Հայկական հարցին վերաբերող Օսմանեան փաստաթուղթերու հսկայ հաւաքածոյ մը 1931-ին ծախուած է Պուլկարիոյ
Պուլկարիոյ ազգային գրադարանը կը պարունակէ Օսմանեան արխիւներու եւ փաստաթուղթերու աշխարհի ամենահարուստ հաւաքածոներէն մէկը, մօտաւորապէս 500 հազար արխիւային միաւոր եւ աւելի քան մէկ միլիոն փաստաթուղթ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքփրէս» արաբատառ կայքէջը։
Այդ արխիւները կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան պատմական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան յարաբերութիւնները եւրոպական, ասիական եւ իր իշխանութեան ենթակայ երկիրներու հետ, ինչպէս՝ Եմէնի, Հիճազի եւ Պաղեստինի հետ: Անոնց մէջ տեղ գտած են տնտեսական փաստաթուղթեր, բանակային յատկացումներու եւ պետական հարցերու առնչուող վաւերագրեր:
1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք օսմանեան ուժերը Պուլկարիայէն քաշուելով հոն ձգած են իրենց արխիւներէն մաս մը: Մինչ վերոնշեալ փաստաթուղթերուն մեծ մասը Պուլկարիոյ պետութիւնը ձեռք բերած է թուղթի աճուրդի մը ընթացքին, 1931 թուին, երբ թրքական կառավարութիւնը վերամշակման համար չափազանց աժան գնով մեծ քանակով թուղթեր ծախու դրած էր:
Այն ժամանակուան Թուրքիոյ վարչապետ Իսմէթ Ինոնիու չէ բացայայտած թէ վերամշակելու միտումով աճուրդի դրուած թուղթերը Օսմանեան կայսրութեան արխիւային փաստաթուղթեր են: Այս մէկը մաս կը կազմէր օսմանեան փաստաթուղթերէն ձերբազատուելու ընդհանուր ծրագրի մը, որուն նպատակն էր ոչնչացնել օսմանեան անցեալին վերաբերող որեւէ փաստ:
Օրին ծախուած է մօտաւորապէս 50 թոն օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկ քլկ. թուղթի արժեգինը եղած էր 3 ղուրուշ:
Թուրք պատմաբան Ռեշիտ Քոնտոկոն «Եիկիտիա» պատմամշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշած է, թէ Հայկական հարցի եւ Պուլկարիոյ պատմութեան վերաբերող օսմանեան փաստաթուղթերը ծախուեցան Պուլկարիոյ 1931 թուականին:
«Թուրք Թայմ» կայքէջը բացայայտած է, թէ Կալաթասարայի համալսարանէն շրջանաւարտ Բանչօ Տիւրէֆը ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայկական հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան մասին, օսմանեան արխիւներէն օգտուելով, եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է առուծախի գործողութեան ընթացքին եւ արխիւները Պուլկարիա հասցնելու գործին մէջ:
Ֆրանսական «Լա Նուվել Օպզերվաթէօր» շաբաթաթերթը փոխանցած է, թէ Վատիկանը Պուլկարիայէն գնած է հայերուն վերաբերող փաստաթուղթերէն մեծ մաս մը:
«Թիւրքիէ կազեդէսի» թերթը իր 1995-ի Յունիսի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որուն հեղինակն է Նեճտէդ Օզվոթարի, նշած է, թէ Վատիկանը 40 միլիոն պուլկարական լեւ վճարած է՝ վերոնշեալ փաստաթուղթերու գնման համար:
Փաստաթուղթերը պատմութեան հիմքերն են, ականատեսներու վկայութիւնները պատմական դէպքերուն, ինչպէս նաեւ պատմաբաններուն հումքը: Եթէ փաստաթուղթերը ոչնչանան, պատմաբանները կը լռեն՝ կորսնցնելով փաստերը, որոնք կը հաստատեն տուեալները: