Արցախի իրադարձութիւններուն ժամանակ, անաչառ կարծուած կարգ մը թրքական լրատուամիջոցներ հակահայ լրատուութիւն սփռեցին. պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէիրմենճեան

Թուրքիոյ ընդդիմադիր կողմեր, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի կամ հայութեան, իրենց ցեղապաշտական երեսը յանկարծ ցոյց կու տան:

Ստորեւ կը հրապարակենք պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէիրմենճեանի հետ «Հորիզոն»ի կատարած հարցազրոյցը.

Հ.- Դուք Մոնթրէալ կը գտնուիք Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին կողմէ յատուկ հրաւէրով, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական եւ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ ձեր «Կապոյտ երազ» պատմուածքներու ժողովածուին երկրորդ տպագրութեան առիթով շնորհանդէս. կրնա՞ք անոնց մասին տեղեկութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն:

Ս.Տ.- Նախ ըսեմ, որ 2020-ին երբ Մոնթրէալ կը գտնուէի Պոլսահայ միութեան հրաւէրով, առիթ ստեղծուեցաւ եւ բախտաւորութիւնը ունեցայ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի առաջին դասախօսը ըլլալու: Այս անգամ, երբ «Լեւոն Շանթ» դասընթացքի ղեկավար պարոն Վիգէն Թիւֆէնքճեանի հրաւէրով կը գտնուիմ Մոնթրէալ՝ դասախօսելու դասընթացքի մասնակիցներուն, Պոլսահայ միութիւնը առիթէն օգտուելով եւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին հետ գործակցաբար, կազմակերպեց գիրքին շնորհանդէսը: Հայերէնագիտական դասընթացքի դասախօսութիւնս պիտի ըլլայ եղեռնի առկայութիւնը ստանպուլահայ գրականութեան մէջ, նկատի առած որ ստանպուլահայ գրողները ուղղակիօրէն չեն խօսած եղեռնի մասին, բայց կատարած են անուղղակի անդրադարձներ:

Գալով «Կապոյտ երազ» գիրքին. այս հատորը կազմած եմ Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի ստանպուլահայ գրողներէ քաղուած պատմուածքներով, որոնց թեման կը վերաբերի ծովուն, նաւուն, կղզիին կամ նաւամատոյցներուն: Քաջ գիտենք, որ Պոլիսը կ’առնչուի ծովու հետ, եւ օսմանեան շրջանի արեւմտահայ գրողներէն շատեր, օրինակ՝ Լեւոն Բաշալեան, Տիգրան Կամսարական, Գրիգոր Զօհրապ եւլն., իրենց գործերուն մէջ ծովը, շոգենաւը, կղզին կը գործածեն որպէս բեմ: Այս հատորը, ուրախ եմ ըսելու, որ բաւական հետաքրքրութիւն յառաջ բերաւ. գիրքին առաջին տպագրութիւնը սպառած է եւ ան ունեցած է երկրորդ հրատարակութիւն, որ հայ գիրքի մը համար երանելի երեւոյթ է:

Գրողներու մեծ մասը արեւմտահայերէնով գրող ստանպուլահայ հեղինակներ են, թէեւ կան քանի մը արեւելահայ գրողներ ալ, որոնք Հայաստան ծնած են եւ սովետական իշխանութեան օրերուն գաղթած են Պոլիս, որոնցմէ է օրինակ Եղիշէ Այվազեանը: Կայ նաեւ Արաքսի Նաթանեանը, որուն մասին կենսագրական ոչ մէկ տեղեկութիւն յաջողեցայ ձեռք ձգել, բայց արեւելահայերէնով գրած եւ գիրք ալ հրատարակած է: Արեւելահայերէնով կը գրէ նաեւ Գեղամ Սեւան, որ պոլսեցի է, բայց 50-ականներուն անցած է Պէյրութ, ուր շրջան մը մնալէ ետք տեղափոխուած է Հայաստան եւ արեւելահայերէնով սկսած է գրել. այսպիսով ինք ալ Պոլսոյ մասին արեւելահայերէնով գրած հեղինակներու շարքին է:

Հ.- Դուք դասաւանդած էք Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու մէջ. հակիրճ կերպով կրնա՞ք անդրադառնալ ձեր ուսուցչական փորձառութեանց այս երկու իրարմէ բաւական տարբեր համայնքներէն ներս:

Ս.Տ.- Երկու տարի Երուսաղէմի մէջ պաշտօնավարեցի որպէս ուսուցիչ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ուր հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէի, իսկ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ալ՝ գրաբար: Անկէ ետք վերադարձայ Պոլիս եւ որպէս հայերէնի եւ կրօնագիտութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարեմ Էսաեան վարժարանէն ներս, որ հիմնուած է 1895-ին եւ Պոլսոյ պատմական վարժարաններէն է: Յակոբ Սիրունի, Մեսրոպ Արք. Նշանեան, Վահրամ Փափազեան եւ ուրիշներ իր սաներու կարգին են: Կը պաշտօնավարեմ նաեւ Գարակէօզեան վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է որպէս որբանոց 1913-ին, եւ ուր յաճախած են գաւառի հայութեան զաւակները, որպէս գիշերօթիկ սաներ: Հոն ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք կ’իրականացնեմ:

Գաղտնիք մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ նշեմ, թէ Պոլսոյ մէջ հայերէնախօսութիւնը կը նահանջէ. համալսարան մուտք գործելու պայմանները նկատի առած՝ հայերէնը առաջնահերթութիւն չի նկատուիր ոմանց կողմէ: Մենք անշուշտ կը ջանանք հայերէնը հետաքրքրական դարձնել մեր աշակերտներուն, տարբեր միջոցներով: Գիտէք, որ Պոլիսը հարուստ է հայկական մշակոյթի կոթողներով, հետեւաբար այցելութիւններ կը կազմակերպենք դէպի այդ վայրեր, որպէսզի ծանօթանան, եւ այս այցելութիւններուն ընթացքին գիտելիքներ կը փոխանցենք եւ մեր դասական գրողները կը ծանօթացնենք իրենց:

Երուսաղէմի առաւելութիւնը հայախօս գաղութ մը ըլլալն է։ Երուսաղէմի վարժարանը կ’ընդունի նաեւ քրիստոնեայ արաբ աշակերտներ, սակայն անոնք ալ հետզհետէ կը դառնան հայախօս։ Անշուշտ Ս. Յակոբեանց վանքի հայաբոյր մթնոլորտն ալ կ’ունենայ իր դրական ազդեցութիւնը: Պոլսոյ մէջ կը գործեն շուրջ յիսուն հայկական եկեղեցիներ եւ տասնվեց հայկական վարժարաններ։ Պէտք է աւելցնել նաեւ Հրանդ Տինքի անունով գործող հայաստանցի աշակերտներու յատուկ դպրոցը, ուր հայաստանցի ուսուցիչներու կողմէ կը դասաւանդուի հայերէն եւ հայոց պատմութիւն. այս դպրոցը թէեւ պաշտօնական հանգամանք չունի, բայց պետութիւնը չի խանգարեր անոր գործունէութիւնը:

Մեր աշակերտները դպրոցական տարիներուն շատ յաճախ ցանկալի հետաքրքրութիւնը չեն ցուցաբերեր հայերէնի նկատմամբ, բայց երիտասարդութեան տարիներուն, երբ կը նետուին թրքական շրջանակի մէջ եւ շփում կ’ունենան զանազան մարդոց հետ, յանկարծ իրենց ինքնութիւնը կը վերագտնեն, հոգեփոխութիւն մը կ՚ունենան. կը սկսին հայերէն սորվիլ եւ կ’ափսոսան, որ դպրոցական տարիներուն պէտք եղած կարեւորութիւնը չեն ընծայած հայերէնին: Ասոնք երբ ընտանիք կազմեն, զարմանալիօրէն կը փափաքին իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկել եւ հայերէն սորվեցնել անոնց:

Հ.- Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ու Արցախի հայաթափումն ու արցախցիներու բռնագաղթի ենթարկուիլը ի՞նչ անդրադարձ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր ժողովուրդին վրայ, եւ Թուրքիոյ մէջ գործող մեր հայկական մամուլը կրցա՞ւ անդրադառնալ անոնց մասին:

Ս.Տ.- Մամուլը օրը օրին անդրադարձաւ անշուշտ՝ «Ժամանակ»ը, «Մարմարա»ն, «Ակօս»ը: Ատրպէյճանական քարոզչամեքենան լրջօրէն կը հետապնդէ այս հրպարակումները, հետեւաբար զգուշաւորութիւնը ձեռքէ ձգելու չէր երբեք:

Թուրքիա ուղղակիօրէն առնչուած էր պատերազմին եւ Ատրպէյճանի կողքին էր, ռազմավարական աջակցութիւն կը ցուցաբերէր եւ չէր թաքցներ։ Ըսեմ, որ այս մթնոլորտին մէջ եղան թրքական լրատուամիջոցներ, որոնք անաչառ տեղեկատուութիւն փոխանցեցին։ Բայց ասոնց թիւը շատ քիչ էր, որովհետեւ նոյնիսկ ընդդիմադիր կողմեր նման պարագաներու իրենց ցեղապաշտական երեսը յանկարծ ցոյց կու տան, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի կամ հայութեան: Հետեւաբար անաչառ կարծուած կարգ մը լրատուամիջոցներ ալ նախընտրեցին լուռ մնալ կամ փոխանցել հակահայ լրատուութիւն:

Մենք ո՛չ միայն հետեւացանք, այլ յուսալքութիւն ապրեցանք։ Պոլսահայութիւնը շատ անգամ ինքզինք առանձին զգաց, որովհետեւ բոլոր այն կարծեցեալ բարեկամները, որոնք հայասէր կը ձեւանային, փոխանակ ձայն բարձրացնելու՝ լուռ մնացին։ Տխուր էր:

Երբեմն աղէտները իրենց դրական ազդեցութիւնն ալ կ’ունենան. կարգ մը հայեր, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը օտար շրջանակի մէջ անցուցած էին, Արցախի կորուստէն ետք հոգեփոխութիւն ապրեցան, արթնցաւ իրենց մէջ հայը, եւ սկսան հայկականով հետաքրքրուիլ կամ որեւէ ձեւով փորձեցին օգտակար դառնալ մեր ժողովուրդին:

Հ.- Խօսինք իսլամացած հայերուն մասին. ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող հայկական արմատներով բայց բռնի կերպով իսլամացած մեր ժողովուրդին այդ խաւը:

Ս.Տ.- Սփիւռքահայեր ոգեւորուած են եւ յաճախ կ’արծարծեն այս նիւթը, սակայն որքանո՞վ ճիշդ է զանոնք լիիրաւ հայ կոչել, երբ իրենց ընտանիքին հեռաւոր մէկ անդամը միայն, յաճախ մեծ մայրը, հայ եղած է: Անոնք ընդհանրապէս իսլամութիւն կը դաւանին եւ հայութիւնը իրենց ինքնութեան չնչին տոկոսը կը կազմէ: Այս խաւին գոյութեան կարեւորութիւնը այն է, որ անոնք գոնէ առաւել հասկացողութիւն կրնան ցուցաբերել հայութեան հետ առնչուող հարցերուն: Այս չի նշանակեր, որ անոնք անպայմանօրէն պիտի պայքարին հայութեան համար, բայց գոնէ որոշ հասկացողութիւն ու զգայնութիւն պիտի ցուցաբերեն հայկական հարցերու հանդէպ, տարիներու ընթացքին պետական քարոզչութեամբ իրենց մէջ ցանուած թրքութիւնը, հայու նկատմամբ թշնամանքը պիտի նուազի:

Միւս կողմէ կան ընտանիքներ, որոնք յայտնաբերելով իրենց հայութիւնը, քրիստոնեայ կը դառնան, կը մկրտուին եւ իրենց զաւակները հայկական վարժարան կ’ուղարկեն։ Բայց ասոնց տոկոսը շատ քիչ է, այս համարձակութիւնը ունեցողները քիչ են: Իսկ ոմանք ալ կը փորձեն շահագործել այս պարագան՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալով Եւրոպա գաղթելու նպատակով. նման դէպքեր յաճախ կը լսուին:

Թուրքիոյ հայ համայնքը, որ մօտաւորապէս 50 հազար կը հաշուէ եւ որ քրիստոնեայ է, հայկական դպրոց կը յաճախէ, կը մկրտուի որպէս հայ քրիստոնեայ, զգուշութեամբ կը մօտենայ այս նուրբ հարցին։ Եթէ այս թաքուն հայերը պիտի ընդունինք որպէս լիիրաւ հայ, անոնք իրաւունք պիտի ստանան Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ դառնալու ղեկավար տարր, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքով, իսկ երբ այդ անձը համայնքին եւ անոր կառոյցներուն ծանօթ չէ, անոնց գործելակերպէն տեղեակ չէ, իսլամութիւն կը դաւանի, հայախօս չէ, ինչպէ՞ս պիտի քուէարկէ կամ ղեկավար մարմնի անդամ դառնայ՝ յատկապէս հայկական դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն:

Այս հարցը նուրբ է եւ բարդ: Ոգեւորուելով եւ խանդավառուելով հարցեր չեն լուծուիր: Անոնց տէր ըլլալը լուրջ խնդիր է եւ որուն համար, դժբախտաբար, առ այսօր ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ Սփիւռքի մէջ ռազմավարութիւն չէ որդեգրուած:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.