«Արցախը Պատրաստ Է Ինքնապաշտպանութեան Անհրաժեշտ Գործողութիւններու».Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: Այս մասին նշուած է Ատրպէյճանի կողմէ 5 ապրիլի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն` նախարարութիւնը մտահոգիչ նկատած է այն, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման լոյսին տակ եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ:
«5 Ապրիլ 2020-ին ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ խախտած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը, որուն արդիւնքով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը վիրաւորուած է:
Մտահոգիչ է, որ այս դէպքը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման եւ այն պայմաններուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման սադրանքներով բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերեն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` ամբողջ աշխարհին մէջ զինադադարի ապահովման կոչին` ամբողջ մարդկութեան ջանքերը ուղղելու համաշխարհային մարտահրաւէրին` «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման, ինչպէս նաեւ կ’անտեսեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` տագնապի կողմերուն ուղղուած կոչերը` խստօրէն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը եւ զերծ մնալ որեւէ սադրիչ գործողութիւններէ, որոնք կրնան այս բարդ ժամանակաշրջանին բարձրացնել լարուածութեան մակարդակը:
Պաքուի ապակառուցողական վարքագիծը դարձաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու անպատասխանատուութեան եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է արժանանայ ամէնէն խիստ գնահատականին եւ դատապարտման:
Վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը` յարգելու զինադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղարի` ամբողջ աշխարհին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչին` Արցախի Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին իրականացնելու ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հրաժարիլ սադրիչ գործողութիւններէ:
Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի արժէքներու եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն», նշուած է յայտարարութեան մէջ: