Արցախէն դուրս եկանք միայն մէկ յոյսով ու խոստումով՝ ետ վերադառնալ Արցախ. ԱՀԱԸ Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) հիմնուած է 1918-ին, Հայ Աւետարանական Միութեան Արեւելեան Նահանգներու Տարեկան Համաժողովին: Այդ օրերուն անոնց կիզակէտն էր Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնութեան ձեռք երկարել: Այսօր ԱՀԱԸ շուրջ 24 երկիրներու մէջ կը գործէ եւ կ’օժանդակէ բոլոր հայ կարիքաւորներուն:

ԱՀԱԸ-ի Արցախի մէջ գործունէութեան մասին իրազեկ դառնալու համար ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեանի հետ «Հորիզոն»ի հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ սփիւռքահայ այս բարեգործական կազմակերպութիւնը Արցախի առաջին պատերազմէն անմիջապէս ետք, 1995 թուականին, գրասենեակ հիմնած է Ստեփանակերտի մէջ, եւ այնուհետեւ յառաջիկայ ամիսներուն, տարածուելով Արցախի ամբողջ տարածքին, հասած է Մարտակերտ, Ասկերան, Շուշի եւ Հադրութ, ուր իր սրբազան առաքելութիւնը եղած է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Կարապետեան անդրադառնալով Արցախի մէջ, նախքան պատերազմ 1995-էն մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-20, ընկերակցութիւնը բնաւ չէ դադրած գործելէ, ըլլայ այդ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին, թէ 10 ամսուան շրջափակումի օրերուն: Ան կը պատմէ, թէ այն ժամանակ, երբ փակ էին ճանապարհները, անոնք բաւականին սնունդ հասցուցած են գիւղեր, յատկապէս նորածիններու կաթ եւ այլ տեսակի սննդեղէն: Ան նոյնիսկ նշեց, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը դիմած է ընկերակցութեան, որպէսզի օժանդակութիւն հասցնեն բժշկական տարբեր կեդրոններու: Այս բոլորով հանդերձ ընկերակցութիւնը շրջափակման ընթացքին յաջողած է ճամբարներ կազմկերպել, երբ ելեկտրականութիւն ու կազ չկային, չկային նաեւ փոխադրամիջոցներ, անոնք հետիոտն օրական մի քանի քիլոմեթր կտրելով կը հասնին շրջակայ գիւղեր եւ երեխաներուն համար այնտեղ ծրագիրներ կ’իրականացնեն, փորձելով այդ անյոյս վիճակին մէջ յոյսով եւ լոյսով ողողել երեխաներուն հոգիները:

Արցախի ներկայացուցիչը յիշելով ընկերակցութեան իրագործած ծրագիրները ըսաւ, թէ ընկերակցութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր կրթական ոլորտին, հիմնելով մանկապարտէզներ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Հադրութի մէջ, ուր նաեւ շրջակայ գիւղերէն երեխաները կու գան յաճախելու այդ մանկապարտէզները: Ընդհանուր հաշուարկով աւելի քան 400 երեխայ ունեցած են այդ մանկապարտէզներուն մէջ: Անոնք ունեցած են նաեւ ցերեկային կեդրոններ՝ նախատեսուած դպրոցական երեխաներու համար Շուշիի եւ Ասկերանի մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, թէ եթէ այս դէպքերը չպատահէին՝ Ստեփանակերտի մէջ եւս պիտի հիմնուէր ցերեկային կեդրոն: Այս կեդրոններուն մէջ եղած են դպրոցական տարիքի աւելի քան 60 երեխաներ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են հոն պատրաստելու իրենց դասերը, ինչպէս նաեւ իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները զարգացնելու՝ մասնագէտ ուսուցչակազմի օգնութեամբ: Ընկերակցութիւնը նաեւ իրականացուցած է ճամբարներ, որոնք կրթական եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբած են տարբեր տարիքի երեխաներու՝ մանուկներու 8-12 տարեկան, պատանիներու 12-16, եւ երիտասարդներու 16-էն վեր: Կարապետեան կը հաւատայ, որ այս ծրագիրները ժամանակաւորապէս դադարած են եւ հետագային, Տիրոջ կամօք, կրկին պիտի վերականգնին:

Արցախի մէջ սանձազերծուած վերջին պատերազմին ընթացքին, երբ կորսնցուցինք կարգ մը բնակավայրեր, կ’ըսէ ան, մեր հայրենակիցները նախ հաստատուեցան Արցախի սահամանամերձ գիւղեր: Ընկերակցութիւնը անմիջապէս սկսած է պարբերաբար այցելութիւններ կատարել սահմանամերձ գիւղեր եւ օգնել տեղահանուած արցախահայութեան: Անոր յաջորդեց արդէն Արցախի հայաթափումը եւ արցախահայութեան բռնագաղթը, եւ որովհետեւ ընկերակցութեան առաքելութեան կիզակէտն է հայ մարդն ու անոր արժանապատիւ եւ որակեալ կեանք ապահովելը, Հայաստանի մէջ անոնց կարիքներուն հասնելու նպատակաւ որդեգրուած է ՐԵՎԻՎԵ ծրագիրը: Այս ծրագիրը ունի երկու տարբերակ: Առաջինը ընկերակցութեան գործունէութիւն ծաւալող 5 մարզերուն մէջ արցախահայութեան տրամադրել 6-9 ամսուան տնավարձք եւ լուծել աշխատանքի հարցը, իսկ երկրորդը այս մարզերէն դուրս մեր հայրենակիցներուն տրամադրել միանգամեայ նիւթական օժանդակութիւն՝ հոգալու սնունդի, հագուստեղէնի, գոյքի եւ այլ ծախսերը: Ճիշդ է, որ կարիքները բազում են, բայց ընկերակցութիւնը կարելի եղած սահմաններուն մէջ կը փորձէ արցախցիին ապահովել արժանապատիւ կեանք:

Վիկտոր Կարապետեան, որ Արցախի ծնունդ է, եւ իր հայրենի բնօրրանն է Արցախ աշխարհը, անդրադառնալով դարաւոր պատմութիւն ունեցող Արցախի մասին, որ գոյութիւն ունեցած է, որպէս հայկական բնակավայր տակաւին Ուրարտուի օրերէն, տակաւին 7-րդ դարէն Ն.Ք., միշտ ալ հայերով բնակուած է, կըսէ, եւ դիմակայած է թշնամիներու արշաւանքներուն՝ պարսիկներուն, արաբներուն, մոնկոլներուն եւ թուրքերուն կողմէ: Այսօր այս զարգացած ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր կը գործեն միջազգային հսկայածաւալ մարդասիրական կազմակերպութիւններ, աչք փակուեցաւ եւ չլսուեցաւ աղաղակը ամբողջ ժողովուրդի մը, որ կ’ենթակուի անմարդկային ահաւոր վերաբերմունքի:

Կարապետեան կը յայտնէ, թէ կեանքին մէջ նման ծանրագոյն որոշում մը առնելու պարտադրանքին տակ չէ եղած եւ չէր պատկերացներ, որ օր մը նման որոշում պիտի կայացնէ դուրս գալու մեր հայրենիք Արցախէն, բայց կը շեշտէ, թէ ինք դուրս եկած է միայն ետ վերադառնալու յոյսով ու խոստումով:

Ան կը շեշտէ, թէ յոյսը չէ մարած 120,000 արցախահայութեան մօտ, վստահութիւնը միանշանակ է, եւ կը վստահեցնէ, թէ վերջերս ընկերակցութեան հրաւէրով երբ կ’այցելէ սփիւռքի տարբեր հատուածներ, այդ յոյսը վառ կը տեսնէ նաեւ սփիւռքահայութեան մօտ, հաւատալով թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մեր ժողովրդին:

Comments are closed.