Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին ցուցադրուած է Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը

Վենետիկի շարժանկարի 74-րդ միջազգային փառատօնին ցուցադրուած է Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը:
Փառատօնի ծիրին մէջ, Իտալիոյ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան Սեպտեմբեր 7-ին հանդիպում ունեցած է Վենեթօ նահանգի մշակութային խորհրդական Քրիսթիանօ Գորացցիի հետ:
Հանդիպման ներկայ եղած են ժապաւէնին բեմադիրը՝ Ջիւան Աւետիսեան, արտադրողները՝ Գէսդուդիս Տրազտաուսգաս եւ Ատրինէ Միրզայեան, Իտալիոյ Հայերու միութեան նախագահ Մինաս Լուրեան, դերասանուհի Սանտրա Տաուգշայթէ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Վենեթոյի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ամուր կապերուն եւ անոնց համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան:
Քրիսթիանօ Գորացցի նշած է, որ Վենետիկեան փառատօնը, որուն կը հետեւի ամբողջ աշխարհը, լաւ առիթ է` ընդգծելու հայ ժողովուրդին հանդէպ բարեկամութիւնը եւ այս բարդ ժամանակներուն մէջ ներկայացնելու հիմնարար արժէքները, ինչպէս` միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ խաղաղութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան երկրորդ կէսին, փառատօնի ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին խօսք առած են դեսպան Պաղտասարեան եւ գրող Անթոնիա Արսլան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.