Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը՝ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով

«Արցախի շրջափակումը դէմ է մարդկային արժանապատուութեան ու միջազգային օրէնքին»

Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ թէ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է ազերիներու կողմէ 180,000 բնակչութիւն հաշուող Արցախի դէմ կատարուած շրջափակումը: Չի՛ բաւեր միայն դատապարտել ու քննադատել: Անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել ու պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Այս մօտեցումով, Մենք, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Արցախի արդար դատը շարունակեցինք պաշտպանել՝ մէկ կողմէն յիշեցնելով Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը, միւս կողմէն կոչ ուղղելով մեզի բարեկամ երկիրներուն՝ գործնապէս զօրակցելու մեր ժողովուրդի արդար դատին:

Այս մօտեցումով մի քանի օրեր առաջ Յունաստանի վարչապետին հետ ունեցած Մեր հանդիպման ընթացքին յիշեալ հարցը պարզեցինք: Նոյն մօտեցումով, այս առաւօտ, Արցախի ներկայ վիճակը ու նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը ներկայացուցինք Կիպրոսի նորընտիր նախագահին: Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հին բարեկամները նկատուող Յունաստանի ու Կիպրոսի վերին ղեկավարները խոստացան Արցախի հարցը ներկայացնել յառաջիկայ օրերուն Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նիստին:

Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նո՛յն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի կողքին՝ միջազգային շրջանակներէն ներս հետապնդելով Արցախի ժողովուրդին արդար դատը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.