Պահանջատիրութեան հատուցման հանգրուանը աւելի յանդգնօրէն պէտք է բանաձեւուի պետական քաղաքականութեան մէջ

ԱՆՑԱ՞Ծ ԷՏԱՊ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Հայաստանի անկախացման յաջորդող առաջին ճակատագրական հնգամեակին հայ ժողովուրդի պատմական նոր հանգրուանը ճշդուեցաւ երեք հիմնական գործընթացներու ընդմէջէն. Արցախեան պատերազմը, պետական կառոյցի վերաձեւաւորումը եւ տնտեսական համակարգի ձեւաւորումը:

Այս երեք գործընթացներէն անշուշտ առաջինն էր ամենաճակատագրականը: Ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ծնունդ առած արցախեան շարժումը շատ շուտով ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Խորհրդային փլուզումէն յետոյ երբ Ազրպէյճան վստահելով իր զինուժի գերակշռութեան, աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական գերակայութեան եւ Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակումին ու տուած առատաձեռն օժանդակութեան վրայ տագնապը վերաճեց ամբողջական պատերազմի, արցախեան շարժումը արդէն ազգային ազատագրական պայքարի վերածուեցաւ: Այդ պատերազմը արցահայութեան համար գոյութեա՛ն կռիւ էր: Բայց այդպէս ընկալեց նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Ազրպէյճանական լուծէն ազատագրումը, պատմական հողատարածքներու վերատիրացումը անբաժանելի չէին այն համոզումէն որ պարտութեան պարագային ազգի վերապրումն էր որ հարցականի տակ պիտի դրուէր: Սումկայթը շատ յստակ ազդարարութիւն մըն էր փանթրքական սպառնալիքի շարունակման: Եւ ինչպէս 1965ին Երեւանի փողոցներուն մէջ Ցեղասպանութեան ժողովրդային զանգուածային եւ ինքնաբուխ զօրաշարժը «Մեր հողերը, մեր հողերը» վանկարկած էր, արցախեան պատերազմին հողային ազատագրումն ու ազգային գոյութենական պայքարը իրարու հետ սերտօրէն առընչուեցան:

Պարագան տարբեր չէր արցախեան պատերազմին իրենց մասնակցութիւնը բերած սփիւռքահայերուն որոնք հասակ առած եւ կազմաւորուած էին 1970-80ականներու Հայ Դատի ուժական պայքարի ոլորտին մէջ: Անոնցմէ կարեւոր թիւ մը այս կամ այն ձեւով մասնակից եւ դերակատար եղած էր այդ պայքարին եւ, անկախ իրենց քաղաքական թէ գաղափարական բոլոր տարբերութիւններէն, իրենց հաւաքական գիտակցութեան մէջ արցախեան պատերազմը Հայ Դատի պայքարը բերած էր իր բնական հողին վրայ:

Այլ խօսքով՝ հայրենի հայութեան թէ Սփիւռքի համար արցախեան շարժման Միացո՛ւմ կարգախօսը նաեւ բարացուցական էր հաւաքական գիտակցութեան մէջ մէկ եւ միակ պահանջատիրական պայքարի միակամ համոզումին:

Անշուշտ, հաւաքական գիտակցութիւնը, թէ հաւաքական ինքնութիւնը, պատմական անհրաժեշտ ենթահող ունենալով հանդերձ հիմնականօրէն արդիւնք են քաղաքական որոշումներու եւ հասարակական գործընթացներու: Արցախեան պատերազմը շատ ձեւերով պայմանաւորեց խորհրդային փլուզումին յաջորդած քաղաքական եւ տնտեսական անցումի գործընթացը: Բայց այդ գործընթացը, այսինքն՝ անկախ պետականութեան կառուցումն ու տնտեսական համակարգի ձեւաւորումը, առաջ տարուեցաւ օրին իշխանութեան վրայ գտնուող Հայոց Համազգային Շարժումի եւ անձնապէս՝ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տեսլականի, որոշումներու եւ անոնց գործնականացման առաջացուցած հասարակական հակազդեցութիւններու գործընթացին ընդմէջէն: Անկախ այդ տեսլականի թէ որոշումներու ընդունման կամ մերժումի ամէն նախանձախնդրութենէ, անկախ պետականութեան հիմերն ու տնտեսական համակարգի կառոյցը դրուեցան մինչեւ 1996 երկարող հնգամեակին: Այդ թուականէն յետոյ արդէն սկսաւ անոնց վերատեսութեան այն ժամանակ թերեւս անտեսանելի գործընթաց մը որ բացայայտուեցաւ երկու տարի յետոյ Հայաստանի առաջին Նախագահի ներկայացուցած հրաժարականով: Խիստ պարզաբանելով այլապէս շատ աւելի բարդ վերլուծում պահանջող այդ հրաժարականի երեւոյթը կրնանք ըսել որ այն հետեւանք էր առաջին Նախագահի համոզումին որ իր անմիջական շրջապատին մէջ իսկ կորսնցուցած է իր քաղաքական ուղեգիծին անհրաժեշտ նեցուկը:

Հրաժարականը, որ Տէր Պետրոսեանին պատիւ բերող արարք մըն էր անկասկած, դուռ բացաւ ՀՀՇի բանաձեւած պետական քաղաքականութեան ուղեգիծի փոփոխութեան, եւ արդիւնքները տեսանելի դառնալու սկսան գրեթէ անմիջական կերպով: Միաժամանակ, սակայն, անկախութեան առաջին հնգամեակին հիմնակայուած քաղաքական եւ, մանաւանդ, տնտեսական համակարգէն շատ բան շարունակուեցաւ: Այս իմաստով, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ եթէ մէկ կողմէն փոփոխութիւնները ակնբախ են եւ կասկածի առիթ չեն տար, միւս կողմէ անտեսելի չեն նաեւ ՀՀՇական տեսլականի ձգած հետքերը որոնք ատեն-ատեն կու գան յուշելու որ արցախեան շարժման Միացո՛ւմ կարգախօսով համընդհանուր համոզում դարձած ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը կոչուած վերացականութիւնը տակաւին որքա՛ն քաղաքական յանձնառութիւն պահանջող ծրագիր մըն է: Տասնիններորդ դարու Զարթօնքի ամենայատկանշական բանաստեղծութիւններէն Նշան Պեշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մենք» քերթուածին առաջին տողը փոխ առնելով եւ զայն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ տեղադրելով կրնանք ըսել թէ տակաւին բազմաթիւ են մեզի «մրրկաւ» բաժնող գիծերը, որոնց գիտակցումը անպայմանօրէն նախաքայլ է Միացո՛ւմ, կամ «մէկ ազգ», գաղափար-ծրագրի քաղաքական յանձնառութեան համար: Առանց երբեք անտեսելու որ կարելի է նաեւ ազգային հասկացողութեան այլ տարբերակ մը, աւելի կոսմոպոլիտ, աւելի անհատակեդրոն, պահպանողական թերեւս կրօնական աւանդութիւններու յանձնառութեան իմաստով, բայց անպայմանօրէն ադաբդացուած դրամագլուխի ազատ շրջաքայութեան, ազատ շուկայի պահանջարկային եւ առաջարկային թելադրանքներուն եւ հասարակարգի բացառապէս նէօլիբերալ տարբերակին, ինչ որ իմաստով գլոբալացուած հայու տեսակ մը, որ, ի դէպ, պատմական այլ ժամանակներու եւ ատենուայ պայմաններուն համապատասխան գոյութիւն ունեցած է եւ մինչեւ իսկ ծաղկած-զարգացած է առանց շատ «ժողովուրդ» հասկացողութեան կարեւորութիւն տալու, «ազգ»ը սահմանելով զանգուածէն հեռու մենաշնորհային ընտրախաւի մը մասշտապով, առանց ազգային անկախ պետականութեան անհրաժեշտութիւնն իսկ զգալու…

Անկախութեան առաջին հնգամեակին օրուան իշխանութիւններու կողմէ «պետական մտածողութիւն» եւ «Հայ Դատականութիւն» իրարու հակադրելու եւ, հետեւաբար, Ցեղասպանութեան հիմնահարցը իր քաղաքական բովանդակութենէն պարպելու եւ լոկ ոգեկոչման արարողակարգի վերածելու փորձը, որուն շատ շուտով միացաւ Հայաստանցիի, այսինքն՝ քաղաքացիի, եւ սփիւռքահայու, այսինքն՝ արտերկրացիի, հակադրումը փոխանակ անոնց համարկման ձգտելու, շատ հաւանաբար պիտի յանգէր հայու նոր տեսակի մը կերտման: Այդ մէկը տեղի չունեցսւ: Բայց անկախութեան առաջին հնգամեակի փորձը, որուն ետին կեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Նախագահը քաջ գիտակից բարոյական այն հսկայ վարկին որ այդ հանգամանքը տուած էր իր նման քաղաքական գործիչին, իր հետքը ձգեց ե՛ւ պետական մտածողութեան մէջ, ե՛ւ աւելի խորքային իմաստով հայրենի հասարակութեան որոշ հատուածներու մօտ «նարինջ ուտող» Սփիւռքի մտապատկերի մը կառուցումով:

Պետական մտածողութեան մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ձգած հետքը, կամ բացած ուղին, Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան տեղը եւ կարեւորութիւնը պետական քաղաքականութեան մէջ սահմանելու իմաստով, «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու սկզբունքն է: Անոր մասին բազմիցս գրուած է բայց անտեղի չէ յիշեցնել որ այս սահմանումը ինքնստինքեան քննադատելի չէ: Բացի եթէ անդրադառնանք թէ անոր հիման վրայ է որ, հակառակ Ցեղասպանութեան հարցին ընդգրկման պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ, Հայ-թրքական «հաշտեցման» փորձերը կատարուեցան Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան ժամանակաշրջանին, ապա եկան «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ն ու փրոթոքոլները որոնց ուրուականը, թէեւ «սառեցուած» 2010ին, այնուամենայնիւ սպառնալիք մնաց մինչեւ 1 Մարտ 2018: Փրոթոքոլները թերեւս եղան վերջին եւ, պէտք է ընդունիլ, ամենէն յանդուգն գրաւը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները «առանց նախապայմաններու» բնականոնացնելու նախանձախնդրութեան: Փրոթոքոլները չեղեալ համարելու Նախագահ Սարգիսեանի որոշումով, հետեւաբար, անկախութեան առաջին հնգամեակին սկսած եւ Փրոթոքոլներու վտանգաւոր գրաւին յանգած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման այս տարբերակը, պէտք է համարել «անցած էտաբ» -փոխ առնելով Հայ Տղեքի հանրածանօթ երգին խորագիրը: Այսօր երբ Փրոթոքոլները անցած են պատմութեան որպէս ա՛յն վտանգաւոր գրաւնէրէն որուն ռիսքը պէտք չէ առնէ նոյնիսկ ամենաինքնավստահ քաղաքական անձնաւորութիւնը, հարց չկայ «առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւններու բնականոնացման դիւանագիտական բանաձեւումէն հրաժարելու: Այնքան ատեն որ գիտակցինք որ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի համահայկական Հռչակագիրը ի լուր աշխարհի հատուցումը դրած է պետական քաղաքականութեան օրակարգին եւ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու հաստատման հետամուտ ըլլանք հատուցման յանձնառութիւնը պահելով: Անցնող երեք տարիներուն ՄԱԿի ոլորտին մէջ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները կու գան յուշելու որ «առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւններու բնականոնացման սկզբունքը անպայմանօրէն չի հակասեր Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան յանձնառութեան:

Աւելի դժուար պիտի ըլլայ հայրենի հասարակութեան որոշ խաւի մօտ փոխել անկախութեան առաջին հնգամեակին օրուայ իշխանութիւններու աշխոյժ նախաձեռնութեամբ կաղապարուած Սփիւռքի մտապատկեր մը, որ առիթ առ առիթ կը հրապարակայնացուի: Անոր մէկ օրինակն է Առաւօտի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի «Կարեւոր 20 տոկոսը» առաջնորդողի հետեւեալ պարբերութիւնը որ լոյս տեսած է թերթի 12 Յունուար 2018ի համարին մէջ.

«Երկրորդ կէսը «դասական» սփիւռքն է, մարդիկ, որոնք Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկրների քաղաքացիներ են եւ որոշակի ազդեցութիւն ունեն իրենց երկրներում, ի վերջոյ, նրանք նաեւ ընտրազանգուած են: Տէ հիմա պատկերացրէք, որ գալիս է ընտրութիւնների ժամանակը, եւ այդ երկրների քաղաքական գործիչներն ու կուսակցութիւնները խնդիր ունեն հաճոյանալու ազգութեամբ հայ իրենց քաղաքացիներին: Ի՞նչ խնդիրներ են դնում մեր հայրենակիցներն այդ գործիչների եւ կուսակցութիւնների առաջ: Այդ խնդիրները գրեթէ բացառապէս կապուած են 1915թ. իրադարձութիւնների, Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ: Եւ եթէ յանկարծ այդ երկրների նախագահները, պառլամենտները, նահանգները կամ քաղաքները ինչ-որ՝ թէկուզ ձեւական յայտարարութիւն են անում Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները ցնծում են, համարում են դա կարեւոր նուաճում: Պառլամենտներն ու նախագահները «էժան են պրծնում»` հայերի ականջի համար հաճելի բառեր արտասանելով: Եթե սփիւռքը խնդիրներ դնի, որոնք կապուած են Հայաստան պետութեան, նրա տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի իշխանութեան հետ, դա աւելի բարդ գործ կը լինի, բայց շատ աւելի կարեւոր եւ էական նշանակութիւն կ’ունենայ Հայաստանի համար:

Տարբեր երկրների հայ համայնքները սովորաբար ընկալուում են որպէս միայն անցեալով ապրող մարդկանց խմբեր:»

Մէկ կողմ դնենք յօդուածագրին ակնյայտ գիտակից թէ ակամայ անտեղեակութիւնը՝ սփիւռքեան զօրաշարժի եւ քաղաքական այն նախաձեռնութիւններուն մասին որոնք նպատակաուղղուած են բացառաբար Հայաստանի պետութեան եւ տնտեսութեան, առանց տակաւին անդրադառնալու Արցախի միջազգային ճանաչման: Յօդուածը ինքնին Ցեղասպանութեան մասին չէ առանձնաբար: Ոչ ալ յօդուածագիրը, որուն գրութիւնները անշրջանցելի են հայրենի իրականութեան հետ քայլ պահելու փափաք ունեցող ոեւէ ընթերցողի համար, հակասփիւռք սկզբունքային տրամադրուածութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է: Անկարելի չէ նաեւ որ այս տողերը գրուած են առանց իսկապէս մտածելու անոնց մասին, եւ, ի դէպ, սփիւռքեան ոչ մէկ թերթ անդրադարձաւ անոնց, ոչ մէկ խմբագիր կամ յօդուածագիր պատասխանեց գրութեան այն պարագային երբ հեղինակին անդրադարձները պարբերաբար կ’արտատպուին սփիւռքեան մամուլին մէջ:

Հետեւաբար, հոս հարցը այս քանի մը պարբերութիւններուն կարեւորութիւնը ուռճացնելու չի վերաբերիր: Բայց նաեւ չի կրնար բացառապէս պատահականութեան արդիւնք ըլլալ Սփիւռքը բովանդազրկելու այս ճիգը որ կու գայ հայրենի ամենայարգուած եւ ընթերցուած խմբագիրներէն մէկուն կողմէ: Արամ Աբրահամեան, որ երբեք չէ թաքցուցած իր լիբերալ յանձնառութիւնը, ինչ որ ամենայն յարգանքի արժանի է, մասնակից եղած է անկախութեան հոլովոյթին եւ գաղափարախօսներէն է ՀՀՇի ազատականութեան: Հետագային, ի պատիւ իր մտաւորականի յանձնառութեան, Աբրահամեանի գաղափարախօսական յանձնառութիւնը ձերբազատուած է այն պատեհապաշտութենէն որ օրին յատկանշեց սեփականաշնորհման ալան-թալանէն իրենց բաժինը ունենալու համար եւ ամէն գնով իշխանութիւն պահել ուզող ՀՀՇական ղեկավարներուն: Այլ խօսքով, եւ որպէսզի առիթ չտրուի որեւէ դիւրիմացութեան, խնդրոյ առարկայ չէ Աբրահամեանի ազատականութիւնը, ընդհակառակը՝ հայրենի եւ ինչու չէ հայութեան ներկայ իրականութեան մէջ առողջ ազատականութիւնը անկասկած հասարակական քննադատութեան անհրաժեշտ ազդակ է՝ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, աշխարհականութեան եւ այլ յառաջդիմական արժէքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Կը մնայ որ կամայ թէ ակամայ խմբագրի մտքին մէջ իրարու հետ շաղկապուած կը թուին ըլլալ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնն ու Սփիւռքը եւ այն ալ շատ ժխտական իմաստով, քանի իր եզրակացութիւնը Սփիւռքեան համայնքներու ընկալման մասին պարզ է եւ մէկին՝ «անցեալով ապրող մարդկանց խմբեր»: Իննիսունական թուականներուն կազմաւորուած սփիւռքեան մտապատկերի այս յարատեւումը հայրենի հասարակութեան մէկ հատուածի ենթագիտակցութեան մէջ եւ անոր պարբերական դրսեւորումը, ինչպիսին են Աբրահամեանի այս տողերը, կու գայ յուշելու որ, դժբախտաբար, դեռ այնքան ալ «անցած էտաբ» չէ Տէր Պետրոսեանական օրերուն իրականացած Սփիւռք-Հայաստան իրարմէ հեռաւորումը, Միացո՛ւմ կարգախօսին ենթադրած գործընթացին հարիւր ութսուն աստիճան հակառակ գործընթացը, որուն հետքերը մնացած են եւ անհրաժեշտ է անոնց գիտակցիլ ի խնդիր դիւրահասկացողութիւններու յստակացման:

Սփիւռքի ընկալումը անցեալով ապրող մարդկանց խումբ մըն է որովհետեւ սփիւռքեան համայնքները կը շարունակեն իրենց քաղաքական զօրաշարժին կեդրոնը համարել Հայ Դատն ու Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը եւ պատրաստ են միամտաբար հաւատալու իրենց բնակած երկիրներու քաղաքական գործիչներու խօսքերուն որոնց միակ նպատակը քաղաքացիներուն հաճոյանալն է որպէսզի իրենց քուէները շահի: Ա՛յս կը թուի ըլլալ Աբրահամեանի տրամաբանութիւնը որուն հիման վրայ ալ կ’եզրակացնէ թէ Սփիւռքը անկարող է կամ դժկամ ներկայի հարցերով զբաղելու:

Մէկ կողմ ձգենք այս տրամաբանութեան հիմնական անճշդութիւնը որուն փաստերը, ինչպէս վերը նշուեցաւ, բազմաթիւ են ի դէմս Հայաստանի պետութեան ու տնտեսութեան օժանդակութեան նպատակաուղղուած սփիւռքեան զօրաշարժին: Բացատրութեան կարիք իսկ պէտք չէ ունենայ կամ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւն կամ Հայաստանի պետութեան օժանդակութիւն, կամ անցեալ կամ ներկայ, սխալ բանաձեւումը, քանի փաստերը կան որ ե՛ւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւն, ե՛ւ Հայաստանի պետութեան եւ տնտեսութեան օժանդակութիւն տրամաբանութիւնը շատ ալ գործնական կրնայ ըլլալ: Ցեղասպանութեան նոր ոգեկոչման մը այս առիթին անհրաժեշտ է բացատրել թէ ինչո՛ւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն, անոր միջազգային ճանաչումէն մինչեւ արդարահատոյցի յանձնառութիւնը, պետական անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններէն մինչեւ ակադեմական ուսումնասիրութիւնները, յօդուածագրութենէն մինչեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողներու եւ թանգարաններում կառուցումը, մէկ խօսքով ամէն ինչ որ Սփիւռքը ըրած է մինչեւ հիմա չի կրնար երբեք «անցած էտաբ» ըլլալ: Ոչ ալ պահանջատիրութեան յանձնառութիւնն ու անոր գործնական նախաձեռնութիւնները որոնք անշուշտ որ նիւթական միջոցներու, մարդուժի եւ ժամանակի տրամադրուածութեան իմաստով հսկայական են, հոմանիշ են «անցեալով ապրող մարդկանց»:

Թէ անհրաժեշտ է ուշադիր ըլլալ ամէն տարի Սպիտակ Տան կողմէ Ապրիլ 24ի նախօրեակին հրապարակուած յայտատարութեան բանաձեւումներուն, հետամուտ ըլլալ որ Իսրայէլ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, պնդել որ Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացումը, հակառակ իր բոլոր հակասութիւններուն, անհրաժեշտ է, ակադեմական մակարդակով պեղել Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքները որոնք անտեսուած են մինչեւ օրս ինչպիսին է կնոջ հարցն ու թրքացած կամ իսլամացած հայերը, Ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարաններում կառուցման ձգտիլ բոլոր այն երկիրներուն մէջ ուր կազմակերպուած համայնքներ կան եւ տակաւի՛ն ամէն Ապրիլի վերանորոգ յանձնառութեան պահանջատիրական ցոյցերով փողոց ելել… այս բոլորը իրենց ժամանակէն դուրս գտնուող հաւաքականութեան ցուցանիշ չեն: Որովհետեւ՝ ոճիրին պատասխանատւութիւնը մերժող թրքական պետութիւնը ոչ միայն անտարբեր չի մնար այլ յարատեւօրէն հետամուտ է ժխտողականութեան քաղաքականութեան վերաթարմացման: Թրքական ժխտողականութեան մնայուն յարձակողականը Սփիւռքի մէջ աւելի քան շօշափելի է: Էրտողանի թիկնապահներու վայրագութեան թիրախ դարձած խաղաղ ցուցարարներուն համար այն մինչեւ իս ֆիզիքապէս զգալի է: Հետեւաբար, որքան ալ որ ողջունելի ըլլայ թրքական հասարակութեան մօտ սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու մտաւորականներու քաջութիւնը, այնքան ատեն որ ժխտողականութիւնը կը մնայ պետական քաղաքականութիւն ճշմարտութեան համար պայքարը, ճանաչում եւ հատուցում, սեւ-ճերմակի տրամաբանութեամբ առաջ պիտի տարուի. Ցեղասպանութեան ճանաչումի ամէն ձախողութիւն թրքական յաղթանակ է եւ ամէն ճանաչում, եւ ինչու չէ հատուցման ճամբուն վրայ յառաջընթաց՝ հայութեան յաղթանակ:

«Անցեալով ապրել»ու բարդույթի առիթ պէտք չէ տայ տակաւի՛ն հաստատել որ Սփիւռքին, այդ «20 տոկոս» հայութեան եւ անոր «դասական» հատուածին համար Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը ինքնութեան հարց է: Խօսքը հայապահպանման չի վերաբերիր, այլ 21րդ դարու Սփիւռքի ազգային ինքնութեան կերտումի մէկ ազդակին: Ոչ ալ անոր հեռաւորումը հայրենի հայութենէն: Ի վերջոյ իրողութիւն է որ Ցեղասպանութեան նահատակներու առաջին յիշատակումը, թէկուզ եւ լոկ պատահականօէն, տեղի ունեցաւ 1918ին իր անկախութիւնը հռչակած հայրենիքէն դուրս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործէր Արեւմտահայոց կոմիտէն որ ամենէն աւելի հետամուտ էր Արեւմտահայաստանի ճակատագրով: Այդ մէկը բնաւ առիթ չէր սակայն մէկ եւ միակ հայրենիքի ու մէկ եւ միակ ազգային ճակատագրի յանձնառու ըլլալու: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ ալ այսօր երբ Սփիւռքին մասին մտածենք որպէս յառաջապահը Հայ Դատին, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարին, այդ մէկը չի նշանակեր ոչ «անցեալով ապրիլ», ոչ ալ հայրենի հայութենէն: Ընդհակառակը, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի համահայկական Հռչակագրին յանձնառու եւ վստահելով 103ամեակի զուգադիպման՝ Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութեան, Սփիւռքին կը մնայ հետամուտ ըլլալ որ պահանջատիրութեան հատուցման հանգրուանը աւելի յանդգնօրէն բանաձեւուի պետական քաղաքականութեան մէջ: Այդ մէկը անհրաժեշտ պիտի դարձնէ Սփիւռք-Հայաստան քաղաքական աշխատանքներու համակարգումի հայեցակարգ մը որ առ այսօր հազիւ թէ աւելի է քան պատահական, ատ-հոկ, գործակցութիւն մը: Եթէ այդ հայեցակարգը ստեղծուի ապա այն ոչ միայն բարացուցական պիտի ըլլայ մեր քաղաքական որակի ոստումնային բարեփոխումին այլ՝ անհրաժեշտօրէն պիտի ընդգրկէ նաեւ հայրենի հասարակութիւնը: Եւ թերեւս այն ժամանակ հայութեան տոկոսային հաշուարկման եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը «անցեալով ապրող» մարդկանց յատուկ համարող տրամաբանութիւնը կ’ըլլայ… անցած էտաբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.