անակնկալներու պարագային եւ բժիշկի կամ հիւանդանոցի խնամքին ապաւինելէ առաջ, դիմէ ինքնօգնութեան, կանխարգիլէ վիճակի բարդացում’’ կ’ըսէ Մահսերէճեան»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց հեղինակին հետ, յատկապէս 1970-ին բժիշկին կողմէ առաջին անգամ յիշատակուած երկու հիւանդութիւններու՝ մատիլանկի տձեւութեան եւ լսողական տկարացումի միատեղ գոյութեան մասին, որմէ ետք 2003-ին երկրորդ անդրադարձ մը եղած է անոր մասին, որուն մէջ յիշատակուած է բժիշկին տեղեկագրութիւնը նշեալ պարագային մասին 1970 թուականին: Բժիշկը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերոյիշեալ պարագային մասին եւ ապա շնորհակալական խօսքով աւարտեց երեկոն:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.