Ազնաւուրը Միշտ Եղած է Մեր Պայքարի Կողքին` Թէ Արցախի, Թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Կապուած. Մուրատ Փափազեան

Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ է հայ ազգին համար: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Շառլ Ազնաւուրի աշխատանքը անգնահատելի է: Ան միշտ եղած է մեր պայքարի կողքին` թէ Արցախի, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերու հետ կապուած։ Ազնաւուր զօրավիգ եղած է մեր պահանջներուն: Հայ ժողովուրդը ունէր Շառլ Ազնաւուր, որ մեծ արժէք էր միջազգային մշակոյթին մէջ: Շատ ազգեր հայերը կը ճանչնային Ազնաւուրով: Մեզի համար, իսկապէս, մեծ կորուստ է, ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ոչ միայն ընտանիքին, այլեւ հայ ժողովուրդին»,-ըսած է Փափազեան:

Հոկտեմբեր 1-ին աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.