Զօրակցինք Բոլորիս Հալէպին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2023-ի փետրուար 6-ն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակներով, արցունքներով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած նոր թուական մը: Եթէ կ’ուզէք, կրկին Սպիտակի երկրաշարժը յիշեցնող, սակայն այս անգամ` 21-րդ դարու սարսափազդու թուական մը: Արդեօ՞ք տակաւին մարդ մնաց այս աշխարհի վրայ, որ տեղեակ չըլլայ կամ չտեսնէ այս ահաւոր երկրաշարժին պատճառած նիւթական եւ մանաւանդ մարդկային կորուստները:

Նոյն այս տխրահռչակ օրը, երբ աշխարհէն կտրուած, պարտէզիս ծառերով զբաղած էի, յանկարծ հարեւանս ցանկապատի միւս կողմէն, վէրք ստացող վայրի կենդանիի նման, ահաւոր ձայնով ճչաց.

– Հարեւա՜ն, քո՛ Հալապը կործանուե՜ց…

Անակնկալի եկայ: Այս մէկը ձայն չէր, այլ` բացագանչութիւն, որ զիս շուարումի տարաւ: Չուզեցի հարցումներ ընել: Չէ՞որ «իմ Հալապն» էր եւ ոչ` իրը: Իր «գիտցածը» այդքան էր: Ուստի վայրկեանին տուն վազեցի` մտածելով, որ նման գոյժ մը «սփռելով»` մարդուկը հաստատապէս «բաներ» մը ըսել ուզած էր: Անմիջապէս, առանց ժամանակ կորսնցնելու, պատկերասփիւռի հայկական եւ տեղական կայանները իրար խառնելով, եղելութիւնը ստուգել փորձեցի ու միւս կողմէ ալ «Այ ֆոն»-իս եւ Ֆէյսպուքի կայքս փնտռեցի: Խառնաշփոթ իրավիճակ: Տակնուվրայութիւն ու մտահոգ քրտինք: Վերջաւորութեան ամէն բան յստակ էր: Պատահած էր ահռելի ու մահացու երկրաշարժ: Արդէն կը դիտէի սարսափելի նկարները: Ահաւոր տեսարաններ: Ուրեմն հարեւանիս բերնէն փրթած բացագանչութիւնը իրական էր:

Ու ամէն առիթով միշտ կրկնած ու աւելցուցած եմ, որ Սուրիան կարեւոր ողնասիւններէն մէկն է սփիւռքի մեր հայութեան: Սուրիահայութիւնը, եւ մանաւանդ` անոր հալէպահայութիւնը, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, իր եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ մարզական փորձառութեամբ, որոշ ու նախանձելի աշխուժութեամբ հաստատուն գաղութ մը կը ներկայացնէ:

Սուրիա եւ Հալէ՛պ, ի՛նչ կ՛ուզէք` ըսէ՛ք, շատերուս մօտ տակաւին անոր հողին ջերմութիւնը մնացած է կարօտով:

Կինս շուտով միացաւ ինծի` դէմքին վրայ գաղտնի վախի մը հետ խառնուած փութկոտութեամբ: Անկասկած մեր երկուքին յուշերը հազար թելերով մեզ կը քաշէին: Անոր համար միաժամանակ անոնց ջերմութիւնն ու յուզումը կ’ապրէինք:

Ու ամբողջ երեկոն եւ տակաւին գիշերուան ուշ ժամերուն, այր եւ կին մեր դէմքերուն վրայ վախ ու զարմանք բռնած, ժամերով գամուած մնացինք աշխարհի ամէն կողմերէն տեւաբար ցուցադրուած Հալէպի եւ Թուրքիոյ` հայկական Կիլիկիոյ աւերակներուն նկարներուն դիմաց: Շշմած եւ անխօս: Դիտեցինք: Սարսափեցանք: Ինքնածին` յուզուեցանք: Ողբերգական եւ վշտալի: Ու տագնապեցանք:

Տակաւին հոն` այդ քաղաքին մէջ, երկուքս ալ հին ու նոր յուշեր եւ հարազատներ ունէինք, անոր համար էր, որ մեր ձայներն ալ ինքնածին` ծանր բռնած էին:

Հալէպ… Կասկածէ դուրս է, թէ ան սփիւռքեան մեր ամէնէն եռանդուն եւ օրինակելի գաղութներէն մէկն է, ուր այս օրերուն բոլորին երազները զարնուելով նշուած դժբախտութեան ալիքներուն` կը սպառնային խորտակել հայու մեր յոյսերը: Շատերուս համար սուրիական հողը նկատուած է իբրեւ երկրորդ հայրենիք: Հող մը, որ հայութեան փրկութեան լաստ եղած է տակաւին ասկէ հարիւր տարիներ առաջ: Ու երկրի իրավիճակէն մեկնած` կրնանք նաեւ յիշեցնել, որ հոն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ` հայոց ներկայ պատմութեան անիւը սկսած էր ծուռ դառնալ եւ հիմա, այս օրերուն, ահա նոր աղէտ մը հասած էր իր դրան շեմին: Բոլորս ալ կը զգանք ու կ՛ապրինք այս անիծեալ պատահարին ծանրութիւնը:

Աղէտի յաջորդող ժամերուն իսկ ի յայտ եկաւ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ ալ, թէ հոն տեսիլք ունեցող հաւաքականութիւն ունինք: Ղեկավարութիւն` հոգեւոր եւ քաղաքական, որ ունի լուծում ապահովող զարկերակ` հաւատքի եւ հաւաքական ապրումով ու նոր արշալոյսեր առաջնորդող որդեգրումներով:

Ուրեմն մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն էր մեր արագ եւ դրական կերպով մասնակցութիւնը ներկայ կենսական եւ անմիջական իր կարիքներուն: Չենք կրնար անտարբեր ու պարզ ականատեսներ ըլլալ եւ մնալ: Ժամանակն է, որ հոն մեր հայրենակիցներու ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը ամէն միջոցներով բազմացնել: Չենք ուզեր, որ գաղութը կորսնցնէ իր հեւքը:

Այս օրերուն հռետորական խօսքերու ժամանակը չէ: Բոլորիս հայ մարդու գիտակցութիւնն է էականը, որպէսզի հայ մարդու երազը շարունակուի, որպէսզի հո՛ն հայ հաւատքի թափը չկոտրի: Վերջապէս, վերանորոգուի եւ վերականգնի գաղութը, որպէսզի գաղութի կենսունակութիւնը չցամքի: Ուստի մեզի կ՛իյնայ զօրակցիլ եւ աջակցիլ: Կը կրկնեմ` այս է ահա այս օրերու հրամայականն ու ակնկալուածը եւ մեր բոլորին պատասխանատու կեցուածքը:

Պայման է թօթափել մեր մտքերու մէջէն անտարբերութեան փոշին, որպէսզի գաղութը իր կենսական դերը շարունակէ աւելի վճռակամութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Հալէպ… Հէ՜յ, հարեւա՛ն, եթէ չես «իմանում», ըսեմ, որ Հալէպը միայն ի՛մ եւ «քո՛ Հալէպը» չէ՛, այլ մեր բոլորին Հալէպն է, դարերէ ի վեր: Ուստի պարտաւոր ենք գիտակցիլ այս իրականութեան: Ներելի չէ միայն բառերով եւ զգացականութեամբ շարժիլ ու մօտէն հետեւիլ յայտարարուած անմեղ եւ սակայն գիտակից կոչերուն: Ստեղծուած տագնապին սրտբաց մօտենալ: Նուիրաբերել: Փոյթով  անմիջական կարիքներուն հասնիլ:

Բարեբախտաբար աշխարհի տարածքին ունինք անհատներ, հաստատութիւններ, նուիրեալներ, բարեսիրական եւ մարդասիրական միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, եւ հայ ժողովուրդ ու հայրենիք, որոնցմով կ’ապրի նաեւ գաղութը:

Յիշեցնեմ նաեւ, որ տարիներէ ի վեր դժուար, դժնդակ, դառն ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուի Սուրիոյ բնակչութիւնը եւ մանաւանդ հոն ապրող հայութիւնը: Արդ, կը հաւատանք, որ մեր բոլորին գերագոյն պարտականութիւնն է, որ  սուրիահայերուն համար միասնաբար, համադրուած աշխատանքով եւ արագութեամբ կատարենք մեր խղճի ու մանաւանդ ազգային պարտականութիւնը` մասնակից դառնալով այս առթիւ ծրագրուելիք ու կազմակերպուելիք նիւթական հանգանակութիւններուն ու նախաձեռնութիւններուն:

Հեռուներէն միայն յոյս ներշնչելը իմաստազուրկ է: Անհեթեթ:

Ո՞վ տեղեակ չէ, թէ սուրիահայութիւնը պատմութիւն ունեցող եւ մանաւանդ համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մըն է, եւ որ սակայն այս օրերուն ճակատագրի բերումով իրեն համար լոյսի ու օդի չափ եւ աւելի անհրաժեշտ է նիւթական օժանդակութիւնը: Ուրեմն նիւթապէս զոհաբերենք: Յուսահատիլը արդէն ողբ է:

Պէտք չէ մնալ պարզ հանդիսատեսի դիրքին վրայ: Այս բոլորին լոյսի տակ հրամայական է, որ այս տառապեալ գաղութը միշտ մեր լայն ուշադրութեան առարկան դարձնենք: Անտարբերութիւնը ոճիր է: Այնտեղ մեր անձնական եւ հաւաքական զոհաբերութեան անսահման եւ անսակարկ կարիքը կայ:

Ուստի պէտք է փոյթով անոր սրտին հասնիլ, որպէսզի ան բաբախելէ չդադրի:

Մէկ խօսքով` տէր կանգնիլ անոր: Օգնութեան ձեռք երկարել: Կը կրկնեմ` նիւթապէս օժանդակել: Արարք մը, որ մեծապէս գնահատելի եւ ողջունելի պիտի ըլլայ պատմականօրէն:

Շատերու համար այս տողերը կրկնութիւն պիտի թուին ըլլալ: Բայց նաեւ կը միտին ընթերցողին փոխանցել սէրն ու գուրգուրանքը` մայր գաղութի ժողովուրդին:

Այս մէկը ազգային գիտակցութեան հետ ատաղձուած է:

Մեր անմիջական օգնութեան կը կարօտի սփիւռքի մեր մայր գաղութը: Լուրջ, հրատապ եւ տագնապալի վիճակ: Վիճակը տխուր է: Իսկ առանց բացառութեան` հոն ապրող մեր հայորդիներուն շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը համայն հայութեան համար նկատուած է մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն: Ժամանակն է, որ դարձեալ եւ փոյթով կեանքի կոչել տարիներ առաջ իրենց համար մեր մօտ ծնունդ առած Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտի օժանդակ մարմինը:

Ահա լաւագոյն միջոցը` զօրակցելու այս օրերուն տխուր եւ աւերակ մեր եւ բոլորիս Հալէպին…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.