Հատուցումը կ՚իրագործուի երբ բռնագրաւուած բնօրրանը իրաւատիրոջ կը վերադարձուի – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

«Աշխարհի մեծ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետութիւնները, բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւններ ունին հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ ասո՛վ իսկ, ցարդ պարտական կը մնան Հայ Դատին»:

ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր Ժողով1981,

Փարիզ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմադարեայ շղթայի կարեւոր մէկ օղակը կը հանդիսանայ 1915-ի Եղեռնը։ Պետականօրէն ծրագրուած եւ վայրագօրէն գործադրուած ազգաբնաջնջման այդ ոճիրը իբրեւ ցեղասպանութիւն, է՛ եւ կը մնա՛յ թուրք պետականութեան պատասխանատուութիւնը։
100-ամեայ ժամանակի թաւալումին հետ, Թուրքիա ոչ միայն փորձեց ծածկել իրականութիւնը, այլեւ՝ թրքավայել նենգամտութեամբ խեղաթիւրեց պատմական ճշմարտութիւնը։Հայկական հարցը եւ անոր ընդհանուր պարունակին մաս կազմող Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարելի է բնականոն եզրի մը յանգեցնել միայն այն պարագային, երբ թրքական ներկայ կամ գալիք Իշխանութիւնները, իբր իրաւայաջորդը ցեղասպանութիւնը գործադրած նախորդող իշխանութիւններուն, պատասխանատուութիւնը ստանձնեն հատուցելու հայկական բարձրաւանդակին վրայ 1915-1921 ժամանակահատուածին իրենց իսկական իրաւատէրերէն յափշտակուած շարժական կամ անշարժ ստացուածքները եւ պաշտօնապէս ընդունելով ցեղասպանութեան արարքը՝ հատուցեն նաեւ մահուան եւ կորստեան մատնուած հայութեան արեան գինը։

Հակական Ցեղասպանութեան գործօնը իր անժխտելի անդրադարձը ունի 21-րդ դարու մերօրեայ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ենթախորքին մէջ: Արդարեւ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրման ժամանակահատուածին գերտէրութիւններու անտարբեր կեցուածքն ու լուսանցքային կրաւորականութիւնը պատճառ հանդիսացան հետագայ ցեղասպանութիւններու: Աւելի՛ն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան արժեւորումով՝ այսօր իսկ ցեղասպանութիւն կը գործադրուի Միջագետքի տարածքին, Իսլամական Պետութիւն կոչուող ծայրայեղական կրօնական կազմակերպութեան կողմէ:

Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ: Հարուած է մարդկութեան բարոյական, տնտեսական եւ մշակութային գետիններու վրայ: Ցեղասպանութիւնը անժամանցելի ոճիր է. դատապարտելի են թէ՛ ներկայի թէ՛ անցեալի ցեղասպանութիւնները:
Ներազգային իմաստով, այսօր, յստակօրէն կ՚ուրուագծուի նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան ազգային համատեղ ռազմավարութեան համընդհանուր ուղղութիւնը: Հայաստանի վերանկախացման առաջին հնգամեակին, հայութեան երկու հատուածները տարբեր խորաչափերով կ՚ընկալէին հայութեան ազգային ռազմավարութեան անբաժանելի մասնիկը հանդիսացող Հայոց Ցեղասպանութեան գործօնը: Այդ օրերու հայրենի պետութեան առաջին վարչախումբի «բլէյեանական» գաղափարախօսութիւնը, հակոտնեայ դիրքորոշում էր Հայ Դատի գծով Սփիւռքի տասնամեակներու ընթացքին մղած պահանջատիրական ոգորումին:

Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն անկարելի է ջնջել Ցեղասպանութեան խոցը։ Ներկայ դրութեամբ, ճանաչման հանգրուանէն ետք, կը մնայ նուաճել եւս մէկ պատուար, որն է՝ ճանաչման հետ անքակտելիօրէն կապուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման հարցը։ Պէտք է ազգովին գիտակցինք, որ Հայ Դատի յաղթանակով, ոչ միայն տիրացած կ՚ըլլանք մեր անժամանցելի իրաւունքներուն, այլեւ հաստատ հիմերու վրայ կ՚ամրագրենք մեր պետութիւնը, կ՚երաշխաւորենք հայրենիքի անվտանգութիւնը ու վերստին կը կերտենք հայ ժողովուրդի յաղթական պատմական երթը։ Պահանջատիրութիւնը ազգային գոյատեւման յանձնառութիւն է։

Իսկ ի՞նչ ձեւով Անգարան պէտք է կատարէ հայկական կողմին հատուցումը: Եթէ համապարփակօրէն ուրուագծենք ցեղասպանութեան պատճառած մարդկային եւ նիւթական կորուստները եւ վերոնշեալներուն երկարաժամկէտ‘ մինչեւ օրս առթած հետեւանքները, մենք կը ստանանք կորուստներու եւ վնասներու հետեւեալ ենթաբաժանումները.

– Կենսատարածքի կորուստ

– Մշակութային կորուստ

– Նիւթական կորուստ

– Հոգեբանական վնաս

– Մարդկային կորուստ (20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի  հայութեան համընդհանուր թուաքանակի երկու առ երրորդ տոկոսային համեմատութեամբ)

– Հաւատքի բռնութիւն (այլամերժ կրօնամոլութեան պատճառով հայերու բռնի իսլամացումը:

– Ժողովրդագրական թուաքանակի նուազում (արտասահմանի մէջ Եղեռնէն ետք երկու սերունդներու ուծացման պատճառով)

Հայ-թրքական կնճիռի հանգուցալուծումը կրնայ սկիզբ առնել բռնագրաւուած կենսատարածքի վերադարձով, որուն նախահիմք կրնայ ծառայել Սեւրի դաշնագրի 89-րդ յօդուածը, ուր հաստատագրուած է, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշման խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահի որոշումով Հայաստանի դէպի ծովային տարածք ելք ունենալու եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր հողերուն զինուորապէս չէզոքացման մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւնները:

Սեւրի դաշնագրով բանաձեւուած ու վաւերացուած այդ առանձնայատուկ յօդուածը աւելի ուշ իրագործուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ եւ այդ քարտէսը, իբրեւ միջազգային անուրանալի վաւերագիր բոլոր քաղաքական շահագրգիռ կողմերուն այսօր ծանօթ է:

Անցնող տասնամեակներուն եւ մերօրեայ այս արարին, թրքական կողմի հակահայ քարոզչութեան եւ ուրացման քաղաքականութեան մէջ կը շեշտուին հետեւեալ նախադրեալները.

– Պատմութեան նենգափոխման նպատակաուղղուած գիտաժողովներու կազմակերպումն ու պատմական կեղծիքներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակումը։

-Հայկական Ցեղասպանութեան իրաւական հարցերուն շուրջ հարցականներ ու շփոթ յառաջացնելու միտումով՝ միջազգային իրաւական ատեաններու սեղանին վրայ հարցը օրակարգի վերածելու փորձերը։

– Հայկական պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ անցնող տասնամեակներուն գործադրուած քանդումի ու աւերումի իրողութիւնները ծածկելու եւ եւրոպական ընտանիքէն լաւ վարկանիշ ստանալու նախանձախնդրութեամբ՝ հայկական կարգ մը յուշարձաններու վերանորոգում։

– Թուրք մտաւորականութեան՝ Հայկական Եղեռնը ընդունող հատուածին սարսափ առթելու եւ այդ «ազատախոհ հոսանքը» իր սաղմին մէջ խեղդելու նպատակով՝ անոնց հանդէպ սպառնալիքներու եւ ահաբեկումներու գործադրութիւնը։

– Թրքական կրթական հաստատութիւններէ ներս, դպրոցական դասագիրքերու մէջ պատմական դէպքերու գծով թրքական տեսակէտն ու իրականութեան խեղաթիւրուած տարբերակը ներկայացնելու ջանադրութիւնը:

Աւելի՛ն, այսօրուան դրութեամբ, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայ-թրքական դարաւոր բեւեռացան գծով մեղմացումի նախանշաններ չենք նկատեր, ընդհակառակը, Անգարան իր իսկ դրոշմը կրող ահաբեկչական արարքներով կը հարուածէ Սուրիոյ տագնապին մէջ ընդգրկուած հայկական ոստանները, աքսոր ու բռնագաղթ կը պարտադրէ տեղւոյն հայութեան եւ կոյր ու խաւարամիտ կրօնամոլութեամբ, վարձկան ահաբեկչական խմբաւորումներու միջոցով սրբապղծումի կ՚ենթարկէ Սուրիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիները ու ականահարման զոհ կը դարձնէ հայութեան պատմական յուշարձանները:

Անգարայի ղեկավարները, այսօր հետամուտ են վերականգնել թուրք ազգայնամոլ աշխարհակալութիւնը վերահաստատել փան-օսմանիզմի աշխարհաքաղաքական տարածքը եւ պատմական այդ իղձերը իրագործելու ճանապարհին, ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս խոչընդոտ եւ պատուար են Արցախն ու Հայաստանը:

Վերոնշեալ բոլոր ջանքերով հանդերձ, Անգարայի վերնախաւը գիտակից է, որ քարոզչական առճակատումը ուշ կամ կանուխ կորսնցնելու պարտադրանքին տակ կը գտնուի: Այդ մէկը կը փաստեն հայասպանութիւնը ճանչնալու եւ ճշմարտութիւնը հաստատելու տարբեր պետութիւններու նախաձեռնած քայլերը եւ անոնց զուգահեռ պատմաբաններու կատարած յայտարարութիւնները:

Անգարան գիտակից է նաեւ այն իրողութեան, որ եւ իրաւական եւ քարոզչական դաշտի վրայ Հայ Դատը հաշուեյարդարի ենթարկելու իր ճիգերը վերջ ի վերջոյ պիտի դատապարտուին ձախողութեան եւ այդ մէկը կը փաստեն վերոնշեալ զոյգ բանագաւառներուն մէջ յարձակապաշտ իր քաղաքականութենէն ինքնապաշտպանողականի անցնելու իր քայլերը:

Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթը թեւակոխած է նոր հանգրուան։ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը այլեւս դուրս եկած է հայ-թրքական աւանդական շրջագիծէն եւ վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի։ Գիտակցի՛նք պահուան կարեւորութեան եւ համախումբ շարքերով շարունակենք պայքարը, համայն աշխարհին յիշեցնելով, որ մարդկութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած վիթխարի խոցը կարելի է բուժել միայն ու միայն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնումով։Այս իմաստով, պահանջատիրութեան գծով մեր ռազմավարութեան կիզակեդրոնը պէտք է դառնայ իր էութեամբ հայութեան համար այնքան կարեւոր Սեւրի իրաւաթուղթը, որուն վերընձիւղման համար անհրաժեշտ է աշխարհասփիւռ հայկական ներուժի համապատասխան համակարգում եւ զօրաշարժ:

Հայաստան եւ Սփիւռք, պէտք է հաստատօրէն համոզուինք, որ ազգի գոյատեւելիութեան հիմնակէտը կը հանդիսանայ՝ հայ ժողովուրդի տարասփիւռ բեկորներն ու ապագայ սերունդները պատմական իր բնօրրանին մէջ համախմբելու հրամայականը։

Եւ այս հանգրուանին, Սփիւռքի ոստաններու եւ հայրենիքի հայութիւնը պէտք է համոզուի, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր շաղկապուած հատուցման իրաւադատը իր յաջող վախճանակէտին հասցնելու նախապայմանը՝ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ յանձնառութիւնն է: Հայութիւնը պէտք է գիտակցի, որ  համախումբ ու նպատակաուղղուած պայքարի ծաւալումով, կարելի՛ է դիմագրաւել մեր դէմ ծառացած բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները, պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ:

Մեր ազգին վիճակուած է երկու այլընտրանք. կամ համազգային մեր շարքերու սասանումով ու  ընկրկումով ենթարկուիլ մահակոչին եւ կամ պատնէշին վրայ աննահանջ պայքարով եւ ուժերու գերլարումով հետեւիլ յաղթանակի կոչին:

Մեր երթը դէպի բռնագրաւուած, կեղեքուած ու կորուսեալ հայրենիք աննահանջ է: Գիտակցինք ազգային մեր ներուժին եւ իբրեւ մէկ ու կէս միլիոնի կտակի ուխտապահներ համոզուի՛նք, որ հարիւրամեայ գուպարի աւարտին, արդիւնքը՝ յաղթանա՛կն է:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.