Հայկական մշակոյթը ի նպաստ մարդ արարածին
Րաֆֆի Երէցեան
Հայկական սփիւռքին մէջ լուրջ եւ որոշ չափով արդարացուած մտահոգութիւն մը կայ, թէ համայնքները վերանալու ճամբուն վրայ են։ Մինչեւ այսօր այս խնդրին պատասխանը եղած է հայապահպանումը, հիմնականօրէն առաջ բերելով հայ ինքնութեան նկատմամբ հպարտութեան զգացում մը։ Ըստ այդ մօտեցման, եթէ համոզուի հայը, թէ հայ ըլլալը դրական ու հպարտալի բան մըն է, ապա պիտի ուզէ մնալ հայ։ Սակայն ինքնութեան վրայ շեշտ դնելով կարծես թէ կ՚անտեսուի մարդկային պէտքերու կարեւորութիւնը։ Այսուհետեւ, առանց անդրադառնալու, հայ ըլլալու զգացումին աւելի կարեւորութիւն կը տրուի, քան մարդկայինին։ Կարելի է վճռել, թէ այս հայապահպանման մօտեցումը դեր մը կը խաղայ սփիւռքեան համայնքներուն խորտակման մէջ, քանի որ նուազեցնելով հայուն մարդկութիւնը, անջատում կը ստեղծուի գաղութի անդամներուն եւ կառոյցներուն միջեւ։ Կարելի է նոյնիսկ ըսել, թէ հայապահպանումը իբրեւ հիմնական մտահոգութիւն, մեզի կը շեղէ զօրաւոր հիմք ունեցող համայնքներ հաստատելու կենսական նպատակէն, ձեւաւորել մարդ արարածին նպաստող համայնքներ, որոնք կը հիմնուին նոյնպէս մարդ արարածին նպաստող մշակոյթի մը վրայ։
Հպարտութեան զգացումը ողջ պահելու ջանքերը հիմնուած են այն գաղափարին վրայ, որ հայ համայնքերուն նպատակը հայկական ինքնութիւնը պահպանելն է։ Այս մօտեցմամբ կը ջանանք արհեստականօրէն պահպանել ազգային պատկանելիութեան զգացումը, շրջանցելով բուն մարտահրաւէրը՝ կերտել հայը, առաջին հերթին կեդրոնանալով անոր մարդկային պահանջներուն։ Եթէ ասիկա իրականանայ, ապա կարելի է երեւակայել, որ այլեւս պէտք չ՚ըլլար հայութիւն քարոզելու, քանի որ հայութեան մաս կազմելը պարզապէս կը դառնայ անհատին օգտակար։ Օրինակի համար, մարդ արարածը հաւաքական պատկանելիութեան կարիք ունի, քանի որ ան չի կրնար առանձին գոյատեւել։ Այս պատճառաւ մեծամասնութիւնս պիտի ուզենք մնայուն կերպով համայնքի մը մաս կազմել։ Բայց եթէ յանկարծ հայ մը հայկական համայնքէն դուրս ելլելու ըլլայ եւ ուրիշ միջավայրի մը մէջ գոհացնէ իր պատկանելիութեան կարիքը, կը նշանակէ, որ իր համայնքէն պէտք եղածը չէ ստացած։ Մէկ խօսքով որեւէ համայնք կը գոյատեւէ, երբ իր հիմքերը, իր տիրող մշակոյթը եւ զինք հիմնաւորող յարաբերութիւնները միասնաբար կը գործեն՝ ի շահ անհատներու կենսական պէտքերուն, որոնք բնականաբար կը համապատասխանեն հաւաքական շահերուն։
Վերը նշուած վերացման առնչուող մեր հաւաքական մտատանջութիւնը կրնայ, լուծում փնտռելու ժամանակ, մեզ մղել, որ անտեղի խնդիրներու վրայ կեդրոնացնենք մեր ջանքերը։ Դիւրին է մոռնալ, թէ հայութիւնը համամարդկային հասարակութեան մէկ մասնիկն է, մէկ ձեւակերպումը։ Հայը պարզապէս մարդ արարածի մէկ դրսեւորում մըն է։ Ուստի, մենք նախ մարդ ենք, եւ յետոյ հայ։ Հետեւաբար մեր հաւաքական կեանքի խորին նպատակը հայ մնալը չէ, այլ հայկական ժառանգութեան վրայ հիմնուելով առողջ եւ հաւասարակշռուած կեանք ապրիլն է։ Թէ՛ հայութեան, թէ՛ միւս ժողովուրդներու հիմնանպատակը մարդու անհատական եւ հաւաքական կեանքերը բարելաւելն է։ Ապա ուրեմն մեր ճիգերը պէտք է յատկացնենք մարդ արարածին պահանջները ապահովելու նկատակով, եւ ոչ թէ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու, նկատի առնելով որ առաջինը երկրորդին տեղի կու տայ։
Մարդ արարածը ենթարկուած է բազմաթիւ կենսաբանական եւ հոգեբանական ուժերու։ Ազգը ըլլալով մարդկային խմբաւորման հիմնական կարիքին արտայայտութիւնը, ազգը ինքն իր մշակոյթին միջոցաւ կու տայ մարդ արարածին պէտք եղածը, որպէսզի ան, ինչքան կարելի է, այս ուժերուն հետ համերաշխօրէն ապրի։ Մշակոյթը միշտ կը ջանայ բազմաթիւ միջոցներով (ծէսերով, խոհանոցով, երաժշտութեամբ, երգ ու պարով, կրօնքով, փիլիսոփայութեամբ, գրականութեամբ, եւ այլն) կեանքի մէջ հանդիպած դժուարութիւնները թեթեւցնել մարդուն համար, կեանքի անջնջելի եւ յաճախ չերեւցող իրականութիւններուն հետ հաշտեցնելով զայն։ Կարելի է որեւէ ազգ կամ համայնք բաղդատել տան մը հետ, որմէ ներս կը գտնուին բնակիչներուն ապրուստը ապահովելու առարկաներ եւ շարք մը ընդունուած օրէնքներ։ Երբ բազմաթիւ տուներ ըլլան, անոնք կրնան մէկը միւսէն տարբերիլ, թէ՛ տեսքով, թէ՛ իրենց մէջ կիրարկուող մշակոյթով, բայց բոլորն ալ կ՚ունենան նոյն գլխաւոր նպատակը. ապահովել իւրաքանչիւր բնակիչի գոյատեւումը, ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը։
Եթէ ուզենք պահպանել մեր հայկական համայնքները, անհրաժեշտօրէն պէտք է համոզուինք, որ անոնց գոյատեւումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ անոնց անդամներուն համար։ Իսկ համայնքները կրնան նպաստաւոր ըլլալ մեզի՝ անհատներուս, միայն եթէ անոնցմէ ներս աշխատանք տարուի առաջին հերթին անհատներուն ծաղկման եւ բարգաւաճման, մասնաւորապէս մարդուն նպաստող մշակոյթի մը ձեւաւորմամբ։ Երբեմն այս պայմանները ստեղծելու համար հարկաւոր է խթանել նոր սովորոյթներ եւ աւանդոյթներ։ Սակայն ցանկալի է նախ գտնել եւ վերականգնել մեզի ժառանգուած մշակոյթին մէջ եղող աւանդոյթները։
Իմ կարծիքովս ունինք այս ժառանգութեան մէջ որոշ արժէքաւոր աւանդոյթներ։ Նոյնիսկ եթէ աւանդոյթներուն բուն իմաստը մոռցած ըլլանք, աւելի լաւ է ենթադրել, որ անոնք աննպատակ չեն։ Անոնք մարդ արարածին կեանքը դիւրացնելու նպատակով ձեւաւորուած են, յատկապէս համակերպելով զայն, ծէսերու միջոցաւ, կեանքի յաւերժական ճշմարտութիւններուն հետ։ Հետեւաբար եթէ վերականգնենք օգտակար որոշակի աւանդոյթները, գիտակից ըլլալով անոնց գործնական նպատակներուն, պէտք պիտի չըլլայ արհեստականօրէն հպարտութիւն քարոզելու՝ որպէսզի հայը մնայ հայ, քանի որ հայութեան պատկանելիութիւնը կը դառնայ անձին համար նպաստաւոր բան մը. այդ մէկը ինքնին կենսական դեր կը խաղայ անհատին համար։ Ծէսերը մարդ արարածին կ՚օգնեն կեանքի դժուար պահերէն անցնիլ հաւաքական օրինակելիութեան ազդեցիկ միջնորդութեամբ։ Նման պայմաններու մէջ հայը պարզապէս պիտի մնայ հայ՝ առանց ճնշումի, առանց ստիպուած ըլլալու իր մարդկային անխուսափելի պահանջներուն եւ հայութեան պատկանելիութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու։
Հարկ է այստեղ նշել, որ աւանդոյթներու վերականգնումն ու պահպանումը ցանկալի են, երբ անոնք դրական ներդրում մը կը կատարեն ներկայ պայմաններու տակ։ Իմաստ չունի կուրօրէն աւանդոյթ մը պահել՝ զուտ անոր հին եւ հայկական ըլլալուն պատճառաւ։
Ըսածս յստակացնելու համար, կը հրաւիրեմ ընթերցողին ուսումնասիրել մինչեւ այսօր պահպանուած ծէսերէն մէկը. ակռայ հատիկը։ Ակռայ հատիկը տեղի կ՚ունենայ, երբ մանուկի մը առաջին ակռան կ՚երեւի։ Ընտանեկան հաւաքոյթի մը ընթացքին գետինը նստած փոքրիկին շուրջ զանազան արուեստներ կամ մասնագիտութիւններ ներկայացնող առարկաներ կը դրուին։ Ատկէ ետք կ՚ակնկալուի, որ փոքրիկը այդ առարկաներէն մէկը ընտրէ, այսինքն որոշէ, թէ ի՛նչ գործով պիտի զբաղի ապագային։ Ի՞նչ է արդեօք այս ծէսին իմաստը։ Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի այս աւանդոյթը։
Նախքան ծէսին իմաստը հետախուզելը, պէտք է նշուի, որ այս տողերուն մէջ ներկայացուցած մեկնաբանութիւնս հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, որ ծէսերուն իմաստը կարելի է հասկնալ մեկնելով մարդ արարածին բնոյթի նկատելի իրողութիւններէ։ Ծէսերը ըստ ժամանակարշրջանին եւ հասարակական պայմաններուն անհատական եւ հաւաքական պահանջներ գոհացնելու նպատակ ունին։ Այս մեկնաբանումը կրնայ կատարեալ չըլլալ. աւելի շատ յետին մտածողութիւնն է կարեւորը, եւ ոչ թէ մեկնաբանութեան ճշդութիւնը։
Ի՞նչ է ակռային նշանակութիւնը։ Ըսինք, որ այս ծէսը կը կատարուի, երբ մանուկին առաջին ակռան կը բուսնի։ Փոքրիկի մը ակռաներուն ծլումը նշանակալից պահ մըն է, քանի որ անհատի մը ինքնաբաւութեան եւ ապա անկախութեան ամենաերեւելի նշաններէն մէկն է։ Ակռաները մարդուն ծամելու եւ ինքնուրոյն սնունդ ստանալու կարողութիւնը կու տան։ Իսկ ծնողքին տեսակէտէն՝ իրենց պզտիկէն ապագայ անխուսափելի բաժանման առաջին նշանն է։ Արդէն մօր կաթը կը սկսի կորսնցնել իր կենսական դերը պզտիկին համար։ Հետագայ տողերուն մէջ յստակ կ՚ըլլայ, թէ ինչու յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի այս հանգամանքին։
Ի՞նչ է արդեօք մանուկին շուրջ զանազան առարկաներ դնելու իմաստը։ Ասոր բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հին աշխարհի մէջ մարդու բնոյթին վերաբերեալ տիրող հասկացութեան մէջ։ Հին յոյներուն եւ հռոմէացիներուն համար, իւրաքաչիւր նորածին աշխարհ կու գայ որոշ բնաւորութեամբ, հակումներով եւ տաղանդներով։ Այսինքն՝ ըստ հին քաղաքակրթութիւններուն՝ նոր ծնող անձը դատարկ չէ։ Ո՛չ, ըստ անոնց՝ ամէն մարդ ի ծնէ ինքնուրոյն բնաւորութիւն մը, ձիրքեր եւ հակումներ ունի։ Լատիներէն «կենիուս» (genius) բառը անձի մը մէջ եղող աստուածային ճառագայթը կը ներկայացնէր։ Այս հասկացութիւնը ունի որոշակի հետեւանքներ։ Այս տրամաբանութեամբ՝ փոքրիկին ուսուցումն ու դաստիարակութիւնը պէտք է, որ ուղղուած ըլլան դէպի անոր ներքին իւրայատկութիւններուն, այսինքն սեփական բնոյթին, զարգացման եւ մշակման։ Նաեւ, կը նշանակէ, որ պէտք է վստահիլ փոքրիկին հակումներուն առանց զանոնք խափանելու։
Գործի ընտրութիւնն ալ ունի յատուկ կարեւորութիւն մը հաւաքական կեանքին մէջ։ Երբ անձ մը այդ ընտրութիւնը ճիշդ կատարէ, ան կը դառնայ վարպետ. վարպետ դառնալով եւ իր յատուկ ձիրքերը գործածելով կը դառնայ համայնքին օգտակար անդամ մը։ Մէկ խօսքով անհատական ընտրութիւնը կապուած է հանրութեան բարգաւաճման հետ։
Այսուհետեւ փոքրիկին ընտրութեան պահը շատ նշանակալից է։ Ներկաներէն կ՚ակնկալուի, որ անոր ընտրութիւնը կատարելու ատեն առանց միջամտելու դիտեն։ Անշուշտ թէ այս տարիքին փոքրիկը այսպիսի ընտրութիւն մը կատարելու ինքնագիտակցութիւնը չունի։ Օրինակի համար, եթէ ան խոհարարական առարկայ մը ընտրելու ըլլայ, չի նշանակեր, որ ան անպայմանօրէն խոհարար պիտի ըլլայ ապագային։ Ուստի, կը նշանակէ, որ այս պահը աւելի շատ ծնողքին գիտակցութիւնը արթնցնելու համար է եւ ոչ թէ երեխային ապագան դասաւորելու համար։ Այդ պահին՝ ծնողքը պէտք չէ միջամտեն իրենց զաւակին ընտրութեան, այլ պարզապէս վկայեն։ Այս ձեւով արդէն անոնք ստիպուած են ընդունելու փոքրիկին անհատականութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ ծէսին դերերէն մէկը նախապատրաստել է ծնողքը՝ իրենց զաւակէն հոգեկան բաժանման։
Ծէսերը առիթ կ՚ընծայեն մասնակիցներուն, որ կեանքի իրականութիւններուն հետ հաշտուին եւ հետեւաբար աւելի համերաշխօրէն ապրին։ Ծնողքին եւ իրենց զաւակին միջեւ գտնուող սահմանագիծը հաստատելը դիւրին բան մը չէ, երբ անոնք տարիներ շարունակ իրենցմէ տկար անհատի մը կեանքը ապահովելու պատասխանատու եղած են եւ անոնց կեանքի որոնումներուն միջամտելու վարժութիւն ունեցած են։ Ծնողքի եւ զաւակի միջեւ հոգեկան կապը, որ կը ստեղծուի թէ՛ անհրաժեշտութիւն մըն է, թէ՛ դժուարութիւններ յառաջացնող։ Ծնողքին ջանքերը իրենց զաւակին յաջող եւ ապահով ճամբու վրայ դնելու արդար փափաքը իրականացնելու համար կրնան անօգուտ միջամտութիւններու վերածուիլ. միջամտութիւններ, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ իբրեւ անվստահութիւն իրենց զաւակին կարողութիւններուն եւ նոյնիսկ նկարագրին նկատմամբ։ Այսպէս, բնական փափաքը կը վերածուի արգելքի՝ իրենց զաւակին կարողութիւններուն զարգացման։ Կարելի է երեւակայել, որ մեր նախնիները հասկցած էին մինչ օրս տարածուած այս հակումին բացասական հետեւանքները, ոչ միայն փոքրիկին համար այլ նաեւ հասարակութեան համար։ Ակռայ հատիկը եղած է հայերուն կողմէ ընդունուած պատասխանը այդ անմեղ շեղման։
Ծէսերը միայն ուրախ ու զուարթ առիթներ չեն։ Անոնք եղած են միջոցներ երեսելու այն, ինչ որ այլապէս դժուար է տեսնել եւ ընդունիլ։ Ամէն ծնող ցաւ կը զգայ իր բերած զաւակին հեռանալուն ժամանակ։ Այդ ցաւը չզգալու համար ծնող մը կրնայ անգիտակցաբար կաշկանդել զայն՝ արգելք հադիսանալով անոր անկախութեան եւ ինքնուրոյնութեան ձեւաւորման։ Ակռայ հատիկի ծէսը առիթ մըն է, որ ծնողքը, շրջապատին ներկայութեամբ, խոնարհաբար եւ գիտակցաբար ընդունին այս իրողութիւնը, որ թէ՛ տխուր է, թէ՛ ուրախալի։ Բացայայտօրէն ակռայ հատիկը այդ անխուսափելի ցաւին հետ հաշտուելու միջոց մըն է։ Այլապէս շուքի տակ մնացած այդ ցաւը կրնայ անյայտօրէն խանգարել մանուկին դաստիարակումն ու անհատական զարգացումը։
Իսկ ի՞նչ է հատիկին նշանակութիւնը։ Նկատելի է, որ հատիկը ծէսին անուանման մէջ ուղղակիօրէն նշուած է։ Ասիկա մտածել կու տայ, որ ան որոշ կարեւորութիւն մը ունի, եւ անիկա ի հարկէ միայն հիւրերուն փորը լեցնելու համար չէ։ Հին ժամանակ զանազան հատիկներու մշակումը եւ հունձքը ծանր աշխատանքով կ՚ըլլար։ Քանի որ այսօր այս ուտեստը հեշտութեամբ նպարատունէն կ՚առնուի, դժուար է հասկնալ այդ գործին ծանրութիւնը։ Հատիկին վրայ շեշտ դնելը կրնայ աշխատանքի կարեւորութեան յիշատակում մը ըլլալ։ Այսուհետեւ, դժուար չէ երեւակայել, որ հատիկները մանուկը կը ներկայացնեն, անոնց մշակումը, ծնողքին տուած խնամքը, քաղցր պատրաստութիւնն ալ այդ հոգատարութեան արդիւնքը՝ բոլորին անոյշ եւ գոհացուցիչ երեւոյթ մըն է։
Ակռայ հատիկի ծէսին իմաստը քննարկելով կարելի է աւելի յստակ գաղափար մը ունենալ, թէ ինչ է մշակոյթի մը պաշտօնը. մարդ արարածին կեանքին նպաստել։ Այս գիտակցութեամբ է, որ պէտք է մեր մշակոյթը վերականգնենք, ձեւակերպենք եւ ապրինք։ Միայն այս ձեւով է, որ հայն ու մարդը կը դադրին ըլլալ հակասութեան մէջ։ Այսպիսով երկուքն ալ համերաշխութեամբ կը կցուին։
Այս յօդուածը հայկական մշակոյթի առնչուող երկու բան ընդգծելու նպատակով գրուած է. նախ՝ որ մեր ազգային եւ մասնաւորապէս համայնքային գոյատեւումը պէտք է իրագործուի ի նպաստ անհատներու աճման ու բարգաւաճման օժանդակելու։ Երկրորդ՝ որ ասիկա կարելի է իրականութիւն դարձնել, գոնէ մասամբ, վերականգնելով մեր արժէքաւոր ծէսերը, գիտակից ըլլալով անոնց խոր իմաստին եւ գիտակցութեամբ կատարելով զանոնք։ Ակռայ հատիկի պէս աւանդոյթները եւ մշակութային կատարումները կարեւոր են, ոչ թէ իրենց հայկական ըլլալուն համար, այլ անոնց անհատին նպաստաւոր ըլլալուն համար։ Հետեւաբար, մեր հայ մնալը պէտք է անհրաժեշտօրէն կապուած ըլլայ մարդը զարգացնելու ջանքերուն հետ, այլապէս մեր համայնքային եւ ազգային կեանքը կ՚ըլլայ մեր մարդկային էութենէն անջատուած գործողութիւն մը։
Յատուկ շնորհակալութիւններ Հրայր Սահակեանին, որ բազմազան խօսակցութիւններու ընթացքին օգնած է այս նիւթին մասին մտածողութիւնս ձեւակերպելու։ Նաեւ շնորհակալ եմ Միրնա Սիւլիւքճեանին եւ Հրաչ Գասպարին, իրենց նրբանկատ առաջարկներուն եւ սրբագրութիւններուն համար։
Comments are closed.