Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն Տիարպեքիրէն կրնայ առաջադրուիլ հայ թեկնածու

Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, այս տարուան Յունիս 24-ին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրնայ առաջադրուիլ Տիարպեքիրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Գաֆուր Թիւրքայի (Օհաննէս Օհանեան) թեկնածութիւնը: Այդ մասին Տիարպեքիրէն կը հաղորդէ Akunq.net-ի յատուկ թղթակից Կարօտ Սասունեանը:

Կարօտ Սասունեանի փոխանցմամբ` Գաֆուր Թիւրքայի թեկնածութիւնը կ’առաջադրուի քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) կողմէ: Ծանօթ է, որ նախապէս իսլամացուած, այնուհետեւ մկրտուած Գաֆուր Թիւրքայը, որուն հայկական անունը Օհաննէս Օհանեան է, տեղի հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներէն է, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը համարուող Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ ղեկավար խորհուրդի անդամներէն: Թիւրքայը յաճախ այցելած է Հայաստան նաեւ հայրենիք առաջնորդած է Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրին մասնակցած տիարպեքիրցի հայերը:

Ինչպէս կը նշէ Կարօտ Սասունեան, այս առաջադրման հաւանականութիւնը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուցած է Տիարպեքիրի հայ համայնքին մէջ: Անոր փոխանցմամբ` Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան իրաւասուներու ժողովին մէջ ընդգծուած է, որ հայերը փոքրամասնութիւն կը համարուին իրենց սեփական մայր հայրենիքին մէջ, եւ որ կուսակցութիւնը անպայման դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու թեկնածութեան հանդէպ, եւ որ այդ ոչ թէ շնորհում մըն է տեղի հայերուն, այլ ուղղակի կը վերականգնուի անոնց իրաւունքը:

Այսօրուան դրութեամբ արդէն իսկ սկսուած է ներկայացուած հաւանական թեկնածուներու ցանկի ուսումնասիրութիւնը, իսկ վերջնական ցանկը Թուրքիոյ Գերագոյն ընտրական խորհուրդին (Yüksek Seçim Kurulu / YSK) կը ներկայացուի Մայիս 21-ին: Akunq.net-ի թղթակիցը նաեւ կը յայտնէ, որ Տիարպեքիրի պատգամաւորներու թեկնածուները Մայիս 24-ին կ’այցելեն Տիարպեքիր, ուր յատուկ ընդունելութիւն կը կազմակերպուի անոնց պատուին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.